ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարութիւնը կը գուժէ հայերէնի մեծ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի դուստր՝ Անահիտ Չարենցի մահը։ Նախարարութեան հաղորդագրումին համաձայն Հոգեհանգստեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կոնդի Սուրբ Յովհաննէս Եկեղեցին 2 Յուլիս թուականին։
Նշենք, որ հայ գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Անահիտ Չարենցը Սթալինի մահէն ետք զբաղած է Չարենցի ձեռագրերու ուսումնասիրմամբ եւ վերծանմամբ, որոնք խոնաւութենէն դարձած են դժուար ընթեռնելի։
1978-ին հրատարակած է «Չարենցի ձեռագրերի աշխարհում» աշխատութիւնը, 1983 թ.՝ «Անտիպ եւ չհաւաքուած երկեր» գիրքը։ Եղիշէ Չարենցի տուն–թանգարանի հիմնադրման գործին մէջ իր քրոջ` Արփենիկի հետ մեծ ներդրում ունեցած է։
2022 թուականի Մարտ 13-ին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման գործին մէջ ներդրած աւանդի եւ երկարամեայ անխոնջ գործունէութեան համար Անահիտ Չարենցը պարգեւատրած է Երախտագիտութեան մետալով։