31Մարտին կայացած շրջանային վարչութիւններու ընտրութիւններէ ետք զանազան քաղաքապետութիւններ կը փորձեն նախորդ շրջանին զեղծարարութիւնները չէզոքացնել։ Անոնցմէ մէկն է Սկիւտարի քաղաքապետ Սինեմ Տետեթաշ, որ քաղաքապետական խորհրդարանի օրակարգին բերաւ նախորդ շրջանին իշխանամէտ հաստատութիւններուն փոխանցուած կալուածներու վերատիրանալու մասին առաջարկը։ Ան իր առաջարկին մէջ նշեց թէ կանոնագրութիւնները կ՚արգիլեն 30 տարիէ աւելի երկար ժամկէտով կնքուած համաձայնութիւնները։ «Նախկինները 49 տարի ժամկէտով համաձայնութիւններ կնքած եւ քաղաքապետարանի կալուածները տրամադրած են իշխանամէտ հաստատութիւններու։ «Կերչէք Կիւնտեմ» թերթէն Թուղպա Էօզէրի լրատւութեան համաձայն Սկիւտարի նախկին քաղաքապետարանը ԹԻՒՐԿԷՎ, ԷՆՍԱՐ եւ Ազիզ Հիւտայի» հիմնադրամներուն շնորհած է հինգ կալուածներու 49 տարի ժամկէտով շահագործման իրաւունքը։
Այստեղ նշուածներու մէջ է նաեւ Քուզկունճուքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ սեփականութիւնը, երբեմնի Ներսէսեան Երմոնեան Վարժարանը։
2015 թուականին, նախորդ շրջանի թաղական խորհուրդի ատենապետ Էտուարտ Այվազեանի շրջանին եկեղեցին այս կալուածը վարձակալած էր Սկիւտարի քաղաքապետութեան։ Իսկ քաղաքապետութիւնը կալուածը փոխանցած էր ԷՆՍԱՐ հիմնադրամին։ Ներսէսեան Երմոնեանի նախկին սաները այս փոխանցումէն ետք բողոքած էին կատարուածին դէմ, բայց Այվազեան ըսած էր թէ ինք դպրոցը վարձակալած է Սկիւտարի քաղաքապետարանին։
Այժմ Քուզկունճուքի եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Մասիս Քույումճու եւս կը հաստատէ նախորդ ատենապետի խօսքերը յաւելելով թէ պիտի սպասեն Քաղաքապետական խորհուրդի որոշումը։