Պատրիարքական Աթոռի Յովակիմեան Մատենաշարէն, որպէս իններորդ հատոր լոյս տեսաւ Աթոռոյս դիւանի նախկին աշխատաւոր եւ ապա՝ պատմաբան եւ թարգմանիչ Սիլվարդ Մալխասեանի «Աւետիք Պատրիարքի Խորհրդաւոր Կեանքը» խորագրեալ գիրքը։
100 էջերէ բաղկացեալ աշխատասիրութիւնը, անցեալ տարուայ ընթացքին Թրքերէնով լոյս տեսած էր Արաս Հրատարակչատունէն, որուն շնորհանդէսը տեղի ունեցած էր նոյն տարուայ ամառը Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր։ Տակաւին այս փուլին, մեր Հոգեւոր Պետը թելադրած էր որ սոյն գիրքը թարգմանուի Հայերէնի եւ լոյս տեսնէ, դառնալով Հայկական գիտական աշխարհի համար պատմագրական վաւերգրութեան մը։
Գիրքի հեղինակը սոյն թելադրութիւնը հրահանգ ընկալելով, առաջին օրէն ձեռնարկած էր թարգմանչական աշխատութեանց եւ այս ուղղութեամբ Հայերէնի թարգմանչական պատասխանատուութիւնը յանձնած էր Նաիրա Սիւզմէին։ Յաջորդաբար հրատարակութեան պատրաստութեան եւ սրբագրութեան պատասխանատութիւնը յաձնուած էր դասատու եւ բանասէր Բրկ. Սեւան Կսրկ. Տէյիրմէնճեանին։ Մինչ այդ Մինաս Օֆլազ պատրաստած է գիրքի շքեղ կողքը։ Բաց աստի պատրաստութեան շրջանին Էսաեան Վարժարանի մէջ Ս. Թարգմանչաց Տօնի առթիւ հեղինակը հանդիպում ունեցած է համայնքային լիսէներէ աշակերտներու հետ ու իրենց ներկայացուցած՝ սոյն գիրքը եւ թարգմանչական աշխատութեան նրբութիւնները։
Սիլվարդ Մալխասեանի ուսումնասիրութեան թարգմանչական աշխատութիւնը աւարտած ըլլալով, սոյն աշխատութիւնը Փետրուար ամսուան մէջ յանձնած է մեր Հոգեւոր Պետին ուշադրութեան։ Պատրիարք Հայրը գիրքի կատարելութիւնը տեսնելով իր օրհնութիւնը տուած է, որ սոյն գիրքի էջադրութիւնը կատարուի Պատրիարքական Աթոռոյ Հրատարակչութեան Բաժանմունքի կողմէ եւ ապա հրատարակուի որպէս Յովակիմեան Մատենաշարի գիրքերէն մին։ Եւ ահա այժմ սոյն պաստմաբանական գիրքը մայրենի լեզուով եւս հրատարակուած ըլլալով կը յանձնուի Հայ հասարակութեան։
Հատորը կը բացուի Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր «Յիշելով Աւետիք Պատրիարքը» խորագրեալ օրհնութեան խօսքով: Ապա կը շարունակուի գիրքի հեղինակին ներածականով, որուն մէջ գիրքի պատրաստութեան փուլերուն մասին տեղեկութիւններ կը տրուի։ Հեղինակը գիրքը ձօնած է իր սիրեցեալ հօր՝ Յովհաննէսի, որ իր մէջ սերմանած է ընթերցանութեան սէրը, եւ մօրը՝ Աղաւնի Քայարի։ Հատորի սկիզբը կայ նաեւ Սիլվարդ Մալխասեանի հակիրճ կենսագրութիւնը եւ իր թարգմանչական աշխատութեանց ցանկը:
Աշխատասիրութիւնը բաժնուած է երկու մասերու։ Առաջին բաժնին մէջ կը ներկայացուի այն երեւակայութիւնը, թէ՝ Աւետիք Պատրիարք երկաթէ դիմակով մարդն է եւ այս ուղղութեամբ պատմական տուեալներով հանդէս կու գայ հեղինակը։ Բաց աստի կը ներկայացուի այդ օրերու միսիոնարական շարժումի ազդեցութիւնը եւ հետեւանքները հայոց մէջ։ Իսկ երկրորդ բաժնին մէջ կը ներկայացուի Աւետիք Պատրիարքի գահակալութիւնը եւ յաջորդաբար մինչեւ Պասթիլ տեղափոխութեան փուլերը։ Այս բաժնին մէջ հետաքրքրական ձեւով կը քննարկուի իր դաւանափոխութիւնը, վերջին օրերը եւ մահուան առեղծուածը։
Բազմաթիւ էջատակերով հարուստ գիրքը նաեւ ունի պատմական լուրջ հեղինակութիւն։ Աշխատասիրութեան աւարտին նաեւ դրուած է մատենագիտական ցանկը եւ յատուկ անուններու ցանկը։ «Աւետիք Պատրիարքի խորհրդաւոր կեանքը» ի մօտոյ ժողովուրդին պիտի հրամցուի շնորհանդէսով մը։