Փարաճանովի 100-ամեակի առթիւ

Իպատիւ հայ ակա­­­նաւոր շար­­­ժանկա­­­րի բե­­­մադ­­­րիչ Սեր­­­կէյ Փա­­­րաճա­­­նովի հա­­­րիւրա­­­մեակին, աւե­­­լի քան 40 հայ ձե­­­ւագէտ-ոճա­­­բան­­­ներ ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցին եզա­­­կի գոր­­­ծեր՝ ոգեշնչո­­­ւած անոր յա­­­ւէր­­­ժա­­­­­­­կան արո­­­ւես­­­տով։ Մա­­­յիս 18-31 Սեր­­­կէյ Փարա­­­ճանո­­­վի տուն-թան­­­գա­­­­­­­րանին մէջ տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­ցաւ «Փա­­­րաճա­­­նովը եւ նո­­­րաձե­­­ւութիւ­­­նը» խո­­­րագի­­­րով ան­­­նա­­­­­­­խըն­­­թաց եւ իւ­­­րա­­­­­­­յատուկ ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէ­­­­­­­սը։ Փա­­­րաճա­­­նովը հսկայ ժա­­­ռան­­­գութիւն թո­­­ղած է իր ետին, ան­­­ժա­­­­­­­ման­­­ցե­­­­­­­լի եւ ան­­­հերքե­­­լի ար­­­ժէքներ են անոր «Մո­­­ռացո­­­ւած նախ­­­նի­­­­­­­ների ստո­­­ւեր­­­նե­­­­­­­րը», «Նռան գոյ­­­նը», «Յա­­­կոբ Յով­­­նա­­­­­­­թանեան»ը, «Աշուղ Ղա­­­րիպ»ը եւ տաս­­­նեակ մը այլ ժա­­­պաւէն­­­նե­­­­­­­րը։ Քիչեր գի­­­տեն, որ մեծ վար­­­պե­­­­­­­տին ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծա­­­­­­­կան տա­­­ղան­­­դը դրսե­­­ւորո­­­ւած չէր միայն շար­­­ժանկա­­­րի աշ­­­խարհէն ներս. ան տար­­­բեր առիթ­­­նե­­­­­­­րով տա­­­րազ­­­ներ ստեղ­­­ծած էր իր եւ ըն­­­կերնե­­­րուն հա­­­մար, իսկ կա­­­լան­­­քի տա­­­րինե­­­րուն պատ­­­րաստած է զար­­­մա­­­­­­­­նահ­­­­րաշ քո­­­­լաժ­­­­ներ, զար­­­­դեր եւ այլն…

Ցու­­­­ցա­­­­­­­­­­­­­­­հան­­­­դէ­­­­­­­­­­­­­­­սին ներ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­յացո­­­­ւած են թէ՛ Փա­­­­րաճա­­­­նովի ստեղ­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­գոր­­­­ծութիւննե­­­­րը եւ թէ՛ հայ ձե­­­­ւագէտ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն աշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­տանքնե­­­­րը `տա­­­­րազ­­­­ներ, գլխա­­­­զար­­­­դեր, ժա­­­­նեակներ, մե­­­­տաղեայ կա­­­­խազար­­­­դեր, բո­­­­լորն ալ` ոգեշնչո­­­­ւած մեծ արո­­­­ւես­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­գէտին թո­­­­ղած հա­­­­րուստ ժա­­­­ռան­­­­գութե­­­­նէն։

Այ­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­լու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու ու­­­­շադրու­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­նէն չի վրի­­­­պիր ցու­­­­ցա­­­­­­­­­­­­­­­հան­­­­դէ­­­­­­­­­­­­­­­սին ամե­­­­նահե­­­­տաքրքրա­­­­կան նմուշնե­­­­րէն մէ­­­­կը`«Just Black»-ի կեր­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­րը, որ ներշնչո­­­­ւած է Փա­­­­րաճա­­­­նովի «Ի յի­­­­շատակ Պա­­­­քուի 26 կո­­­­միսար­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րի» քո­­­­լաժէն եւ կը միաւո­­­­րէ հայ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­կան եր­­­­կու խորհրդա­­­­նիշ­­­­ներ՝պտղա­­­­բերու­­­­թեան աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւածու­­­­հի Անա­­­­հիտը եւ Գա­­­­րեգին Նժդե-հը,`աննկուն ոգիով զօ­­­­րավա­­­­րը։

Յու­­­­նո­­­­­­­­­­­­­­­ւար 9-ին Հա­­­­յաս­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­նի մէջ ծայր առին Սեր­­­­կէյ Փա­­­­րաճա­­­­նովի 100-ամեակին նո­­­­ւիրո­­­­ւած ձեռ­­­­նարկնե­­­­րը։ «Փա­­­րաճա­­­նովը եւ նո­­­րաձե­­­ւու­­­թիւնը» ցու­­­ցա­­­­­­­հանդէ­­­սը կ՛իյ­­­նայ այդ ձեռ­­­նարկնե­­­րու ծի­­­րէն ներս։ Կը սպա­­­սուի հրա­­­շալի իրա­­­դարձու­­­թիւննե­­­րու ամ­­­բողջ շարք մը` ար­­­ժե­­­­­­­ւորե­­­լու Փա­­­րաճա­­­նովի արո­­­ւես­­­տը, որ կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ ապ­­­րիլ, ապ­­­րեցնել ու ոգեշնչել բազ­­­մա­­­­­­­թիւ երի­­­տասարդներ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ