Ապարդիւն հանգաւ հերթական դաւադրութիւնը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Հայաս­­տան եր­­կի­­­րը ան­­գամ մը եւս թօ­­թափեց բո­­վան­­դակ հա­­յաշ­­խարհը ցնցող դա­­ւադ­­րա­­­կան հետզհե­­տէ հեր­­թա­­­կան դար­­ձած փորձ մը։

Որ­­պէս սկզբունք միշտ խու­­սա­­­փած ենք Հա­­յաս­­տա­­­նի ներ­­քին քա­­ղաքա­­կան ան­­ցուդարձնե­­րու մա­­սին մեծ­­խօ­­­սիկու­­թիւն ընե­­լէ։ Յար­­գած ենք Հա­­յաս­­տա­­­նաբ­­նակ ժո­­ղովուրդի սե­­փական երկրի մա­­սին դիր­­քո­­­րոշու­­մը։ Սա­­կայն այժմ կա­­տարո­­ւած­­նե­­­րը առնչո­­ւած են բո­­վան­­դակ հա­­յու­­թեան ներ­­կա­­­յին ու ապա­­գային հետ։

Ըլ­­լայ հայ­­րե­­­նի երկրէ ներս, ըլ­­լայ սփիւռքի տա­­րած­­քին միշտ եղած են անձնա­­կան չնչին ակնկա­­լու­­թիւննե­­րու փո­­խարէն իր վար­­քը ճշդող ան­­հատներ։ Մարդ արա­­րածի տկար կողմն է այս, որուն կա­­րելի է հան­­դի­­­պիլ բո­­լոր եր­­կիրնե­­րէ կամ ազ­­գութիւննե­­րէ ներս։

Բագ­­րատ Արք. Գալստա­­նեանի գլխա­­ւորած շար­­ժումը որ­­քան ալ բե­­մի ետին ու­­նե­­­նայ տար­­բեր դե­­րակա­­տար­­ներ, հիմ­­նա­­­կանին լուրջ վնաս մը պատ­­ճա­­­ռած է հա­­յու ինքնու­­թեան կա­­րեւոր բա­­ղադ­­րիչնե­­րուն հան­­դէպ։

Գաղտնիք չէ որ Գալստա­­նեան այդ շար­­ժումի մէջ ներ­­կա­­­յացաւ Հայ Առա­­քելա­­կան Եկե­­ղեց­­ւոյ անու­­նով։ Իր գլխա­­ւոր աջա­­կիցը եղաւ կղե­­րը։

Ինքնա­­բերա­­բար պե­­տական շրջա­­նակ­­նե­­­րու հա­­կազ­­դե­­­ցու­­թիւնը ուղղո­­ւեցաւ նաեւ Մայր Աթո­­ռի գա­­հակա­­լին կամ աւե­­լի յստակ կո­­չու­­մով Ամե­­նայն Հա­­յոց Վե­­հափառ Կա­­թողի­­կոս Գա­­րեգին Բ. Սրբա­­զանին։

Շու­­տով տե­­սանք այս վեր­­ջի­­­նի զօ­­րակ­­ցութեան մար­­մա­­­ջով նո­­ւիրա­­պետա­­կան այլ երեք աթոռ­­նե­­­րու, Մե­­ծի Տանն Կի­­լիկոյ Կա­­թողի­­կոսու­­թեան, Երու­­սա­­­ղէմի ու Իս­­թանպու­­լի Պատ­­րիար­­քա­­­րան­­նե­­­րու յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րը։ Վրայ հա­­սան առաջ­­նորդա­­րան­­նե­­­րու նման բնոյ­­թով զօ­­րակ­­ցութեան յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րը։

Այդ բո­­լորին իբ­­րեւ ար­­դիւնք պա­­տահե­­ցաւ ամե­­նաան­­բաղձա­­լին, որն է հայ եկե­­ղեց­­ւոյ եւ հայ պե­­տակա­­նու­­թեան առ­­ճա­­­կատու­­մը։ Այս հա­­կադ­­րութեան պատ­­ճա­­­ռած աւե­­րը շատ աւե­­լի ծանր պի­­տի հա­­տու­­ցո­­­ւի հա­­մայն հա­­յու­­թեան կող­­մէ։ Ազ­­գին կա­­ռոյցնե­­րը պար­­տա­­­ւոր են հա­­մատեղ գոր­­ծե­­­լու։ Գլխա­­ւոր տարրն է պե­­տու­­թիւնը։ Եկե­­ղեցին՝ որ պե­­տակա­­նու­­թեան բա­­ցակա­­յած դա­­րերուն ստանձնած էր ազ­­գի միաս­­նութեան երաշ­­խիք ըլ­­լա­­­լու առա­­քելու­­թիւնը, այժմ ստի­­պուած է պե­­տու­­թեան հո­­վանիին ծա­­ռայե­­լու։ Այ­­սօր մեր տե­­սածը բո­­լորո­­վին տար­­բեր է, երբ եկե­­ղեցին իր ամ­­բողջա­­կան կազ­­մով կը փոր­­ձէ լիազօ­­րու­­թիւնը ժո­­ղովուրդի կամ­­քով ապա­­հոված պե­­տական վար­­չա­­­կար­­գը բռնի եղա­­նակով իշ­­խա­­­նափո­­խու­­թեան տա­­նելու։ Ար­­դիւնքին տու­­ժո­­­ղը նոյն ինքն եկե­­ղեցին եղաւ։ Այս պա­­տուազրկու­­թեան մէջ գլխա­­ւոր դե­­րակա­­տար հան­­դի­­­սացաւ Գա­­րեգին Բ. Կա­­թողի­­կոսը։ Ան՝ որ իր վար­­քը նա­­խապէս ալ բա­­ւակա­­նին մա­­շեցու­­ցած էր որ­­դեգրած վար­­քով ու կեն­­ցա­­­ղով։ Միւս կող­­մէ Արամ Ա. Կա­­թողի­­կոս չի կրցաւ ՀՅԴ-ի հա­­սարակ գոր­­ծիչ մը ըլ­­լա­­­լէ ձեր­­բա­­­զատո­­ւիլ եւ պատ­­մութեան մէջ թէեւ ոչ յա­­ճախ, բայց բա­­զում օրի­­նակ­­նե­­­րով յի­­շուած գի­­տակից հայ հո­­գեւո­­րակա­­նի մը կեր­­պա­­­րը դրսե­­ւորել։ Նոյ­­նը կա­­րելի է ըսել Նուրհան եւ Սա­­հակ Բ. պատ­­րիարքնե­­րուն հա­­մար։ Անոնցմէ առա­­ջինը յատ­­կա­­­պէս «Կո­­վերու Պար­­տէզ»ի խնդի­­րով ար­­դէն վի­­ճայա­­րոյց դար­­ձուցած էր իր աթո­­ռը։ Մօտ ան­­ցեալին բա­­ւակա­­նին ծանր նա­­խատինք մը ըլ­­լա­­­լով յի­­շողու­­թիւննե­­րու մէջ դրոշ­­մո­­­ւեցաւ թէ Յոր­­դա­­­նանի թա­­գաւո­­րու­­թեան եւ թէ Պա­­ղես­­տի­­­նի պե­­տակա­­նու­­թեան իր գա­­հակա­­լու­­թիւնը մեր­­ժող յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րը։

Թուրքիոյ Հա­­յոց Պատ­­րիարք Սա­­հակ Բ. որոշ ժա­­մանակ փոր­­ձեց չէ­­զոքու­­թիւն եւ լռու­­թիւն պա­­հեց այս աղմկա­­լի ու փո­­թոր­­կոտ ըն­­թացքի դի­­մաց, բայց վերջ ի վեր­­ջոյ ան ալ տա­­րուե­­ցաւ տի­­րող հո­­սան­­քին եւ միացաւ իր հո­­գեւոր եղ­­բայրնե­­րու սխալ ըն­­թացքին։

Մեր ապ­­րած եր­­կի­­­րը՝ Թուրքիան կեն­­սա­­­կան փոր­­ձեր կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ հո­­գեւոր աշ­­խարհի քա­­ղաքա­­կանաց­­ման ան­­պա­­­տեհու­­թիւննե­­րու մա­­սին։ Հա­­մաշ­­խարհա­­յին մարդկու­­թեան դա­­րեր առաջ վե­­րածննդեան մեծ ցնցումնե­­րով ան­­ցած փոր­­ձի դա­­րեր ետք կրկին օրա­­կար­­գի նիւթ դառ­­նա­­­լը մտա­­հոգիչ է բո­­լորին հա­­մար։

Նման ար­­ժա­­­նիքի ան­­կում մը կ՚ապ­­րի նաեւ Հայ Յե­­ղափո­­խական Դաշ­­նակցու­­թիւնը։ Կար­­ծես թէ ան ան­­գամ մը եւս ներ­­կա­­­յացաւ պատ­­մութեան մէջ բա­­զում ան­­գամներ կրկնո­­ւած սխալ կողմնո­­րոշու­­մի դի­­մաց։ Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան նա­­խոր­­դող տա­­րինե­­րուն, երբ իթ­­թի­­­հատա­­կան­­նե­­­րը վա­­ղուց վճռած էին Օս­­մա­­­նեան Կայսրու­­թիւնը փլել, դաշ­­նակցու­­թիւնը փոր­­ձեց այդ նոյն կայսրու­­թիւնը փրկել ու ան­­սա­­­սան պա­­հելու հա­­մար պայ­­քա­­­րիլ հա­­մայն աշ­­խարհի դէմ։ Ար­­դիւնքը ծա­­նօթ է բո­­լորին։

30 տա­­րի անց, Բ. Հա­­մաշ­­խարհա­­յին պա­­տերազ­­մի օրե­­րուն իբ­­րեւ թէ գե­­րավա­­րուած Հա­­յաս­­տա­­­նը փրկե­­լու մար­­մա­­­ջով Հիթ­­լե­­­րի կող­­քին պա­­տերազ­­մե­­­լու հա­­մար Դրո­­յի հրա­­մանա­­տարու­­թեան տակ հայ կա­­մաւոր հա­­ւաքե­­լու ձգտո­­ղը նոյն դաշ­­նակցու­­թիւնն էր։ Այդ կու­­սակցու­­թիւնը ազ­­գայնա­­կանու­­թեան քօ­­ղին ետեւ պաղ պա­­տերազ­­մի տա­­րինե­­րուն ալ շա­­րու­­նա­­­կեց հա­­կահա­­յաս­­տա­­­նեան իր կե­­ցուած­­քը ապազ­­գա­­­յին հա­­մարած Խորհրդա­­յին Հա­­յաս­­տա­­­նի հան­­դէպ։

Դաշ­­նակցու­­թիւնը այ­­սօր ալ առ­­հա­­­սարակ տհաս եւ գա­­ղափա­­րազուրկ ընդդի­­մադիր ջո­­կատի մէջ կը յա­­ւակ­­նի գլխա­­ւոր դե­­րակա­­տար դառ­­նա­­­լու։ Իսկ այդ յա­­ւակ­­նութեան ետին ի՞նչ կը խոս­­տա­­­նայ հա­­յու­­թեան։ Ցա­­ւալի է որ այս հար­­ցումը ցարդ չէ ու­­նե­­­ցած յստակ պա­­տաս­­խան մը, բա­­ցի իշ­­խա­­­նափո­­խու­­թե­­­նէ։

Քա­­ղաքա­­կիրթ աշ­­խարհի մէջ իշ­­խա­­­նափո­­խու­­թեան հրա­­մայա­­կանը ար­­դար ընտրու­­թիւննե­­րով ժո­­ղովուրդի ձայ­­նե­­­րու մե­­ծամաս­­նութեան տի­­րանա­­լէն կա­­խեալ է։ Այդ հա­­ւանա­­կանու­­թիւնը ան­­կա­­­րելի նկա­­տող­­ներն են, որ կ՚ու­­զեն իշ­­խա­­­նափո­­խու­­թիւն կա­­տարել փո­­ղոցա­­յին ցոյ­­ցե­­­րով։ Ան­­շուշտ որ փո­­ղոցը կամ քա­­ղաքի հրա­­պարակ­­նե­­­րը հա­­սարա­­կու­­թեան ընդվզու­­մը, դժգո­­հու­­թիւնը կամ բո­­ղոքը յայտնե­­լու հա­­մար բո­­լորո­­վին օրի­­նական վայ­­րեր են։ Այդ ցոյ­­ցե­­­րու պատ­­ճա­­­ռաւ կրնայ խան­­գա­­­րուիլ նաեւ քա­­ղաքի բնա­­կանոն կեան­­քը։ Ճա­­նապարհնե­­րը կրնան խցա­­նուիլ, եր­­թե­­­ւեկու­­թեան մէջ դժո­­ւարու­­թիւններ գո­­յանալ։ Բայց յստա­­կօրէն ընդգծենք թէ այս բո­­լորը ըն­­դունե­­լի ու տա­­նելի երեւոյթներ են։ Մին­­չեւ 12 Յու­­նիս իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը, մա­­նաւանդ ալ ոս­­տի­­­կանու­­թիւնը որոշ զսպո­­ւածու­­թիւն պա­­հեց այդ ցոյ­­ցե­­­րու ըն­­թացքին։ Իսկ 12 Յու­­նի­­­սին Գալստա­­նեանի հրահ­­րած ամ­­բո­­­խը դի­­մեց անըն­­դունե­­լի արար­­քին, որն էր ներ­­խուժել Ազ­­գա­­­յին Ժո­­ղովի դահ­­լի­­­ճը։

Քա­­նի մը տա­­րի առաջ նման դէպք մը պա­­տահած էր ԱՄՆ-ի մայ­­րա­­­քաղաք Ուա­­շինկթը­­նի մէջ։ Հոն ալ Թրամ­­բի կողմնա­­կից­­նե­­­րը չհան­­դուրժե­­լով ընտրու­­թիւննե­­րուն բե­­րած պար­­տութեան դի­­մած էին նման անօ­­րինու­­թեան։ Այդ օր ամե­­րիկա­­ցի ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րու ըրա­­ծը նոյնն էր ինչ որ Երե­­ւանի ոս­­տի­­­կանու­­թեան 12 Յու­­նի­­­սին մի­­ջամ­­տե­­­լու պա­­հուն գոր­­ծադրած կան­­խա­­­միջոց­­նե­­­րը։

Այդ մէ­­կը սադ­­րանք մըն էր, որ կը նպա­­տակադ­­րէր քա­­նի մը տաս­­նեակ զո­­հեր ապա­­հովել վար­­կա­­­բեկե­­լու հա­­մար գոր­­ծող իշ­­խա­­­նու­­թիւնը։

Ազ­­գա­­­յին բա­­րեբախ­­տութիւն է, որ այդ սադ­­րանքը չէ հա­­սած իր հե­­տապնդած նպա­­տակին։

Վե­­րեւ նշած էինք բե­­մի ետին գոր­­ծող դե­­րակա­­տար­­նե­­­րուն։ Այդ դե­­րակա­­տար­­նե­­­րու ազ­­դե­­­ցու­­թեան գօ­­տին կը գե­­րազան­­ցէ երկրի սահ­­մաննե­­րը եւ դուրսէն կը ստա­­նայ շատ յստակ զօ­­րակ­­ցութիւն։ Պարզ է թէ նախ­­կիննե­­րու վե­­րադար­­ձը ամե­­նամեծ ու­­րա­­­խու­­թիւնը պի­­տի պատ­­ճա­­­ռէ այժմ Քրեմ­­լի­­­նի ղե­­կին նստող­­նե­­­րուն։

Թաւ­­շեայ յե­­ղափո­­խու­­թեան հե­­տեւանքնե­­րը մեծ մտա­­հոգու­­թիւն յա­­ռաջա­­ցու­­ցած էին բո­­լոր բռնա­­տիրա­­կան բնոյ­­թի վար­­չութիւննե­­րու մօտ։ Հա­­յաս­­տան թէեւ այս պա­­հուն յա­­ջողե­­ցաւ ձեր­­բա­­­զատո­­ւիլ այս դա­­ւադ­­րութե­­նէն, բայց ամ­­բողջ ազ­­գով պէտք է զգօն մնալ յա­­ջորդ հանգրո­­ւանի հան­­դէպ եւս։

Կաս­­կած չկայ որ Հա­­յաս­­տա­­­նի դէմ այս սա­­տանա­­յական դա­­ւադ­­րութիւ­­նը պի­­տի շա­­րու­­նա­­­կուի բե­­մին վրայ նոր դե­­րակա­­տար­­ներ ճա­րելով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ