Աքքադացի Սարգոնէն ետք աքքադական երկրորդ կարեւոր արքան ներկայացաւ իր թոռը Նարամ-Սուեն (2255-2218 Ք.Ա.) իր իշխանութեան տարիները խիստ ուշագրաւ են, դէպի հիւսիս կազմակերպուած արշաւանքներով։ Ըստ Արնօլտ Թուինպիի, այդ ռազմական գործողութիւնները պէտք է դիտել, ոչ որպէս լոկ յարձակողական արշաւանքներ, այլ որպէս պաշտպանողական գործողութիւններ։
Բոլոր ազգերուն եւ ժողովուրդներուն կողմէ հայերուն տրուած «Արմէն» անունը առաջին անգամ յիշուած է Նարամ-Սուենի թողած արձանագրութիւններուն մէջ։ Ի հարկէ համաձայն մեր ներկայ պատմական տեղեկութիւններուն. թերեւս ապագային նոր արձանագրութիւններ յայտնաբերուին, որոնք փոխեն այս իրողութիւնը։ Նարամ-Սուեն իր սեպագիր արձանագրութիւններէն մէկուն մէջ Արմանի անունը յիշած է Խաթթի եւ Կանեշ անուններուն կողքին՝ Խաթթին հաթերու երկիրն էր Մեծ Հայքի արեւմուտքին՝ Հալիս գետի աւազանին։
Արմանի երկրի տեղորոշման մասին Արտակ Մովսէսեան կ’եզրափակէ, «Ք.ա. III հազարամեակին վերաբերող հաղորդումները ոչ միայն չեն հակասում Արման(ի/ում) –ԱրմիԱր(ա)մ(ե) երկրի հայաստանեան տեղորոշմանը, այլեւ այլընտրանք չեն թողնում այդ երկրի Հայկական լեռնաշխարհից դուրս տեղորոշելու համար»1։
Ռաֆայէլ Իշխանեան կը նշէ, թէ Արմանի երկիրը Հայկական լեռնաշխարհն էր։ Ան այդ կը յստակացնէ այլ բացատրական ուղղիով, ինչպէս յայտնի է աշխարհին ծիրանի հայրենիքը Հայկական լեռնաշխարհն էր, եւ ծիրանի ծառը Հայկական լեռնաշխարհէն տարածուած է ուրիշ երկիրներ։ Այդ իսկ պատճառով շատերը ծիրանը կոչած են «հայկական». հռոմէացիներու լատիներէնով ծիրանի անունն է «Պրունուս արմենիակա», այսինքն Հայկական սալոր. Միջագետքի քաղդեացիները ծիրանը կոչած են «Խազուրա արմենայա», այսինքն հայկական խնձոր։ Հասնելով մեր բուն նիւթին, աքքադացիները ծիրանը «արմանու» կոչած են. հետեւաբար աքքադացի Նարամ-Սուեն արքան ծիրանի երկիրը իր սեպագիր արձանագրութիւններուն մէջ անուանած է «արմանի երկիր»2։
Աքքադացի Սարգոնի եւ անոր թոռան արշաւանքներով Միջագետքի աքքադացիները մօտէն շփուեցան Հայոց նախնիքներուն հետ, եւ բնականաբար այդ հիւսիսային երկրի հարստութիւններէն օգտուեցան. անոնք ծիրանի, խնձորի, թուզի եւ սալորի ծառերը տեղափոխեցին իրենց երկիր՝ Աքքադ, Միջագետքին մէջ։
Աքքադացիները խնձորը տեղափոխած են Հայկական լեռնաշխարհէն եւ զայն կոչած են հընզորո. ըստ Ներսէս Վիրապեանին անոնք այդ բառը առած են խուրիներէն (հուրիներ), «Աքքատեան լեզուին մէջ ալ հուրեան բառեր կան, օրինակ խնձորին անունը Հուրեանները «հինզորի» դրած են, իսկ աքատեանները
«հընզորո», իսկ մենք խնձոր կը կոչենք»3։
Ծ.
1 Արտակ Մովսիսեան, Հայաստանը Քրիստոսից Առաջ Երրորդ Հազարամեակում, էջ 44։
2 Ռաֆայէլ Իշխանեան, Պատկերազարդ Պատմութիւն Հայոց, Ա. Գիրք, էջ 27։
3 Ներսէս Վիրապեան, Հայ Ժողովուրդի Ծագումը, էջ 98։
«Պատմաքաղ»