Վերապրումը՝ իբրեւ արուեստի գործ

ԹԱԼԻՆ ՍՈՒՃԵԱՆ

«Իւ­րա­քան­չիւր հայ փաս­տա­թուղթ է», ըսած էր Հրանդ Տինք։ Կը գտնո­ւինք նոր ժա­մանա­կի մը մէջ, ուր հա­յերը կը փոր­ձեն հասկնալ իրենց պա­տահա­ծը՝ իրենց անձնա­կան եւ ըն­տա­նեկան պատ­մութիւննե­րուն ընդմէ­ջէն, անձնա­կան փոր­ձա­ռու­թիւննե­րուն ընդմէ­ջէն։ Այս նոր ժա­մանա­կին բնոյ­թը մեզ­մէ կը պա­հան­ջէ տես­նել վե­րապ­րողնե­րուն գոյատեւման պայ­քա­րը, յար­գել ու պա­տուել զա­նոնք եւ մեր կեան­քե­րուն մէջ տեղ տալ անոնց՝ այնպէս ինչպէս ար­ժա­նի են։ Կա­րելի է ըսել, որ հա­յերը սկսան որ­դեգրել պատ­մութեան ըմբռնում մը, որ կը նա­յի սե­փական ըն­տա­նիքի պատ­մութեան եւ կը փոր­ձէ հասկնալ իրենց մեծ մայ­րե­րուն եւ մեծ հայ­րե­րուն ապ­րած աղէ­տը։ Այս մօ­տեցու­մը ըն­տա­նեկան պա­րագա­ներուն առիթ կ՚ըն­ծա­յէ աղէ­տին մօ­տենա­լու եւ իրենց բա­ժինը դի­մակա­յելու՝ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ար­տադրու­թիւննե­րու հետ առնչա­կից ըլ­լա­լով։ Այսպի­սով, հա­յերուն գո­յատե­ւելու պայ­քա­րը փաս­տա­թուղթէ կը վե­րածո­ւի արո­ւես­տի։

Հա­յերը Միացեալ Նա­հանգներ սկսած են գաղ­թել 1915 թո­ւակա­նէն շատ առաջ՝ չա­րաշա­հող հար­կե­րու եւ գա­ւառ­նե­րու մէջ գոր­ծադրո­ւող այլ ճնշո­ղական քա­ղաքա­կանու­թիւննե­րու հե­տեւան­քով։ Այս գաղ­թօ­ճախ­նե­րուն ամէ­նէն նշա­նաւո­րը Ֆրեզ­նօն է, Ուի­լիամ Սա­րոյեանի ծննդա­վայ­րը։ Միւ­սը, բնա­կանա­բար, Ֆի­լատել­ֆիան է, ուր մին­չեւ օրս մեծ թի­ւով հայ ըն­տա­նիք­ներ կ՚ապ­րին։ Ֆի­լատել­ֆիոյ հայ ըն­տա­նիք­նե­րը բազ­մա­թիւ նա­մակագ­րութիւններ եւ նկար­ներ ու­նին Օս­մա­նեան նա­հանգնե­րուն մէջ ապ­րած իրենց ազ­գա­կան­նե­րուն հետ, այլ խօս­քով՝ ըն­տա­նեկան ար­խիւներ, որոնք փաս­տա­թուղթեր են 20-րդ դա­րու սկիզ­բի հա­յերուն առօ­րեային մա­սին։ Պատ­մագրու­թեան ոլոր­տին ծա­ւալու­մը՝ նե­րառե­լով վե­րապ­րողնե­րուն փոր­ձա­ռու­թիւննե­րը կեն­սագրա­կան եւ ինքնա­կեն­սագրա­կան տե­սան­կիւննե­րէն, տե­սանե­լի կը դարձնէ աղէ­տին մօ­տենա­լու նոր ձե­ւերը։

Սթոք­թըն եւ Մոնթքլեր հա­մալ­սա­րան­նե­րուն մէջ ան­ցեալ տա­րի կազ­մա­կեր­պո­ւած «Հայ­կա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը, մէկ ըն­տա­նիքի մը պատ­մութիւ­նը» ցու­ցա­հան­դէ­սը լաւ օրի­նակ մըն է այս առու­մով։ Ցու­ցա­հան­դէ­սը կը պատ­մէ Խնու­սէն Զա­քարեան եւ Ար­բա­ճեան ըն­տա­նիք­նե­րուն վե­րապ­րումի եւ նոր կեանք կեր­տե­լու պատ­մութիւ­նը։ Այսպի­սով, մենք կը սոր­վինք նաեւ ամե­րիկա­հայ գեղանկա­րիչ Մա­րի Զա­քարեանին մա­սին։ Մ. Զա­քարեանին մայ­րը՝ Արե­գը (1895-ին ծնած), եւ հայ­րը՝ Մով­սէ­սը (1881-ին ծնած), 1915-ին իրենց ըն­տա­նիք­նե­րը կորսնցու­ցած վե­րապ­րողներ էին։ Արե­գը նա­խապէս պսա­կուած է. ամ­բողջ ըն­տա­նիքը կորսնցնե­լէ ետք, որ­պէս աղա­խին ան ծա­ռայած է՝ նախ իս­լամ ըն­տա­նիքի մը եւ ապա՝ Պոլ­սոյ մէջ հայ ըն­տա­նիքի մը մօտ ։ Յե­տոյ, ինչպէս ոեւէ մէկ այլ երի­տասարդ հայ կնոջ, յա­րատեւ ար­տաքսու­մը զինք հաս­ցուցած է Միացեալ Նա­հանգներ։ Մով­սէս Զա­քարեանը, նշա­նաւոր տու­տուկա­հար, Միացեալ Նա­հանգներ հա­սած է 1913-ին եւ ան­գամ մը եւս չէ տե­սած Խը­նուսի մէջ թո­ղած իր ըն­տա­նիքը։ Արե­գին եւ Մով­սէ­սին պատ­մութիւննե­րը միայն անոնց յա­տուկ չէ։ Այ­սօր, Միացեալ Նա­հանգներ կամ այ­լուր ապ­րող իւ­րա­քան­չիւր հայ ըն­տա­նիք նմա­նատիպ կամ նոյ­նիսկ նոյն տե­սակի պատ­մութիւ­նը ու­նի։ Այս ընդհան­րութիւ­նը կա­րեւոր է, որով­հե­տեւ մեզ կը յի­շեց­նէ, թէ ըն­տա­նեկան պատ­մութիւննե­րը հա­ւաքա­կան պատ­մութեան ար­տա­ցոլումն են եւ ոչ թէ՝ եզա­կի կամ ան­հա­տական։

Մա­րի Զա­քարեանը, այս նոր երկրին մէջ Արե­գին եւ Մով­սէ­սին չորս զա­ւակ­նե­րէն մին, իր աս­պա­րէզը դար­ձուց նկարչ­ութիւ­նը եւ իր գոր­ծե­րուն մէջ ներ­կա­յացուց աղէ­տին ար­տա­ցոլա­ցու­մը իր ըն­տա­նիքին վրայ։ «Մօրս ան­հատնում ող­բը», 1974-ին ցու­ցադրո­ւած, իր ամէ­նէն կա­րեւոր գոր­ծե­րէն մէկն է։ 1971-ին, ան հիմ­նած է Զա­քարեան արո­ւես­տի դպրո­ցը, ուր հա­րիւ­րա­ւոր արո­ւես­տա­գէտ­ներ պատ­րաստած է։

Սիւ­զան Ար­բա­ճեան Ճո­լի եւ Ալան Ար­բա­ճեան ժրա­ջանօ­րէն աշ­խա­տած են Զա­քարեան ըն­տա­նիքի պատ­մութիւ­նը ներ­կա­յաց­նող ցու­ցա­հան­դէ­սի մը պատ­րաստու­թեան եւ ի մի բե­րած են ըն­տա­նեկան լու­սանկար­ներ եւ նա­մակ­ներ։ Անոնք նաեւ հե­ղինա­կած են «Out of My Great Sorrows: The Armenian Genocide and Artist Mary Zakarian» գիր­քը, 2017-ին Ռութլէտճ հրա­տարակ­չա­տու­նէն լոյս տե­սած։

Մինչ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րապ­րողնե­րուն կեան­քե­րը աւե­լի տե­սանե­լի կը դառ­նան, կը նկա­տենք, որ իւ­րա­քան­չիւր հայ, փաս­տա­թուղթ մը ըլ­լա­լու կող­քին, արո­ւես­տի գործ է. նոյնպէս ալ՝ իւ­րա­քան­չիւր վե­րապ­րումի պատ­մութիւն։ Պատ­մութիւն մը, ուր ըն­տա­նեկան նա­մակ­նե­րը աւե­լի շատ կար­դա­ցուած են, անձնա­կան վե­րապ­րումի պատ­մութիւննե­րը աւե­լի յար­գո­ւած են եւ մէկ սե­րունդէ միւ­սը աւե­լի հեշ­տութեամբ փո­խան­ցո­ւած են, մե­զի կ՚օգ­նէ աւե­լի լաւ հասկնա­լու, թէ ո՛ր իրա­կանու­թեան մաս կը կազ­մենք։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ