Յաջողութեան մաղթանք Պաշթըմարի անդրանիկ ֆիլմին

Թերթիս ըն­­թերցող­­նե­­­րուն գիր­­քե­­­րու ծա­­նօթու­­թեան գրու­­թիւննե­­րով յայտնի Քուրթու­­լուշ Պաշ­­թը­­­մար իր հե­­ղինա­­կած սցե­­նարի հի­­ման վրայ նկա­­րահա­­նած գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան ֆիլ­­մով կը ներ­­կա­­­յանայ շար­­ժանկա­­րի հա­­մաշ­­խարհա­­յին մի­­ջավայ­­րին։

Նա­­խապէս ֆիլ­­մի սցե­­նարը ար­­ժա­­­նացած էր Book Culture Art Times-ի 2024-ի լա­­ւագոյն սցե­­նարի մրցա­­նակին։

«Չիղ­­տեմ» Ֆիլ­­մի հա­­մաշ­­խարհա­­յին առա­­ջին ներ­­կա­­­յացու­­մը պի­­տի կա­­յանայ Սպա­­նիա, Սե­­ւիլի մի­­ջազ­­գա­­­յին կի­­նօ-փա­­ռատօ­­նի ըն­­թացքին։

Պաշ­­թը­­­մար նպա­­տակադ­­րած է իր այս առա­­ջին ֆիլ­­մով մաս­­նակցիլ նաեւ արեւմտեան այլ փա­­ռատօ­­ներու եւս, որոնց աւար­­տին պի­­տի կա­­յանայ Թուրքիոյ ցու­­ցադրու­­թիւննե­­րը։ Ֆիլ­­մի որ­­մազդին վրայ տե­­ղադ­­րո­­­ւած է հան­­րա­­­ծանօթ կի­­նօ-բե­­մադ­­րիչ Սերժ Աւե­­տիքեանի եւ Սահ­­րա Քա­­րինիին տե­­սու­­թիւննե­­րը։

Ֆիլ­­մի նկա­­րահա­­նումնե­­րը կա­­յացած էին Կար­­սի ան­­տե­­­սուած գիւ­­ղի մը մէջ։ Դե­­րասան­­նե­­­րը նոյն ինքն գիւ­­ղի բնա­­կիչ­­ներն են։

Ֆիլ­­մը կը պատ­­մէ գիւ­­ղի դպրո­­ցի աշա­­կեր­­տուհի­­ներէն Չիղ­­տե­­­մի շախ­­մա­­­տի ազ­­գա­­­յին մրցումնե­­րու մաս­­նակցե­­լու ոդի­­սակա­­նը։ Յայտնի է, որ այս ցու­­ցադրու­­թիւննե­­րու աւար­­տին ֆիլ­­մը պի­­տի ու­­նե­­­նայ բա­­ւական բե­­ղուն ար­­ձա­­­գանգներ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ