Հրաժեշտ Արամ Գամպուրեանին

ՍՕՍԻ ԱՆԹԻՔԱՃԸՕՂԼՈՒ

Թէեւ նա­­խապէս ալ կը ճանչնա­­յի զինք, բայց կրնամ ըսել թէ իր հետ բա­­րեկա­­մու­­թիւնս սկսած է 2004-ին։ Ու­­սուցչաց Հիմ­­նարկի մէջ հան­­դի­­­պած եմ իրեն։ Միշտ ժպտա­­դէմ էր, բայց նաեւ կը պա­­հէր որոշ զսպո­­ւածու­­թիւն։ Այդ պատ­­ճա­­­ռաւ ալ մեր յա­­րաբե­­րու­­թիւնը եր­­կար տա­­րիներ շա­­րու­­նա­­­կուե­­ցաւ պաշ­­տօ­­­նական ոճի մէջ որ­­պի­­­սու­­թիւն հարցնե­­լով։

Հօրս՝ Արա Ակի­­նեանի հե­­ղինա­­կած եւ Պէզ­­ճեան Ամի­­րայի կեան­­քը պատ­­մող «Յաղ­­թա­­­նակի Ճամ­­բան» անուն վէ­­պը եր­­կար տա­­րիներ ետք 2004-ին կրկին տպագ­­րո­­­ւած էր։ Հայրս կ՚աշ­­խա­­­տակ­­ցէր «Ժա­­մանակ» օրա­­թեր­­թի եւ այս վէ­­պը 1950-ական­­նե­­­րուն թեր­­թօ­­­նի ձե­­ւով հրա­­տարա­­կուե­­ցաւ «Ժա­­մանակ»ի մէջ։ Ապա 1960-ական­­նե­­­րուն ան հա­­տորի մը ձե­­ւաչա­­փով հրա­­պարա­­կուե­­ցաւ Պէյ­­րութի եւ Իս­­թանպու­­լի մէջ։ Վեր­­ջա­­­պէս «Արաս» հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նը որո­­շեց գիր­­քը վերհրա­­տարա­­կել, որ ար­­ժա­­­նացաւ բա­­ւական լայն ար­­ձա­­­գան­­գի։

Այդ ար­­ձա­­­գանգնե­­րէն քա­­ջալե­­րուած կը մտա­­ծէի թէ հօրս ան­­ցեալին դար­­ձեալ ժա­­մանա­­կի մէջ թեր­­թօ­­­նի ձե­­ւով հրա­­տարա­­կուած եր­­կու պատ­­մա­­­վէպե­­րուն ալ վերհրա­­տարա­­կու­­մը որ­­քան շա­­հեկան պի­­տի ըլ­­լար։ Ափ­­սոս որ հայրս թե­­րացած էր բնա­­գիրը պա­­հելու։ Նոյնպէս «Ժա­­մանակ»ի ար­­խիւն ալ ան­­հա­­­սանե­­լի էր։ Թէ Պո­­ղազի­­չի Հա­­մալ­­սա­­­րանի դա­­սախօ­­սու­­թիւննե­­րը եւ թէ հա­­մայնքա­­յին վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րէ ներս տա­­րած կա­­մաւոր աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րը բա­­ւակա­­նին ծանր զբա­­ղուա­­ծու­­թիւն մը կը բեռցնէին իմ առօ­­րեային։ Այդ պայ­­մաննե­­րու մէջ որո­­շեցի այս փնտռտու­­քը յե­­տաձ­­գել։

«Յաղ­­թա­­­նակի Ճամ­­բան» գիր­­քի հրա­­տարա­­կու­­թե­­­նէն կարճ ժա­­մանակ ետք դար­­ձեալ Ու­­սուցչաց Հիմ­­նարկ հան­­դի­­­պած էի, քա­­նի որ հիմ­­նարկը զիս հրա­­ւիրած էր կրթա­­թոշակ­­նե­­­րու յանձնա­­խումբին մաս կազ­­մե­­­լու։ Նախ­­քան ժո­­ղովաս­­րահ անցնիմ դու­­րը թա­­կեցի վար­­չութեան սե­­նեակին, պար­­զա­­­պէս բա­­րեւ մը տա­­լու հա­­մար։ Պա­­րոն Արամն ալ հոն էր եւ մեր սո­­վորա­­կան դար­­ձած պաշ­­տօ­­­նական քա­­նի մը նա­­խադա­­սու­­թե­­­նէ վերջ ըսաւ որ այս օրե­­րուն հօրս գրած վէ­­պը կը կար­­դայ։ Հօրս գրա­­կանու­­թեան մա­­սին գնա­­հատա­­կան խօս­­քեր լսե­­լը միշտ կ՚ու­­րա­­­խաց­­նէ զիս։ Այժմ նման գո­­վասան­­քը Գամ­­պուրեանի նման մտա­­ւորա­­կանէ լսե­­լը ալ աւե­­լի ու­­րա­­­խաց­­նող էր։ Ան շա­­րու­­նա­­­կեց ըսե­­լով որ «Ժա­­մանա­­կին» պա­­հած է թեր­­թի կտրօն­­նե­­­րը եւ անոնք է որ կ՚ըն­­թերցէ։ Այս ան­­գամ ես մի­­ջամ­­տե­­­ցի, ըսե­­լով որ գիր­­քը վերհրա­­տարա­­կուած է եւ ես սի­­րով օրի­­նակ մը կը նո­­ւիրեմ իրեն։

Առար­­կեց պա­­րոն Գամ­­պուրեան. «Ո՛չ, ես այդ գիր­­քի մա­­սին չէ որ կը խօ­­սիմ, այլ Խրի­­մեան Հայ­­րի­­­կի մա­­սին գրա­­ծին»։ Զար­­մա­­­ցած էի՝ ու­­րա­­­խու­­թիւնս բա­­ռերով չէի կրնար բա­­ցատ­­րել։ Պաշ­­տօ­­­նակա­­նու­­թիւնը մէկ կողմ թո­­ղած եւ պա­­րոն Արա­­մի վզին փաթ­­թո­­­ւած էի։ Քա­­նի մը օր անց դեղ­­նած թեր­­թի կտրօն­­նե­­­րը ին­­ծի յանձնեց։ Իւ­­րա­­­քան­­չիւր կտրօ­­նի վրայ խնամ­­քով նշած էր նաեւ օրո­­ւայ թո­­ւակա­­նը։

Ինչպէս նա­­խոր­­դը, այս երկրոր­­դին ալ թարգմա­­նու­­թիւնը ստանձնեց Թով­­մաս Թեր­­զիեան, որ մեր եր­­կուքին ալ բա­­րեկամն էր։ Այդ թո­­ւակա­­նէն ետք մեր հան­­դի­­­պումնե­­րը յա­­ճախա­­կի դար­­ձան։

Այս բա­­րեկա­­մու­­թիւնը ին­­ծի հա­­մար ու­­սուցո­­ղական էր նաեւ, քա­­նի որ մեր իւ­­րա­­­քան­­չիւր հան­­դիպման պա­­հուն նա­­խապէս պատ­­րաստած քա­­նի մը հար­­ցում կ՚ու­­նե­­­նայի, որոնք ինք կը պա­­տաս­­խա­­­նէր իր ան­­հուն գի­­տելի­­քով ու խոր փոր­­ձա­­­ռու­­թեամբ։

Կը յի­­շեմ Զա­­պէլ Եսա­­յեանի մե­­նագ­­րութեան վրայ աշ­­խա­­­տած շրջա­­նիս հան­­դի­­­պած Կայ տէ Լու­­սի­­­նեան անու­­նը, որ հե­­ղինակն էր հա­­յերէն, ֆրան­­սե­­­րէն բա­­ռարա­­նի մը։ Ան նաեւ ու­­րիշ աղ­­բիւրնե­­րու մէջ կը յայտնո­­ւէր Ամպրո­­ւա Գալ­­ֆա­­­յեան անու­­նով։ Երբ հար­­ցուցի իր մա­­սին, Գամ­­պուրեան դար­­ձեալ իր ար­­խի­­­ւէն հա­­նեց 23 Օգոս­­տոս 1967 ըլ­­լա­­­լով նօ­­թագ­­րո­­­ւած «Մար­­մա­­­րա» թեր­­թէն կտրո­­ւած կտրօն մը։ Այդ յօ­­դուա­­ծը կը պա­­տաս­­խա­­­նէր իմ բո­­լոր հար­­ցումնե­­րուս։

Գամ­­պուրեանի հա­­մես­­տութիւ­­նը ծա­­նօթ է բո­­լորին։ Միայն իր ար­­ժա­­­նիքին գի­­տակից մար­­դիկ են որ կը տես­­նէին ու կը գնա­­հատէին անոր վաս­­տա­­­կը։ Լի­­բանա­­նաբ­­նակ նախ­­կին պոլ­­սա­­­հայ Կա­­րօ Աբ­­րա­­­համեան անոնցմէ մէ­­կը եղած է։

Գամ­­պուրեանի հի­­ւան­­դութեան շրջա­­նին յա­­ճախ խօ­­սած եմ Կա­­րոյին հետ։ Իր­­մէ լսե­­ցի թէ ճա­­նապար­­հագրու­­թիւննե­­րէն մէ­­կուն, երբ կը պատ­­մէ Քոր­­ֆույի մա­­սին, նիւթ կ՚ու­­նե­­­նայ նաեւ Ավստու­­րիա-Հունկա­­րիոյ կայսրու­­հի Սի­­սիի ամառ­­նա­­­յին պա­­լատը։

Գամ­­պուրեան նա­­խապէս լսած է թէ այդ պա­­լատը որոշ ժա­­մանակ պատսպա­­րած է հայ որ­­բեր եւս։ Եկուր տես որ այս լսու­­մը հեր­­քո­­­ւած է տեղ­­ւոյն պաշ­­տօ­­­նէու­­թեան կող­­մէ։ Այս մա­­սին կար­­դա­­­լով Կա­­րօ Աբ­­րա­­­համեան կը հաս­­տա­­­տէ Գամ­­պուրեանի այդ լսու­­մը, իբ­­րեւ փաստ ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լով Թէոդի­­կի 1924-ի տա­­րեգիր­­քը, ուր նկա­­րազարդ յօ­­դուա­­ծի մը մէջ կը պատ­­մո­­­ւի Սի­­սիի պա­­լատը ամե­­րիկա­­ցի մի­­սիոնար­­նե­­­րու ձեռ­­քով հայ երա­­խանե­­րու հա­­մար որ­­բա­­­նոցի վե­­րածո­­ւիլը։ Գամ­­պուրեան այս լսե­­լով, թէ շնոր­­հա­­­կալա­­կան նա­­մակ մը կը գրէ Աբ­­րա­­­համեանին եւ թէ ճշդու­­մը կը հրա­­պարա­­կէ «Մար­­մա­­­րա»ի էջե­­րուն մէջ։

Գամ­­պուրեան յա­­ջող շի­­նու­­թեան ճար­­տա­­­րագէտ մըն էր։ Էսաեանի մէջ սի­­րուած ու­­սուցիչ մը, որ երկրա­­չափու­­թիւն կը դա­­սաւան­­դէր։ Սի­­րուած գրող մը եւ ու­­սուցիչ մը նաեւ։ Մեծ նո­­ւիրու­­մով եր­­կար տա­­րիներ աշ­­խա­­­տեցաւ Ու­­սուցչաց Հիմ­­նարկի մէջ։ Ես այս յօ­­դուա­­ծով զանց կ՚առ­­նեմ Գամ­­պուրեանի այս յատ­­կա­­­նիշ­­նե­­­րը՞ քա­­նի որ անոնց մա­­սին յետ­­մա­­­հու բա­­ւական գրո­­ւած է։ Ես կ՚ու­­զեմ շեշ­­տել անոր առա­­տաձեռն զօ­­րակ­­ցութիւ­­նը, բա­­ցառիկ բա­­րեացա­­կամու­­թիւնը եւ գի­­տելիք­­նե­­­րու մեծ պա­­շարը։ Պոլ­­սա­­­հայ հա­­սարա­­կու­­թեան մէջ հա­­յերէ­­նին իր մա­­կար­­դա­­­կով տի­­րապե­­տող­­նե­­­րու թիւ­­նը շատ քիչ է այ­­լեւս։ Հե­­տեւա­­բար իր ետին մեծ պա­­րապու­­թիւն մը թո­­ղելով կը հե­­ռանայ այս աշ­­խարհէն։ Մեր առ­­ջեւ ծա­­ռացած խնդիր է անոր թո­­ղած հա­­րուստ ար­­խի­­­ւի պահ­­պա­­­նումն ու շա­­հագոր­­ծումը։ Ես ու 50 տա­­րի առաջ մա­­հացած հայրս պար­­տա­­­կան ենք այդ ար­­խի­­­ւին։ Ո՞վ գի­­տէ ին­­ծի ան­­ծա­­­նօթ քա­­նի-քա­­նիներ եւս օգ­­տո­­­ւած են այդ ար­­խի­­­ւէն։ Կը յու­­սամ թէ Արամ Գամ­­պուրեանի ար­­խի­­­ւը իր ամ­­բողջու­­թիւնով կը պահ­­պա­­­նուի եւ դիւ­­րին հա­­սանե­­լի կ՚ըլ­­լայ ապա­­գայի գի­­տաշ­­խա­­­տող­­նե­­­րու հա­­մար ալ։ Հա­­զիւ այս ապա­­հովե­­լով է, որ հո­­ղը թե­­թեւ պի­­տի ըլ­­լայ Գամ­­պուրեանի վրայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ