Ներկայացում՝ Հայաստանի հիւրախաղերու ընդառաջ

«Յան­կարծ» թա­տերա­խումբը կը պատ­րաստո­ւի Հա­յաս­տա­նեան հիւ­րա­խաղե­րու։ «Ակօս »ի նա­խորդ թի­ւերուն մէջ ար­դէն ար­ձա­գան­գած էինք «Յան­կարծ» թա­տերա­խումբի բե­մադ­րած «Իմ սի­րտը լեռ­նա­գաւառն է» անուն թատերախաղին։

Ու­լիեամ Սա­րոյեանի հե­ղինա­կած գոր­ծը նա­խորդ տա­րի բազ­միցս բե­մադ­րուած էր թրքե­րէն լե­զուով եւ ար­ժա­նացած որոշ գնա­հատան­քի։ Այդ ծի­րէն ներս թա­տերա­խումբի գլխա­ւոր դե­րակա­տարը նո­ւաճած էր նաեւ լա­ւագոյն խա­ղար­կութեան մրցա­նակ։

Հա­յերէն բե­մադ­րութեան հա­մար հիմք հան­դի­սացաւ Ռո­պէր Հատ­տէ­ճեանի թարգմա­նու­թիւնը։

Խումբը բեմ պի­տի ել­լէ թէ քա­ղաքա­մայր Երե­ւանի եւ թէ Վա­նաձո­րի մէջ։

Այժմէն յա­ջողու­թիւն կը մաղ­թենք մեր սի­րելի ըն­կերնե­րուն։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ