ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
«Երբ կ՚ունենաք ձեր տունը, տան զարդարանքը պիպլոներու փոխարէն գրադարանը թող ըլլայ»։
Այսպէս կը յիշէր մեր ընկերուհիներէն մէկը իր Էսաեան Վարժարանի հայերէնի եւ բարոյագիտութեան ուսուցչուհի Մառլէն Ճիւնպիւշեանը։
Երբ ընկերներով մէկտեղուած էինք Պոյաճըգիւղի եկեղեցւոյ բակը, ուրիշներ եւս բերին վկայութիւններ, հաստատելու համար իրենց երբեմնի ուսուցչուհիի ազնիւ վարքը, իր աշակերտներուն հանդէպ։
Մառլէն Ճիւմպիւշեան բացի դպրոցական միջավայրի մէջ գոյացուցած ջերմ յիշատակներէն, կ՚ոգեկոչուի նաեւ պոլսահայ գրական միջավայրի որոշ մէկ շերտին մէջ իր տիպար կեցուածքով։
Արդարեւ ան կողակիցն էր պոլսահայ բանաստեղծութեան հսկաներէն Արթօ Ճիւմպիւշեանի, կամ գրչանունով՝ Զարեհ Խրախունիի։
Զահրատ, Շիկահեր, Խրախունի, Սարըասլան եւ Հատտէճեան հասարակած եզրը նախ Մխիթարեանի երդիքին տակ, ապա «Մարմարա»ի էջերուն ձեւաւորած խմբակ մըն էին, որ իրենց դրոշմը թողուցին ժամանակակից պոլսահայ գրականութեան վրայ։ Զիրենք ամբողջացնող բնական տարրն էին Անահիսը, Մառլէնը, Մարին, Սիւզանը։
Այդ միջավայրի մէջ Մառլէն կը պահէ աւանդապաշտ կնոջ կերպար մը, յատկապէս իր հիւրամեծարման սկզբունքներով։
Մառլէնէ ետք ո՞ր հայ տան տիկինն է որ սուրճի հետ պիտի մատուցէ իր պատրաստած թուզի անուշը, արծաթեայ պնակի եւ նոյնպէս փոքրիկ երկճիւղ պատառաքաղի հետ բաժակ մը պաղ ջուրի ընկերակցութեամբ։
Յիշատակը քաղցր է, հողն ալ թեթեւ ըլլայ իր չարչարուած մարմնի վրայ։