Համավարակէն այս կողմ իր հերթական աշխատանքները ընդհատած Սայաթ Նովա Երգչախումբը նախորդ տարուայ 7 Սեպտեմբերին մեկնարկած էր մանկանց կազմի փորձերը։ Այդ աշխատանքներու պտուղ՝ 9 Յունիս կիրակի օր պիտի ներկայանայ ծնողներուն, երգչախումբի համակիրներուն եւ պոլսահայ հասարակութեան։
Սայաթ Նովա Երգչախումբէ ներս մանկանց կազմի աշխատանքները նախ գլխաւորած էր Իսթանպուլի Օփերայի անուանի մեներգիչ Գէորգ Դաւիթեան եւ ապա դարձեալ երգչախումբի մենակատարներէն Շուշան Գալաթաշ։
Այս երրորդ հանգրուանին խմբավարն է Մասիս Թաշը, որուն դաշնամուրով կ՚ընկերակցի Նորա Ճանիկեան։
Այժմ Սայաթ Նովա Երգչախումբին վարչակազմին մէջ մեծամասնութիւն կը կազմեն երբեմնի մանկանց երգչախումբի անդամները։ Իրենց վկայութիւնով նոր նախաձեռնութիւնը առաջնահերթ կը համարէ հայերէնի խաղի ու զուարճանքի մէջ կենսունակօրէն արտասանութիւնը։
«Մենք ոգեւորուած ենք հայերէն երգերով, երաժշտութեան մէջ գիւտարար խաղեր խաղալով եւ ալ աւելի կարեւորը այս բոլորը զուարճանքի վերածելով։ Սա երախաներու համար մեղեդիներու կողքին ձայներու կշռոյթի համար ալ ճաշակ եւ գիտակցութիւն գոյացնելու առիթ մըն է։ Ինչպէս նշած էինք վերեւ ալ, այժմու գործընթացը աննախադէպ է եւ փորձի նոր դաշտ մը մեզի համար ալ»։
Սայաթ Նովա Մանկանց Երգչախումբը 9 Յունիս Կիրակի, ժամը 16.00-ին «Ոտաբոպիկներու պարախումբ»ի Ֆիրուզաղա թաղի, Չուքուրճումա փողոցի թիւ 6 հասցէին գործող աշխատանոցին մէջ ազատ մուտքի դրութեամբ պիտի ներկայանայ պոլսահայոց։