Փոթորիկը խաղաղած

Ուրա­խու­­թեամբ վե­­րահա­­սու եղանք թէ վեր­­ջին շա­­բաթ­­նե­­­րուն Մխի­­թարեան Վար­­ժա­­­րանէ ներս ծա­­ւալող փո­­թորիկը խա­­ղաղած է խնա­­մակալ­­նե­­­րու ող­­ջա­­­միտ որո­­շումնե­­րով։ Ընդհա­­նուր հա­­մոզու­­մով ոեւէ խոր­­հուրդի իր որո­­շու­­մէն ետ­­քայլ ընե­­լը մե­­ղադ­­րե­­­լի կը հա­­մարո­­ւի միայն անոնց հա­­մար, որոնք նա­­հան­­ջի տպա­­ւորու­­թե­­­նէն խու­­սա­­­փելու հա­­մար կը յա­­մառին սխա­­լի վրայ։

Բա­­րեբախ­­տա­­­բար Ռա­­ֆայէլ Ալի­­քի գլխա­­ւորած կազ­­մը յա­­ջողե­­ցաւ խու­­սա­­­փիլ այդ սխա­­լէն եւ վար­­չութեան ղե­­կը ուղղեց դէ­­պի խա­­ղաղու­­թեան։ Այս հա­­մոզումնե­­րը մեր մեկ­­նա­­­բանու­­թե­­­նէն աւե­­լի կը ցո­­լանայ հրա­­պարա­­կուած յայ­­տա­­­րարու­­թեան տո­­ղերէն։ Հոն կ՚ըսո­­ւի թէ աշա­­կեր­­տութիւ­­նը եւ ծնող­­նե­­­րը դժգո­­հու­­թիւն չու­­նէին, ու­­րեմն ան­­տե­­­ղի էր այդ հա­­մակար­­գի գոր­­ծունէու­­թիւնը խան­­գա­­­րել։

Եթէ յե­­տադարձ ակ­­նարկով մը քննենք զար­­գա­­­ցումնե­­րը, կը նկա­­տենք հե­­տեւեալ սխալ­­նե­­­րը, որոնք կը բխէին աւե­­լի լա­­ւի հաս­­նե­­­լու մար­­մա­­­ջէն։ Ճիշդ ալ հոս, աւե­­լի լա­­ւին բնու­­թագրու­­մէն է, որ պի­­տի ծա­­գի ամե­­նաէական տա­­րակար­­ծութիւ­­նը։

Պոլ­­սա­­­հայ հա­­մայնքի ընդհա­­նուր նա­­խասի­­րու­­թիւննե­­րու մէջ կայ իրա­­րու հա­­կասող երե­­ւոյթներ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ