Վաւերագրական՝ փոխան հոգեհանգիստի

ՄԱՐԳԱՐ ՉԱԼԸՔԵԱՆ

Ուղիղ երե­սուն եւ մէկ տա­րիներ ան­ցած են այն սար­սա­փի օրէն, որ երկրի պատ­մութեան մէջ դրոշ­մո­ւած է «Մա­տըմա­քի ոճի­րը» կո­չու­մով։ Ար­դա­րեւ 2 Յու­լիս 1993 թո­ւակա­նին, Սե­բաս­տիա քա­ղաքին մէջ կրկին ան­գամ բե­մադ­րո­ւեցաւ ատե­լու­թեան բնոյ­թով ոճ­րա­գոր­ծութիւն մը, ուր խլեց 33 կեան­քեր, «Մա­տըմաք» հիւ­րա­նոցի հրկիզ­ման հե­տեւան­քով։

Այդ օր երկրի զա­նազան քա­ղաք­նե­րէն Սե­բաս­տիա եկած էին բազ­մա­թիւ ալե­ւիադա­ւան­ներ, յի­շատա­կելու հա­մար այս ժո­ղովուրդի մեծ տա­ղասաց Փիր Սուլթան Ապ­տա­լը։ Այս մի­ջոցա­ռումնե­րը հետզհե­տէ ու­նե­ցած էին աւան­դա­կան բնոյթ։ Ամէն տա­րի մար­դիկ կ՛այ­ցե­լէին մեծ գու­սա­նի ծննդա­վայր Պա­նազ գիւ­ղը, ապա քա­ղաքի մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ կը կա­յանար գե­ղարո­ւես­տա­կան ծրագ­րի իրա­կանա­ցու­մը։

Այդ տա­րի ալ ծրագ­րո­ւած էր նոյն օրա­կար­գի գոր­ծադրու­թիւնը, որուն մաս­նակցե­լու հա­մար քա­ղաք ժա­մանած էին զա­նազան արո­ւես­տա­գէտ­ներ, որոնց կար­գին աշուղներ, եր­գիչներ, ժո­ղովրդա­կան պա­րերու կա­տարող­ներ, բա­նաս­տեղծներ ու մտա­ւորա­կան­ներ։

Քա­ղաքի թեր­թե­րը նոյ­նիսկ մի­ջոցա­ռու­մէն օրեր առաջ սկսած էին գրգռիչ հա­ղոր­դումնե­րու, յատ­կա­պէս թի­րախա­ւորե­լով անո­ւանի եր­գի­ծաբան Ազիզ Նե­սինը։ Կը պնդէին թէ Նե­սին անար­գած է Մու­համմէտ մար­գա­րէն եւ Սե­բաս­տա­ցին չի հան­դուրժեր նման ոտնձգու­թեան։ Այս տե­սակի զրպար­տութիւննե­րը իրա­ւացի տո­ւեալ­նե­րու չեն կա­րոտիր։ Մէ­կը կ՛ըսէ եւ խու­ժա­նը կը տա­րածէ այդ լսա­ծը, յա­ճախ ինք ալ բա­ներ մը աւելցնե­լով լսա­ծին վրայ։

Այսպէս ուրբա­թօրեայ պաշ­տա­մունքէն ետք քա­ղաքի մզկիթ­նե­րուն մէջ մէկ­տե­ղուող­ներ նախ քար­կո­ծեցին մի­ջոցառ­ման կա­տարո­ւած մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նը, ապա ուղղո­ւեցան նախ կու­սա­կալու­թեան շէն­քը, կու­սա­կալին հրա­ժարու­մը պա­հան­ջող վան­կարկումնե­րով եւ վեր­ջա­պէս հա­սան տօ­նակա­տարու­թեան մաս­նակցող­նե­րու իջե­ւանած «Մա­տըմաք» հիւ­րա­նոցը։

Ժա­մերու տե­ւողու­թեամբ երբ խու­ժա­նը հա­սաւ բազ­մա­հազար­նե­րու, այդ պա­հուն սկսաւ հնչել նաեւ «այ­­րե­­­ցէք հիւ­­րա­­­նոցը» գո­­չումներ եւս։ Կար­­ծես նման հրա­­հան­­գի սպա­­սած ըլ­­լա­­­յին, յայտնո­­ւեցան մար­­դիկ, որոնք իրենց ձեր­­քի քա­­րիւ­­ղի թի­­թեղ­­նե­­­րը կը փու­­թացնէին հիւ­­րա­­­նոցի մօտ գտնուող­­նե­­­րուն։ Քիչ անց բո­­ցը պա­­տեց հիւ­­րա­­­նոցի մուտքը, ուր ամ­­բո­­­խը կ՛աղա­­ղակեր «Ալ­­լա­­­հուէք­­պեր» պոռչտու­­քով։

31 տա­­րիներ շա­­րու­­նակ այս պատ­­կերնե­­րը վեր­­յի­­­շելով հան­­դերձ, այս տա­­րի կ՛ապ­­րինք նոյն սար­­սա­­­փը, նման ուժգնու­­թեամբ։

Պատ­­ճա­­­ռը պարզ է, աւե­­լի քան չորս ժա­­մեր հե­­տեւած ենք վա­­ւերագ­­րա­­­կան ֆփլմե­­րու անո­­ւանի հե­­ղինակ Իւ­­միտ Քը­­ւան­­ճի պատ­­րաստած ֆիլ­­մը. «Շատ վատ բան մը պա­­տահե­­ցաւ»։

Մեր մօտ յա­­ճախ կը շփո­­թենք բա­­նաւոր պատ­­մութեան նկա­­րահա­­նումնե­­րը եւ վա­­ւերագ­­րա­­­կան ֆիլ­­մը։ Պատ­­մող գլուխնե­­րու իրե­­րայա­­ջորդ տո­­ղանցքը կա­­րելի չէ վա­­ւերագ­­րա­­­կան ֆիլմ անո­­ւանել, քա­­նի որ ֆիլ­­մա­­­րուես­­տը ու­­նի իր ու­­րոյն պատ­­մե­­­լաոճը, յա­­տուկ լե­­զուն։ Կի­­նօ-բե­­մադ­­րիչ Իւ­­միտ Քը­­ւանճ ահա այդ ծու­­ղա­­­կը յա­­ջողու­­թեամբ շրջան­­ցած է, շնոր­­հիւ իր ստեղ­­ծա­­­գործ տա­­ղան­­դին։

Իրա­­կանու­­թեան մէջ ֆիլ­­մը ինք յա­­տուկ պա­­տուէ­­րի մը գոր­­ծադրումն է։ Եւ­­րո­­­պայի ալե­­ւիադա­­ւան­­նե­­­րու միաւո­­րու­­մը իր մօտ հա­­ւաքո­­ւած փաս­­տաթղթե­­րը եւ վկա­­յու­­թիւննե­­րը փո­­խան­­ցած է Քը­­ւան­­ճին, հա­­մապար­­փակ պա­­տում մը գո­­յաց­­նե­­­լու հա­­մար։

Յա­­ջողած է ծրա­­գիրը, շնոր­­հիւ Իւ­­միտ Քը­­ւան­­ճի ար­­հեստա­­վարժ ձիր­­քին եւ ձեռ­­նե­­­րէց աշ­­խա­­­տան­­քին։

Մենք ֆիլ­­մը դի­­տեցինք հա­­մակարգչի վրայ, որ­­պէսզի շա­­բաթա­­վեր­­ջի «Ռա­­տիօ Ակօս» հա­­ղոր­­դումին կա­­րենանք զրու­­ցել ֆիլ­­մի հե­­ղինա­­կին հետ։ Սա­­կայն նոյն օրը, այ­­սինքն 29 Յու­­նիս շա­­բաթ յետ­­մի­­­ջօրէին ֆիլ­­մի յա­­տուկ ցու­­ցադրու­­թիւնը կա­­յացաւ Ճե­­մալ Ռե­­շիտ Ռէյ հա­­մեր­­գասրա­­հին մէջ, հոծ բազ­­մութեան մը ներ­­կա­­­յու­­թեամբ։

Ինչպէս վե­­րեւ ալ նշած ենք դէհ­­քի յա­­ջոր­­դող տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին ար­­դէն ման­­րա­­­մաս­­նօ­­­րէն իմա­­ցած էինք պա­­տահած­­նե­­­րը։ Սա­­կայն Իւ­­միտ Քը­­ւան­­ճի ֆիլ­­մը մին­­չայդ ընդհա­­նուր 33 թո­­ւան­­շա­­­նով յի­­շուած ան­­ձե­­­րը ներ­­կա­­­յացուց իրենց ան­­հա­­­տակա­­նու­­թեան մէջ։ Եւ ոչ միայն այդքա­­նը, այլ նաեւ ֆիլ­­մի տե­­ւողու­­թեամբ տո­­ղան­­ցե­­­ցին անոնց որ­­դե­­­կորոյս ծնող­­նե­­­րը կամ որ­­բա­­­ցած երա­­խանե­­րը։ Իւ­­րա­­­քան­­չիւրը ապա­­գայի հան­­դէպ իր յոյ­­սե­­­րով ու ակնկա­­լու­­թիւննե­­րով լե­­ցուն երի­­տասարդ կեան­­քեր խեղ­­դա­­­մահ եղան ծու­­խի գո­­լոր­­շիի մէջ։ Դա­­տական գոր­­ծընթաց­­քը ինչպէս նման բնոյ­­թի բո­­լոր ոճիր­­նե­­­րուն, այս ան­­գամ ալ ձգձգո­­ւեցաւ եւ բա­­ցի քա­­նի մը դժբաղդնե­­րէ ոճ­­րա­­­գործնե­­րէն շա­­տեր կրկին ան­­գամ օգ­­տո­­­ւեցան ան­­պատժե­­լիու­­թեան նող­­կա­­­լի աւան­­դոյթէն։

Ափ­­սոս որ հա­­յաշ­­խարհը զուրկ է Թուրքիոյ մա­­սին իրա­­ւացի պատ­­կե­­­րացու­­մէն։ Շա­­տեր մատ­­նո­­­ւած են այն սխալ կար­­ծի­­­քին թէ Թուրքիա իբ­­րեւ ազ­­գա­­­յին պե­­տու­­թիւն ամ­­բողջո­­վին բնակ­­եցո­­ւած է թուրքե­­րու եւ իս­­լա­­­մադա­­ւան­­նե­­­րու կող­­մէ։ Չու­­նինք պատ­­կե­­­րացում այս երկրի տար­­բեր ինքնու­­թիւննե­­րու մա­­սին։ Ինքնու­­թիւններ՝ որոնք յա­­րատեւ հա­­լածանք կ՚ապ­­րին իրենց հա­­րազատ ու սե­­փական երկրին վրայ, զո­­հը դառ­­նա­­­լով ազ­­գա­­­յին, կրօ­­նական, դա­­ւանան­­քա­­­յին կամ սե­­ռային բնոյ­­թի խտրա­­կանու­­թիւննե­­րու։

Իւ­­միտ Քը­­ւան­­ճի ֆիլ­­մի տո­­ղատա­­կերը ու­­շադրու­­թեամբ նկա­­տող­­նե­­­րը ակա­­մայ կը մատ­­նո­­­ւին այս իրո­­ղու­­թեան ցնցիչ պատ­­կե­­­րին հետ։

Մե­­զի կը մնայ ան­­գամ մը եւս ցա­­ւակ­­ցիլ ազ­­գա­­­յին խտրա­­կանու­­թեան զո­­հերուն եւ անոնց հա­­րազատ­­նե­­­րուն, շնոր­­հա­­­ւորե­­լով նաեւ մեր բա­­րեկամ Իւ­­միտ Քը­­ւան­ճը իր այս վեր­ջին ստեղ­ծա­գոր­ծութեան հա­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ