ՔՈՒՐԹՈՒԼՈՒՇ ՊԱՇԹԸՄԱՐ
Սիրելի ընթերցող, նախ ներողութիւն կը խնդեմ գիրքերու ծանօթացման բնոյթով յօդուածներուս որոշ ուշացումին պատճառաւ։ Խոստացած եմ այս յօդուածաշարքը անսայթաք շարունակել, սակայն երբեմն կը պատահին կամքէ անկախ սայթաքումներ։
Այս շաբաթ ձեզի կը ներկայացնեմ մեքսիքական գրականութեան կարեւորագոյն անուններէն Ալպերթոյ Ռայ Սանչէսը։
Այս հեղինակի այլ գործերը եւս թարգմանուած են թրքերէնի։ Բայց անոնց մէջ ես ընտրեցի «Ջրի Շրթներուն»ը, որուն մասին մեկնաբանութիւններու հանդիպած էի նախքան, որ կարդամ բնագիրը։ Ալպերթոյի գիրքը մեզ կ՚առաջարկէ ճամբորդութեան մը, որուն ելակէտն է Մոկատորը։ Հեղինակը կարծես մեր ձեռքէն բռնած, կ՚առաջնորդէ սուրբի մը ձեռագիրերը որոնելու ճամբորդութեան։ Ընթերցողը էջերու հոլովոյթով կը գուշակէ թէ այս ճամբորդութիւնը որքան ալ սուրբի ձեռագիրը որոնելու նպատակ դրած է հետզհետէ կը վերածուի մեքսիկացի գրողին իր էութիւնը գտնելու ջանքին։
Ալպերթոյ Ռայ Սանչէս իր բանաստեղծական գրելաոճով ընթերցողին վրայ կը թողու իրականի ու երազայինի միջեւ ճօճուելու զգեցումը։
Ինքնաորոնման այս փորձը կը փոխանցուի նաեւ ընթերցողին։ Ակամայ կը մտածենք թէ իւրաքանչիւրս կ՚ապրինք մէկ ուրիշին մէջ, կը գոյանանք մէկ ուրիշի կերպարով եւ վերջապէս իրարու դրախտը կամ դժոխքը կը դառնանք։
Ինծի այնպէս թուեցաւ թէ Միջին Արեւելքի եւ Միջին Ամերիկայի անհատներու միջեւ կամուրջ մը գոյացած է այս պատումի տողերուն ընդմէջ։ Ուշագրաւ կը դառնայ սիրոյ մասին շեշտադրումները, որոնք նոյնիսկ կրկնութեան բնոյթ ունին։ Սէրը այն է, որը եթէ դուրս բերենք մեր կեանքէն հսկայ պարապութեան մը մէջ կը գտնենք մենքզմեզ։
Եթէ այս գիրքին մէջ անհանդուրժելի կէտ մը կայ, այն է որ որոշ հաստատումներ յաճախ կրկնութեան կը մատնուին։
«Ջուրի Շրթներուն» անուն այս գիրքի մէջ հերոսները երբեք յստակ չեն։ Աւելին երբ կը փորձենք անոնք յստակացնել, այնքան պղտոր են որ յանկարծ կը կորչին մշուշներու մէջ։
Վերջապէս երջանիկ կինը բոլորովին հեղուկ է եւ դուն աչքերդ փակած կը մտնես այդ հեղուկին մէջ։ Բայց զգոյշ՛ պէտք է լաւ իմանաս ջուրին մէջ շնչառելու արուեստը։