Նեցուկ կանգնելով Բագրատ Արք. Գալստանեանի իբրեւ քաղաքական գործիչ Հայաստանի կառավարութեան դէմ ստանձնած ապստամբական շարժումին, Էջմիածնի Կաթողիկոսական աթոռը ինքնին դարձած է քաղաքական հակադրութեան կողմ։ Այս ընթացքի բնական հետեւանք իբրեւ, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը վերջերս կը խուսափի պետական աւագանիի հետ նոյն պահուն, նոյն վայրը գտնուելու երեւոյթէն։
Այս մէկը նկատած ենք Ծիծեռնակաբերդի կամ Եռաբլուրի մէջ կայացած հանդիսութիւններու պահուն իսկ։ Շատեր այս անգամ ալ կ՚ակնկալէին նոյն պահուածքը 28 Մայիսին, այսինքն Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան տարեդարձի տօնակատարութիւններու պահուն։ Արդարեւ Բագրատ Արք. Գալստանեան իր համակիրներով միասին նախապէս եկաւ Սարտարապատի յուշահամալիրը եւ հազիւ իր հեռացումէն ետք է, որ պետական աւագանին ներկայացաւ Սարտարապատի զոհերու յիշատակման կոթողին։
Այն պահուն տեղի ունեցաւ անսպասելին, երբ Կաթողիկոսը հոգեւորականներու շքախումբով եւս յայտնուեցաւ արարողակարգի վայրը։
Որքան ալ սովորական երեւոյթ ստացած ըլլայ եկեղեցւոյ առճակատումը գործող օրինական իշխանութեան դէմ, այդ պահուն գործադրուած խրմշտուքը ընդվզում պատճառեցին շատերու մօտ։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պատահածներու մասին լրագրողներու հետ զրոյցի պահուն տուաւ հետեւեալ բացատրութիւնները.
«Նախ մենք պէտք է արձանագրենք, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ ղեկավարուող քաղաքական շարժումը նախորդ օր ու նաեւ երէկ պետական արարողակարգային միջոցառումներու խոչընդոտելուն ուղղուած գործողութիւններ ըրած էր, ու երբ երէկ Վեհափառ Հայրապետը մօտեցած է պետական արարողակարգային միջոցառման վայր, ընդ որում հրաւէր չէ ունեցած, մենք ալ տեղեկութիւն չենք ունեցած, որ ան ունեցած է հրաւէրի ակնկալիք։
Ոստիկանութիւնը պարզապէս փորձած է ճշդել, թէ՞ արդեօք Վեհափառը եկած է իր քաղաքական կողմնակիցներու ու իր կողմէ ղեկավարուող շարժման նախաձեռնուած խոչընդոտող ու սադրող գործողութիւնները շարունակելու, թէ այլ նպատակով։ Երբ ստացած են հաւաստիացումներ, որ այցը ունի արարողակարգային նպատակ, ապահովուած է անոր մուտքը Սարդարապատի յուշահամալիրի՝ պետական արարողակարգային միջոցառումներու տարածք։
…Եթէ եկեղեցու դէմ արշաւ կը տեսնէք, ապա այդ պէտք է տեսնել մէկ այլ տեղ, եւ այդ տեղը կապ չունի ՀՀ կառավարութեան եւ կառավարող մեծամասնութեան հետ» վստահեցուցած է Վարչապետ Փաշինեան։
Ինչ կը վերաբերի Բագրատ սրբազանի հանդիպման առաջարկին, ապա Փաշինեանը նշած է, որ իր հետ հանդիպելու ընթացակարգեր կան. ան որ կ՚ուզէ իր հետ հանդիպիլ, կրնայ հերթագրուիլ ու ազատ հանդիպիլ։
Յիշեցնենք`«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանը Մայիս 21–ին յայտարարած էր, որ ՀՀ իշխանական թեւէն միայն ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ կը խօսի, «մնացածը շօշափուկներ են»։