Լուսաւորչի Կանթեղը Սուրբ Էջմիածինով

Պէյօղլո­ւի Ս. Եկե­ղեցեաց Լու­սա­ւորիչ Դպրաց Դաս Երգչա­խումբի հիմ­նադրու­թեան 95-ամեակի ծի­րէն ներս Պէ­յօղ­լո­ւի Ս. Եր­րորդու­թիւն Եկե­ղեց­ւոյ մէջ 1 Յու­նիս 2024, Շա­բաթ, ժա­մը 21.00-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ «Լու­սա­ւոր­չի Կան­թե­ղը Ս. Էջ­միածի­նով» խո­րագ­րեալ հա­մեր­գը։

Հան­դի­սու­թեան նա­խագա­հեց Ն.Ա.Տ. Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Հայ­րը, իր շուրջ ու­նե­նալով Պէ­յօղ­լո­ւի Ս. Եկե­ղեցեաց Քա­րոզիչ եւ դա­սու նա­խագահ Հոգշ. Տ. Յա­րու­թիւն Վրդ. Տա­մատեան, Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօ­նիկեան, Պատ­րիար­քա­կան Փո­խանորդ Արժ. Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մատեան, Դա­սու Փոխ-Նա­խագահ Արժ. Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չնա­րեան, Արժ. Տ. Սար­գիս Ա. Քհնյ. Գու­յումճեան, Արժ. Տ. Ներ­սէս Քհնյ. Այ­վա­զեան, ինչպէս նաեւ Սեւ Ծո­վեան Տնտե­սական Հա­մագոր­ծակցու­թեան Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան մշտա­կան ներ­կա­յացու­ցիչ Նա­յիրի Պետ­րո­սեան ու Աք­սէլ Թո­փալեանի ատե­նապե­տած Պէ­յօղ­լո­ւի Ս. Եկե­ղեցեաց Թա­ղային Խոր­հուրդը։ Բազ­մա­թիւ երաժշտա­սէր­ներ փու­թա­ցած էին եկե­ղեցի ունկնդրե­լու հա­մար տօ­նական հա­մեր­գը։

Հան­դի­սու­թեան սկիզ­բը բաց­ման խօսք ար­տա­սանեց Թա­մար Ման­կա­սարեան եւ ըն­թերցե­լով Տ. Յա­րու­թիւն Վար­դա­պետի գրի առած «Էջ­միածին» բա­նաս­տեղծու­թիւնը, ող­ջունեց ներ­կա­ները, յի­շեց­նե­լով Լու­սա­ւորիչ Դպրաց Դաս Երգչա­խումբի տա­րեգ­րութեանց մէջ Ս. Էջ­միած­նի հետ աղեր­սո­ւած յի­շատա­կու­թիւննե­րը։ Ապա Ար­տա Էրօլ փոքր թատ­րերգու­թեամբ մը ներ­կա­յացուց 95-ամեայ երգչա­խումբի հիմ­նադրու­թեան հանգրո­ւան­նե­րը եւ տաս­նա­մեակ­նե­րու ճա­նապար­հորդու­թիւնը Բան­կալթըի Գե­րեզ­մա­նատան եր­բեմնի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւորիչ Եկե­ղեցիէն դէ­պի Թաք­սի­մի Ս. Յա­րու­թիւն Եկե­ղեցին։

Ապա ծա­փող­ջոյննե­րով բեմ բարձրա­ցան Լու­սա­ւորիչ Դպրաց Դաս Երգչա­խումբի աւե­լի քան յի­սուն ան­դամնե­րը, դաշ­նա­կահար Ռո­պէր Տօ­ղանայ եւ հուսկ՝ վա­րիչ Յա­կոբ Մա­միկո­նեան։ Հան­դի­սու­թիւնը սկիզ­բ առաւ «Ազ­գա­յին Օրհներգ»ով, որ­մէ յե­տոյ երգչա­խումբը հա­յերէն եւ օտար եր­գե­րով հան­դէս եկաւ, բարձր գնա­հատան­քին ար­ժա­նանա­լով ներ­կա­ներուն։ Տօ­նական տրա­մադ­րութեամբ անոնք կա­տարե­ցին նաեւ «Էջ­միածին Ի Հօ­րէ» շա­րակա­նի եւ «Լու­սա­ւոր­չի Կան­թեղ» օրհներգի բազ­մա­ձայն եր­գե­ցողու­թիննե­րը։

Երաժշտա­կան յայ­տագրի աւար­տին սրտի խօսք ար­տա­սանեց Տ. Յա­րու­թիւն Վար­դա­պետը եւ վեր­յի­շեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րեգին Բ. Ամե­նայն Հա­յոց Վե­հափառ Հայ­րա­պետի ներ­կա­յու­թեամբ օծուն Մայր Աթոռ Ս. Էջ­միած­նի մէջ իր ու­նե­ցած ան­մո­ռանա­լի օրե­րը, որոնք իր մէջ մարմնա­ւորած էին Ս. Էջ­միած­նի հան­դէպ ան­մահ սի­րոյ զգա­ցումնե­րը։ Ահա այդ օրե­րէն մօ­տաւո­րապէս եր­կու տա­րի յե­տոյ ինք նա­խագա­հը դար­ձած էր Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի անո­ւան ըն­ծա­յուած երգչա­խումբի մը, որուն 95-ամեայ պատ­մութեան մէջ ար­դար հպար­տութիւ­նը ու­նե­ցած է Ազ­գիս Վե­հափառ Հայ­րա­պետին օրհնու­թիւնը ստա­նալու եւ Ս. Էջ­միած­նի մէջ Կո­միտա­սեան Ս. Պա­տարագ եր­գե­լու։ Ս. Էջ­միած­նի Տօ­նին առ­թիւ, ահա այս տրա­մաբա­նու­թեամբ Վա­րիչ Յա­կոբ Մա­միկո­նեանի եւ իր աշա­կերտնե­րուն հետ ձեռ­նարկած էին «Լու­սա­ւոր­չի Կան­թե­ղը Ս. Էջ­միածի­նով» խո­րագ­րեալ հան­դի­սու­թեան։

Հայր Սուրբը, այս առ­թիւ յա­նուն Դպրաց Դա­սուն շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց Ամե­նապա­տիւ Սրբա­զան Հօր, որուն նա­խագա­հու­թեամբ, երգչա­խումբը այս եզա­կի խո­րագի­րով հան­դէս եկած էր երաժշտա­սէր հա­սարա­կու­թեան։

Ապա, Պատ­րիարք Հօր ձե­ռամբ յու­շա­նուէր­ներ յանձնո­ւեցան Ռո­պէր Տօ­ղանա­յին եւ Յա­կոբ Մա­միկո­նեանին։

Հուսկ բան­քը ար­տա­սանեց Պատ­րիարք Հայ­րը եւ մե­ծապէս գնա­հատեց այս հան­դի­սու­թիւնը եւ կազ­մա­կեր­պիչնե­րը։ Յայտնեց, որ Լու­սա­ւորի­չը 95 տա­րուան աւան­դութեան մը տէր երգչա­խումբ մըն է եւ այ­սօր կը շա­րու­նա­կէ տէր կանգնիլ իր նախ­նեաց աւան­դութեան։ Հան­դի­սու­թեան ըն­թացքին բո­լոր ներ­կա­ներ նշմա­րեցին, թէ որ­քան բարձր տրա­մադ­րութեամբ կա­տարումներ ունեցաւ երգչա­խումբը, բան մը որ հա­ւաս­տիքն է, թէ անոնք երաժշտու­թիւնը կը սի­րեն ու եր­գե­լը իրենց հա­մար միաւո­րուե­լու առիթ մըն է։ Վստա­հաբար դիւ­րին չէ եղած այսքան ան­դա­մը հա­մախմբել եւ զա­նոնք առաջ­նորդել դէ­պի բազ­մա­ձայն եր­գե­ցողու­թեան, սա­կայն Յա­կոբ Մա­միկո­նեան լա­ւապէս կա­տարած է այս մէ­կը տա­րինե­րու ըն­թացքին եւ այ­սօր ան ցոյց կու­տայ, թէ երգչա­խումբի ան­դամնե­րուն մէջ երաժշտա­կան սէ­րէն աւե­լի նախ հունտե­րը դրո­ւած է «Լու­սա­ւորիչ Ըն­տա­նիք»ի ան­դամ ըլ­լա­լու։

Մեր Հո­գեւոր Պե­տը նաեւ վեր­յի­շեց մեր­ձա­ւոր ան­ցեալին երգչա­խումբին ապ­րած ցա­ւալի օրե­րը եւ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւորիչ Հայ­րա­պետի Խոր Վի­րապէն Ել­քը օրի­նակ ցոյց տա­լով, ըսաւ, որ երգչա­խումբը փոր­ձութեան օրե­րուն յա­ջողած է մէկ մար­մին մնալ եւ ահա այ­սօր ան որ­պէս մէկ մար­մին ար­դէն իսկ սկսած է իր երաժշտա­կան լոյ­սը տա­րածել զա­նազան առիթ­նե­րով։ Հե­տեւա­բար Լու­սա­ւորի­չի յա­ջողու­թիւնը, ինչպէս Պոլ­սոյ բո­լոր երգչա­խումբե­րու պա­րագա­յին, մեր բո­լորին ու­րա­խու­թիւնն ու հպար­տութիւնն է։

Իր խօս­քե­րու աւար­տին, Պատ­րիարք Հայ­րը նաեւ շեշ­տեց Աք­սէլ Թո­փալեանի գլխա­ւորած Թա­ղային Խոր­հուրդի ընտրու­թե­նէ յե­տոյ, մէկ տա­րուայ ըն­թացքին եկե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած տե­սանե­լի զար­գա­ցումնե­րը։ Այս տրա­մադ­րութեամբ, Պէ­յօղ­լո­ւի Եկե­ղեցեաց պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւնը յանձնո­ւած էր Տ. Յա­րու­թիւն Վար­դա­պետին, որ Լու­սա­ւորիչ Դպրաց Դաս Երգչա­խումբի պա­րագա­յին եւս յա­ջողած էր որ­պէս հայր, ի մի հա­մախմբել եկե­ղեց­ւոյ հո­վանիին ներ­քեւ։

Հուսկ բան­քէն յե­տոյ եր­գո­ւեցաւ Տէ­րու­նա­կան Աղօթ­քը եւ հան­դի­սու­թիւնը իր աւար­տին հասաւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ