Հիւսիսային Եւրոպայի մէջ կը տարածուի արիւնահոսութիւն յառաջացնող մահացու ժահր

Մա­հա­­­ցու ժահ­­­րը, որ կրնայ կեն­­­դա­­­­­­­նինե­­­րէն փո­­­խան­­­ցո­­­­­­­ւիլ մար­­­դոց, ար­­­դէն իսկ տա­­­րածո­­­ւած է Հիւ­­­սի­­­­­­­սային Եւ­­­րո­­­­­­­պայի մէջ։Նոր հե­­­տազօ­­­տու­­­թեան հա­­­մաձայն՝ ահա­­­ւոր ժահ­­­րը կրնայ կրծող­­­նե­­­­­­­րէն փո­­­խան­­­ցո­­­­­­­ւիլ մար­­­դոց եւ յա­­­ռաջաց­­­նել արիւ­­­նա­­­­­­­հոսու­­­թիւն, էպո­­­լայի «հե­­­մոռա­­­ճիք» տեն­­­դը յի­­­շեց­­­նող ախ­­­տանշան­­­նե­­­­­­­րով։

Հե­­­տազօ­­­տու­­­թեան ար­­­դիւնքնե­­­րը հրա­­­պարա­­­կուած են «Emerging Infectious Diseases» ամ­­­սագրին մէջ։

Շէկ դաշ­­­տա­­­­­­­մու­­­կե­­­­­­­րը Շո­­­ւէտի մէջ, որոնք յա­­­րու­­­ցի­­­­­­­չի փո­­­խան­­­ցողներն են, ար­­­դէն վա­­­րակած են եր­­­կու մարդ, որու հե­­­տեւան­­­քով անոնք հի­­­ւան­­­դա­­­­­­­ցած են ժահ­­­րա­­­­­­­յին «հե­­­մոռա­­­ճիք» տեն­­­դով։ Տա­­­կաւին 2018-ին Շո­­­ւէտի մէջ բժիշկնե­­­րը ախ­­­տո­­­­­­­րոշած էին ժահ­­­րի պատ­­­ճա­­­­­­­ռած հա­­­մաճա­­­րակա­­­յին «նեֆ­­­րո­­­­­­­փաթի»ի պա­­­րագայ, որ փո­­­խան­­­ցած են դաշ­­­տա­­­­­­­մու­­­կե­­­­­­­րը՝ «Փու­­­մա­­­­­­­լա» ժահ­­­րի մի­­­ջոցով։

Վեր­­­ջերս բժիշկնե­­­րը յայտնա­­­բերած են «դաշ­­­տա­­­­­­­մու­­­կե­­­­­­­րու տեն­­­դի» պա­­­րագայ այնտե­­­ղէն մօ­­­տաւո­­­րապէս 300 մղոն հե­­­ռու, ուր անի­­­կա ի յայտ եկած էր սկիզ­­­բը, եւ հի­­­ւան­­­դը դուրս չէր եկած երկրի սահ­­­մաննե­­­րէն վա­­­րակո­­­ւելէն առաջ, ինչ որ կը նշա­­­նակէ, թէ հի­­­ւան­­­դութիւ­­­նը տա­­­րածո­­­ւած է իրենց մայ­­­րե­­­­­­­նի քա­­­ղաքին մէջ։

Եր­­­կու դէպ­­­քե­­­­­­­րու ախ­­­տանշան­­­նե­­­­­­­րը կը նե­­­րառեն տենդ, ընդհա­­­նուր տկա­­­րու­­­թիւն, քի­­­թէն արիւ­­­նա­­­­­­­հոսու­­­թիւն եւ երի­­­կամ­­­նե­­­­­­­րու գոր­­­ծունէու­­­թեան վատ­­­թա­­­­­­­րացում։ Եր­­­կու հի­­­ւանդնե­­­րը բու­­­ժո­­­­­­­ւած են, բայց այդ մէ­­­կը Ուփսա­­­լայի հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի գիտ­­­նա­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րուն մղած է հե­­­տաքննու­­­թիւն կա­­­տարել։

Գիտ­­­նա­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րը քննած են շէկ դաշ­­­տա­­­­­­­մու­­­կե­­­­­­­րը «Սքա­­­նիա» շրջա­­­նին մէջ, ուր ժահ­­­րը յայտնա­­­բերո­­­ւած է առա­­­ջին ան­­­գամ, եւ բա­­­ցայայ­­­տած են, որ 74-էն 9ն կը կրէ «հան­­­թա­­­­­­­ժահ­­­րի ճին»եր։

Հան­­­թա­­­­­­­ժահ­­­րե­­­­­­­րը հիմ­­­նա­­­­­­­կանին մէջ կը նկա­­­տուին կրծող­­­նե­­­­­­­րու մօտ, ինչպէս՝ մու­­­կե­­­­­­­րը, առ­­­նէտնե­­­րը եւ դաշ­­­տա­­­­­­­մու­­­կե­­­­­­­րը, եւ սո­­­վորա­­­բար մար­­­դոց մօտ կը յա­­­ռաջաց­­­նեն եր­­­կու տե­­­սակի հի­­­ւան­­­դութիւններ՝ «հե­­­մոռա­­­ճիք տենդ» երի­­­կամա­­­յին հա­­­մախ­­­տա­­­­­­­նիշով եւ «հան­­­թե­­­­­­­րային» թո­­­քային հա­­­մախ­­­տա­­­­­­­նիշ։ Ամե­­­նէն վատ պա­­­րագա­­­յին, երի­­­կամա­­­յին հա­­­մախ­­­տա­­­­­­­նիշով «հե­­­մոռա­­­ճիք տենդ»ը կրնայ յան­­­գեցնել մա­­­հացու ել­­­քի։

Բա­­­ցի ատ­­­կէ, գիտ­­­նա­­­­­­­կան­­­նե­­­­­­­րը նաեւ բա­­­ցայայ­­­տած են, որ կրծող­­­նե­­­­­­­րուն վա­­­րակած են ժահ­­­րի եր­­­կու շտամ­­­ներ՝ մէ­­­կը Շո­­­ւէտէն, միւ­­­սը՝ Ֆին­­­լանտա­­­յէն կամ ռու­­­սա­­­­­­­կան Քա­­­րելիայէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ