Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 26 Յունիս 2024, Չորեքշաբթի առաւօտ մէկնեցաւ Տիյարպաեքիր։ Նորին Ամենապատուութեան կ’ուղեկցէր գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան։
Ինչպէս ծանօթ է, Տիյարպեքիրի Ս. Կիրակոս Եկեղեցին տարիներ առաջ մեծ նորոգութեան ենթարկուած ու բարեզարդուած էր, իսկ Ս. Սարգիս Եկեղեցին եւ իր համալիրը, երկրաշարժի ալ հետեւանքով բոլորովին անշուք վիճակ մը կը պարզէր նիւթական եւ նման պատճառներով ալ իր վիճակին մէջ մնացած էր։
Ընդառաջելով Տիյարպեքիրի Ծխական Խորհուրդի խնդրանքին, Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը վերջերս որոշած էր հինգ միլիոն լիրա յատկացնել փլատակ վիճակի մէջի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ վերականգնման համար։ Սոյն Եկեղեցւոյ վերականգնման ու բարեզարդման աշխատանքներու ծրագիրը արդէն իսկ պատրաստ ըլլալով, որոշուած էր շուտով աշխատանքի անցնիլ։
Նորին Ամենապատուութիւնը Տիյարպեքիրի օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Վարդգէս Էրկիւն Այըքի գլխաւորութեամբ, Ծխական Խորհուրդի անդամներուն կողմէ։
Մեր Հոգեւոր Պետը եւ շքախումբը նախ այցելեց Ս. Կիրակոս Եկեղեցի եւ այստեղ կատարուեցաւ ուխտի աղօթք։
Ապա տրուեցան քաղաքավարական շարք մը այցելութիւններ տեղւոյն պետական պաշտօնեաներուն։
Ըստ նախապէս առնուած ժամադրութեան, Նորին Ամենապատութիւնն ու ընկերակիցները ժամը 13.00-ին այցելեցին Տիյարպաքըրի Աւագ Քաղաքապետարան եւ դիմաւորուեցան եւ ընդունուեցան Աւագ Քաղաքապետ Տօղան Հաթունի կողմէ։
Նորին Ամենապատուութիւնը քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին նախ շնորհաւորեց Աւագ Քաղաքապետը իր ընտրութեան առթիւ, ապա բացատրեց այցելութեան նպատակը եւ տեղեկութիւններ տուաւ կատարուած եւ կատարելի աշխատանքներուն մասին։
Այցելութիւն մըն ալ տրուեցաւ Տիյարպեքիրի Կուսակալութեան, ուր մեր Հոգեւոր Պետը դիմաւորուեցաւ Կուսակալի Փոխանորդ Ապտուլլահ Չիֆթչիի կողմէ։ Ան յայտնեց, որ Կուսակալը հանգստեան կոչուած ըլլալով ինք կը փոխարինէր եւ այդ հանգամանքով կը դիմաւորէր Հայոց Պատրիարքը։
Նորին Ամենապատուութիւնը յայտնեց, թէ իր Տիյարպեքիր այցելութեան ընթացքին փափաքած է քաղաքի պետական բարձրագոյն իշխանութեան քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ եւ բացատրեց այցելութեան նպատակը, տեղեկութիւններ տուաւ կատարուած եւ կատարելի աշխատանքներուն մասին։
Նորին Ամենապատութիւնն ու ընկերակիցները նոյն օր ժամը17.00-ին այցելեցին Տիյարպեքիրի Սուր քաղաքամասի զոյգ քաղաքապետներ՝ Ատնան Էօրհանին եւ Ֆաթմա Էօնքօլին։
Նորին Ամենապատուութիւնը քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին նախ շնորհաւորեց զոյգ քաղաքապետները իրենց ընտրութեան առթիւ, ապա բացատրեց այցելութեան նպատակը եւ տեղեկութիւններ տուաւ պարագաներու բերմամբ գրեթէ փլատակ մնացած Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ վերականգնման ու բարեզարդման համար կատարելի աշխատանքներուն մասին։
Տիգրանակերտի Ծխական Խորհուրդը նոյն գիշեր, ի պատիւ իր Ամենապատիւ Սրբազան Հիւրին, սիրոյ ընթրիք սարքեց Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ պարտէզը։
Պատրիարք Հայրը 27 Յունիս 2024, Հինգշաբթի առաւօտ այցելեց Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ վայրը։ Ներկայ էին Վարդգէս Էրկիւն Այըքի գլխաւորութեամբ, Ծխական Խորհուրդի անդամները։
Մասնակցեցան Տիյարպեքիրի Աւագ Քաղաքապետ Տօղան Հաթուն, Սուր Քաղաքամասի քաղաքապետ Ֆաթմա Էօնքօլ, Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան ներկայացուցիչը, մամլոյ աշխատակիցներ եւ տեղացի ժողովուրդը։
Մեր Հոգեւոր Պետը այստեղ աղօթք վերառաքեց Աստուծոյ, որպէսզի օրհնուի եկեղեցաշէն սոյն աշխատանքը։
Ապա իրենց սրտի խօսքով հանդէս եկան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, Ծխական Խորհուրդի Ատենապետը, Տիյարպեքիրի Աւագ Քաղաքապետը եւ Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարութեան ներկայացուցիչը։
Հանդիսութեան աւարտին Ծխական Խորհուրդի կողմէ սարքուեցաւ պտղասեղան։
Նորին Ամենապատուութիւնը ապա անցաւ Ս. Կիրակոս Եկեղեցի։
Պատրիարք Հայրը նոյն օր վերադարձաւ քաղաքս։