Ուխտագնացութիւն դէպի Կրետէ Կղզի

Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հայ­­րը, որ հո­­վուա­­պետա­­կան այ­­ցե­­­լու­­թեամբ կը գտնո­­ւի Յու­­նաստա­­նի Կրե­­տէ Կղզին, 20 Յու­­նիս 2024, Հինգշաբ­­թի, այ­­ցե­­­լեց Ար­­քա­­­տիի յու­­նա­­­կան վան­­քը։

Մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը, ըն­­կե­­­րակ­­ցութեամբ Կրե­­տէի Հա­­յոց Հո­­գեւոր Տե­­սուչ Գերշ. Տ. Եզ­­նիկ Ար­­քեպս. Պետ­­րո­­­սեանի, գա­­ւազա­­նակիր Հոգշ. Տ. Գաս­­պար Աբղ. Կա­­րապե­­տեանի եւ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ու­­զունեանի, այ­­ցե­­­լեց վանք, որու մուտքին դի­­մաւո­­րուե­­ցաւ Ռե­­թիմ­­նո­­­յի Գերշ. Տ. Փրոտ­­րո­­­մոս Մետ­­րո­­­պոլի­­տի եւ վա­­նական միաբան­­նե­­­րու կող­­մէ։

Այստեղ կա­­տարո­­ւեցաւ ուխտի աղօթք։ Բա­­րի գալստեան խօս­­քէ ետք, միաբան­­նե­­­րէն մէ­­կը Ամե­­նապա­­տիւ Սրբա­­զան Հիւ­­րին ու ըն­­կե­­­րակից­­նե­­­րուն տե­­ղեկու­­թիւններ տո­­ւաւ Վան­­քի մա­­սին։ Ապա Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը այ­­ցե­­­լեց նաեւ վան­­քի թան­­գա­­­րանը։

Ըն­­դունե­­լու­­թեան սրա­­հի մէջ տե­­ղի ու­­նե­­­ցած նո­­ւէր­­նե­­­րու փո­­խանա­­կու­­մէն ետք, վան­­քի սե­­ղանա­­տան մէջ սար­­քո­­­ւեցաւ սի­­րոյ սե­­ղան, ի պա­­տիւ Պոլ­­սոյ Հա­­յոց Ամեն. Ս. Պատ­­րիարք Հօր։

Ճա­­շէն ետք Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնն ու ըն­­կե­­­րակից­­նե­­­րը վե­­րադար­­ձան հիւ­­րա­­­նոց։

Ուխտի այց դէ­­պի Այիա Թրիատա Վանք

Սրբազան Պատ­­րիարք Հայ­­րը, Կրե­­տի ուխտագնացութեան ծիրէն ներս, 21 Յու­­նիս, Ուրբաթ օր ալ այ­­ցե­­­լեց պատ­­մա­­­կան Ս. Երրրոր­­դութիւն յու­­նա­­­կան վան­­քը։

Մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը եւ իրեն ըն­­կե­­­րակ­­ցող հայ հոգեւորականաց խումբը Վանքի մուտքին դիմաւորուեցան Յա­­նիայի Գերշ. Տ. Դա­­մաս­­կի­­­նոս Մետ­­րո­­­պոլի­­տի եւ վա­­նական միաբան­­նե­­­րու կող­­մէ։

Յանիա Կրետէ Կղզիի երկրորդ մեծ քաղաքն է, որ միշտ կը մրցի մայրաքաղաք Հերաքլիոնի հետ։

Այստեղ կա­­տարո­­ւեցաւ ուխտի աղօթք։ Բա­­րի գալստեան խօս­­քէ ետք, միաբան­­նե­­­րէն մէ­­կը Ամե­­նապա­­տիւ Սրբա­­զան Հիւ­­րին ու ըն­­կե­­­րակից­­նե­­­րուն տե­­ղեկու­­թիւններ տո­­ւաւ վան­­քի մա­­սին։ Ապա Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը այ­­ցե­­­լեց նաեւ վան­­քի թան­­գա­­­րանը, ուր կը ցու­­ցադրո­­ւէին եկե­­ղեցա­­կան հին, զգեստներ, ձե­­ռագիր ու հնա­­տիպ մա­­տեան­­ներ, սրբան­­կարներ եւ այլ գոյ­­քեր։

Ըն­­դունե­­լու­­թեան դահ­­լի­­­ճի մէջ տե­­ղի ու­­նե­­­ցած զրոյ­­ցէ եւ նո­­ւէր­­նե­­­րու փո­­խանա­­կու­­մէ ետք Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնն ու ըն­­կե­­­րակից­­նե­­­րը վե­­րադար­­ձան հիւ­րա­նոց։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ