Անուանի արուեստագէտ Սարգիս կրկին կ՚այցելէ քաղաքս 23,5 Հրանդ Տինք Յիշողութեան Վայրի մէջ կայանալիք զրոյցի մը մասնակցելու համար։
Այս հանդիպման ընթացքին Սարգիս նիւթ պիտի ունենայ վիթրայի մը պատմութիւնը։
Ան այստեղ զուգահեռներ պիտի կազմէ վերածնունդի հսկաներէն Մանթյէինի եւ Կրուիւնուոլտի գործերուն եւ անուանի կինօբեմադրիչ Փիյէր Փաուլօ Թասոլինիի մէկ ֆիլմին հետ։
3 Յուլիս չորեքշաբթի օր ժամը 17.00-ին կայանալիք այս միջոցառման մասնակցողներու թիւը սահմանուած է 40 անձերով։ Իսկ Զումով պիտի հետեւին 100 անձեր, նախապէս գրանցուելու պայմանաւ։