Իդէմ Թուրքիոյ քաղաքական դաշտի վրայ տիրող լարուածութիւնը եւ բեւեռացումը վերացնելու միտումով օրակարգի բերուած մեղմացման եղանակին, Կառավարութիւնը անգամ մը եւս դիմեց ընտրուածները նշանակուածներով փոխարինելու սովորոյթին։
Այս ռազմավարութեան վերջին զոհը եղաւ քրտամէտ ՏԵՄ կուսակցութեան շարքերէն Հաքքարիի համաքաղաքապետ ընտրուած Մեհմետ Սըտտըք Աքըշ։ Այս վերջինին Վանի մէջ բերման ենթարկուելէ ետք Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարեց թէ քաղաքապետի պաշտօնին նշանակուած է Հաքքարիի կուսակալ Ալի Չելիք։
Որոշումը բնականաբար հակազդեցութիւն գոյացուց եւ տեղի տուաւ բողոքի ցոյցերուն։ Ոստիկանութիւնը արդէն պաշարած էր քաղաքապետարանի շէնքը եւ կուսակալութիւնն ալ յայտարարութիւնով մը արգիլեց քաղաքի եւ շրջակայքի մէջ բոլոր տեսակի բողոքի ցոյցերը եւ հանրահաւաքները։
Բերման ենթարկելու իբրեւ պատճառաբանութիւն կ՚առաջադրուի 10 տարի առաջ գործադրուած մեղադրանք մը, ըստ որու Աքըշ ՓՔՔ կազմակերպութեան մէջ բարձրաստիճան պաշտօն ստանձնած է։
Զանազան մեկնաբաններ կը մերժեն այս մեղադրանքները, ընդգծելով թէ Մեհմետ Սըտտըք Աքըշի թեկնածութիւնը ընտրութիւններու նախորդող օրերուն քննարկուած ու վաւերացուած էր Ընտրութեան Բարձրագոյն Խորհուրդի կողմէ։
Բոլորին ծանօթ է թէ Թուրքիոյ մէջ դատական համակարգը բոլորովին ենթարկուած է քաղաքական նախասիրութիւններուն։ Միայն կարգախօս մը ըլլալով կը հնչէ «Արդար դատավարութիւն» կամ «Դատական անկախութիւն» բացատրութիւնները։ Նոյնիսկ յաճախ ընդդիմադիր հեռուստակայաններէն կը սփռուին դատաւորներու կամ դատախազներու յանցաւոր աշխարհի հետ յարաբերութիւնները եւ բարեկամութիւնները։ Այս ենթագետնի վրայ ալ աւելի կասկածելի կը դառնայ Հաքքարիի ընտրուած քաղաքապետի պաշտօնէն հեռացումի որոշումը։
Արդարեւ գլխաւորութեամբ Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան, զանազան ընդդիմադիր կառոյցներ ընդվզում յայտնեցին պատահածին հանդէպ եւ մեղադրեցին կառավարութիւնը քրտաբնակ տարածքներէ ներս ընտրուածներու փոխարէն տեղապահներ նշանակելու քաղաքականութիւնը։
Այս մասին ԱՔՓ կուսակցութեան առաջատար դէմքերէն Իպրահիմ Քալթն դժուար պահեր ապրեցաւ գերմանական հեռուստակայանի մը հարցումներուն պատասխանելու պահուն։ Թղթակիցը երբ կը հարցնէր այս վերջին զարգացումի մասին, Քալըն կը կրկնէր հետզհետէ դդումի համ տուած մեղադրանքը, պնդելով թէ տուեալ քաղաքապետները իրենց պիւտճէէն բաժին կը յատկացնեն ՓՔՔ-ին։
Հաղորդավարը կտրուկ յիշեցուց թէ իշխանափոխութեան մը դէպքին ինք եւս կրնայ նման մեղադրանքներու հանդիպիլ, եթէ իրաւական համակարգը այսքան քաղաքականացած է։
Բողոքի ելոյթները կը շարունակուէին, երբ տասնամեակ անցեալ ունեցող դատավարութիւնը 5 Յունիսին վճիռ արձակեց Մեհմետ Սըտտըք Աքըշը 19 տարուայ ազատազրկամ դատապարտելով։