Պոլսահայ արհեստավարժ եւ սիրողական լուսանկարիչներու ջանքերով նախորդ տարուայ Յունուար ամսուն հիմնուած «Պոլիս Լուսատու» նախաձեռնութիւնը 29 Մայիս Չորեքշաբթի երեկոյ Տեփոյի մէջ կայացած հաւաքական ցուցահանդէսով մը ներկայացաւ արուեստասէր զանգուածին։ Տարբեր ոլորտներու մէջ լուսանկարչութիւն ըրած Սարգիս Կիւրեղ, Մկրտիչ Արծիւեան, Պերճ Արապեան եւ Տայք Տանձիկի գործերէն ընտրուած նմոյշներ այս ցուցահանդէսի առթիւ հանրութեան կը ներկայանան «Վարպետ ձեռքերուն կախարդը» ընդհանուր խորագիրով։ Ինչպէս խորագիրն ալ կը նշէ, ցուցահանդէսի մէջ ծանրակշիռ կը դառնան արդի դրութիւններու ու մեքենաշինութեան դիմաց նահանջող եւ հետզհետէ անհետացող ասպարէզներու վարպետներու աշխատանքը։ Նշենք թէ այս հաւաքածոն ունի նաեւ արխիւային բնոյթ ժամանակակից հայ վարպետներու անունն ու վաստակը վաւերացնելու առումով։