Երբ վարի տողերով կը կարդանք «Աչըք» Ռատիօկայանի հաղորդման դէմ գործադրուած արգելքը, նման մեղադրանքով դատուած երկու լրագրողներ անպարտ հռչակուեցան։
Այսպէս «Պիյանեթ»ի աշխատակից Հալուք Քալաֆաթ եւ Էլիֆ Աքկիւլ կը մեղադրուէին 2020 թուականին իրենց պատրաստած «Հայոց ցեղասպանութեան մասին համաշխարհային մամուլի խորագիրները» անուն գիրքի ծանօթացման նիւթով։
Երկու լրագրողները կը դատուէին 2015, 2018 եւ 2019 թուականներուն հրապարակուած վեց լրատուութիւններու ընթացքին թուրք ազգը նախատելու վերաբերեալ Պատժական օրէնքի 301-րդ յօդուածի սահմաններով։
2 Յուլիսին կայացող դատական նիստին մեղադրեալ լրագրողները եւ իրենց իրաւապաշտպան Վէյսել Օք մերժեցին դատախազի պնդումները, յայտնելով թէ կատարուածը գիրքի մը ծանօթացումն է եւ խօսքի ազատութեան սահմաններուն մէջ կարելի չէ պատիժ տնօրինել։
Դատակազմը համաձայնեցաւ այս պաշտպանութեան եւ անպարտ հռչակեց երկու լրագրողները։