ԱՐՄԻՆԷ Կ. ԿՈՒՆԴԱԿՋԵԱՆ
Մեծահարուստ եւ յայտնի բարեգործ եղբայրներ Թումանեանները առաջինն էին, որ Պարսկաստանի մէջ հիմնեցին դրամատնային համակարգ։ Նոյնպէս անոնք առաջինն էին, որ Պարսկաստան սկսեցին տպել պարսկական դրամ՝ թուման եւ ղռան։
Այս հանգամանքը պատճառ դարձաւ այն մտքին, որ պարսկական թումանին անունը այդ յայտնի գերդաստանի անունէն վերցուած է, որ ճիշդ չէ։
Թուման բառը մոնղոլական է եւ կը նշանակէ 10,000։ Այդ բառը դեռեւս 1798-ին կը գործածուէր Պարսկաստան եւ այն ժամանակ թումանը հաւասար էր 8 ռիալի։ Ապա 1825-ին ընդունուեց ղռանը, որը հաւասար էր 1000 տինարի կամ մէկ թումանի։
1932-ին ռիալը ընդունուեցաւ որպէս Պարսկաստանի պաշտօնական դրամ, բայց ժողովուրդը իր առօրեայ կեանքին մինչեւ օրս ալ թումանով առեւտուր կ՚ընէ։
Թումանը շատ վերիվայրումներ ունեցած է։ Օրինակ, 18-րդ դարին Ամերիկայի Միացեալ նահանգներէն հարիւր հազար տոլար կ՚ուղարկուի Պարսկաստան, ինչ որ մի դաւանանքի համար աղօթատեղի կառուցելու։ Երբ կը փոխանցեն պարսկական դրամի, կը ստացուի մօտ յիսուն հազար թուման, այսինքն այն ժամանակ երկու տոլարը հաւասար եղած է մէկ թումանի։
Պարսկական դրամը տարիներու ընթացքին գնալով արժեզրկուեցաւ։ Միայն մի որոշ ժամանակ, վերջին թագաւորի տարիներուն կայուն էր, եօթը թումանի շուրջ, որմէ ետք ունեցաւ ահռելի անկում։
Այսօր, մէկ տոլարը հաւասար է 30 հազարէ աւելի թումանի։
Յայտնի վաճառական Թումանեան եղբայրները առեւտրական սենեակներ ունեցած են Իրանի մի քանի քաղաքներուն, անոր թուին նաեւ Ղազուին։ Դեռ մինչեւ այսօր ալ Ղազուինի փակ շուկայի կեդրոնական մասին կը նշմարուի Թումանեան եղբայրներու գրասենեակի կիսաւեր պատերը։
Իրանի արտաքին առեւտրի ասպարէզին Ռուսաստանէն կամ Թիֆլիսէն եկած հայ առեւտրականները լայնածաւալ աշխատանք տարած են։ Անոնցմէ ոմանք առաջին անգամ ըլլալով Թաւրիզ, Ղազուին դրամատներ հիմնած են եւ օգտակար եղած երկրի տնտեսական զարգացման։ Իսկ Նոր Ջուղայէն մետաքսի առեւտրով զբաղող բազմաթիւ առեւտրականներ մեկնեցին Հնդկաստան, Ջաւա եւ այլ երկրներ եւ շատ մեծ յաջողութիւններ ունեցան։