Տիյարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ վերանորոգութենէն եւ վերաբացումէն ետք ի յայտ եկած էր հայ համայնք մը, որուն մասին մինչ այդ տեղեակ չէինք։ Սակայն այդ համայնքի անդամներուն հետ կարճ ժամանակի ընթացքին ունեցանք ջերմ եւ ամուր բարեկամութիւն մը։ Այս օրերուս մենք ալ խորապէս կը կիսենք այն սուգն ու տխրութիւնը, որ վիճակած է սիրելի բարեկամի՝ Ստեփան Եփրեմեանի։
Ստեփան 2 Յունիսին կորսնցուց իր մայրը՝ Հաֆուրէ Եփրեմեանը, որ կը բնակէր ծննդավայր Ատըեամանի Քահթա գաւառը, իր դուստրին մօտ։
Ցաւալի լուրը լսելով Իսթանպուլէն եւ Տիգրանակերտէն բազմաթիւ բարեկամներ փութացին Ատըեաման իրենց ցաւակցութիւնը յայտնելու։
Մենք ալ մեր կարգին կը ցաւակցինք սիրելի Ստեփանին, որ ամէն Իսթանպուլ այցելութեան անպայման կը թակէր նաեւ խմբագրատան դուռը եւ իր հետ կ՚ունենայինք հաճելի ու կարօտակէզ զրոյցներ։