Շաբաթօրեայ անցուդարձներ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

25 Մա­յիս 2024 թո­ւակա­նը իմաս­տա­լից էր, քա­նի որ ան կը զու­գա­դիպէր Շա­բաթօ­րեայ Մայ­րե­րու 1000-րդ մէկ­տեղման։ Որ­քան որ սո­վորու­թիւն դար­ձած է «Շա­բաթօ­րեայ Մայ­րեր» եզ­րը, շար­ժումը նկա­տի ու­նե­նալով ան­յայտ կո­րած, ան­թաղ մնա­ցած, ոճ­րա­գործները ան­պատժե­լիու­թեան սկզբունքով ան­պարտ մնա­ցած­նե­րուն հայ­րե­րը, ամու­սիննե­րը, որ­դի­ները եւ թոռ­նե­րը, որ­դեգրած է «Շա­բաթօ­րեայ Մար­դիկ» ար­տա­յայ­տութիւ­նը։

Ար­դա­րեւ 1000-րդ հան­դի­պու­մը ինչպէս կը նա­խատե­սուէր, կա­յացաւ զան­գո­ւածա­յին մաս­նակցու­թեամբ։

Անվտան­գութեան ծա­ռայու­թեան վա­րիչ­նե­րը այս ան­գամ խու­սա­փեցան մէկ­տե­ղու­մը ար­գի­լելու եւ մաս­նակցող­նե­րը բեր­ման են­թարկե­լու իրենց աւան­դա­կան վար­մունքէն։ Ընդ հա­կառակ Կա­լաթա­սարա­յի Հրա­պարա­կը ամ­բողջո­վին տրա­մադ­րուեցաւ ցու­ցա­րար­նե­րուն։ Այստեղ, ինչպէս կը կա­տարո­ւէր նա­խորդ բո­լոր մէկ­տե­ղումնե­րուն, ան­յայտ կո­րած­նե­րու մեր­ձա­ւոր­նե­րը փոխն ի փոխ բարձրա­խօսը առ­նե­լով ծա­նօթա­ցու­ցին իրենց հա­րազատ­նե­րը եւ անոնց նախ բեր­ման են­թարկո­ւելու եւ ապա ան­յայտ կոր­չե­լու պատ­մութիւ­նը։

Հան­րա­հաւա­քին մաս­նակցած էին ՏԵՄ կու­սակցու­թեան նախ­կին ու գոր­ծող հա­մանա­խագահ­ներ, պատ­գա­մաւոր­ներ եւ քա­ղաքա­պետեր։ Նոյնպէս այլ ընդդի­մադիր կու­սակցու­թիւննե­րէն ալ պատ­գա­մաւոր­ներ եւ քա­ղաքա­կան գոր­ծիչներ ներ­կայ էին։ Մի­ջոցառ­ման հե­տեւե­ցան բազ­մա­թիւ լրագ­րողներ, որոնք նկա­րահա­նեցին եւ մէկ մասն ալ ու­ղիղ հա­ղոր­դումով սփռե­ցին կա­տարո­ւածը։

Կէս ժամ տե­ւող մի­ջոցա­ռու­մը աւար­տին հա­սաւ մաս­նա­կից­նե­րու Իս­թիքլալ Պո­ղոտա­յի վրայ ցրո­ւելով։

Կին ըլ­լալ բան­տի մէջ

Այս խո­րագի­րով մօտ եր­կու տա­րի առաջ կա­յացած աշ­խա­տանո­ցի տե­ղեկա­գիր­նե­րը եւ յօ­դուած­նե­րը վեր­ջա­պէս հա­ւաքո­ւեցան հա­տորի մը ձե­ւաչա­փով։ Այս հրա­տարա­կու­թեան հա­մար կազ­մա­կեր­պո­ւեցաւ յա­տուկ շնոր­հանդէս մը Իս­թիքլալ փո­ղոցի պատ­մա­կան «Ազ­նա­ւուր Փա­սաժ»ի վե­ցերորդ յար­կը գոր­ծող «Քար­շը Սա­նաթ» ցու­ցասրա­հի մէջ։

Ոմանք հան­րա­ծանօթ, ոմանք աւե­լի նո­ւազ յայտնի բազ­մա­թիւ կի­ներ բան­տի պայ­մաննե­րու մա­սին իրենց տպա­ւորու­թիւննե­րը թուղթի յանձնած են, ուրկէ դուրս կու գայ ամ­բողջա­կան պա­տում մը, Թուրքիոյ բան­տե­րու մէջ կին բան­տարկեալ ըլ­լա­լու դժո­ւարու­թիւննե­րու մա­սին։

«Ար­գե­լանոց­նե­րը իրենց ճար­տա­րապե­տական նա­խագի­ծով, ներ­քին բա­ժանումնե­րով եւ գործնա­կան կար­գադրու­թիւննե­րով բո­լորո­վին այր միտ­քի շի­նու­թիւններ են։ Ար­դա­րեւ բո­լոր կի­րար­կումնե­րը հիւ­սո­ւած են այ­րիշխան պե­տու­թեան մը իշ­խա­նու­թեան վրայ։ Այստեղ սե­ռային խտրա­կանու­թիւնը կրկին ան­գամ կ՚ար­տադրո­ւի։ Թուրքիոյ բան­տե­րու մէջ մօտ 15 հա­զար կի­ներ բան­տարկո­ւած են»։

Վե­րեւ նշո­ւած տե­ղեկու­թիւննե­րը քա­ղուած են սոյն գիր­քի կող­քին ծա­նօթագ­րութե­նէն։

Ինչպէս վե­րեւ ալ նշե­ցինք այստեղ եւս կը տի­րէր բազ­մութիւն մաս­նակցու­թիւնը, որոնց կա­րեւոր մէկ մա­սը հեր­թի կանգնե­ցան գիր­քի բո­վան­դա­կու­թեան հե­ղինակ­նե­րէն մա­կագ­րութիւն ստա­նալու հա­մար։

Հան­րա­տու­նե­րու հմայ­քը

Իւ­րա­յատուկ ապ­րում է ամ­բողջ օր մը անցնել Պոլ­սոյ պատ­մա­կան Պէ­յօղ­լու թա­ղամա­սի, յատ­կա­պէս ալ Փե­րայի պո­ղոտա­յի շուրջ։ Թէ մայր պո­ղոտան եւ թէ յա­րակից նեղ­լիկ փո­ղոց­նե­րը շրջա­գայո­ղը ինքնա­բերա­բար կը ձեր­բա­զատուի եր­կի­րը յու­զող ըն­կե­րաքա­ղաքա­կան ու տնտե­սական բո­լոր ան­յաղթա­հարե­լի խնդիր­նե­րէն։ Կը մտնէ հո­սան­քի մը մէջ, ուր կը լսո­ւին աշ­խարհի բո­լոր լե­զու­նե­րը, կը տո­ղան­ցեն մարդկա­յին ցե­ղի բո­լոր տե­սակ­նե­րը եւ ան­վերջա­նալի եռու­զեռ մը իր մէջ կ՚առ­նէ բո­լոր ան­ցորդնե­րը։

Քա­նի մը ժամ վերջ այդ եռու­զե­ռէն ձանձրա­ցած փոր­ձե­ցինք գո­վըն­տի նեղ­լիկ փո­ղոց­նե­րէն հաս­նիլ Աղա­ճամի փո­ղոցի Սուրբ Աս­տո­ւածա­ծին Եկե­ղեցի։

Այս փո­ղոց­նե­րէն ոմանք ան­ցեալին եղած են քա­ղաքա­պետու­թեան կող­մէ պաշ­տօ­նապէս ճա­նաչում տե­սած հան­րա­տու­ներ։ Այդ հան­րա­տու­նե­րու փո­խադ­րութե­նէն մօ­տաւո­րապէս վեց տաս­նեակ անց իս­կա­պէս հե­տաքրքրա­կան էր այդ փո­ղոց­նե­րու հա­մայ­նա­պատ­կե­րը։

Տու­նե­րէն շա­տեր վե­րանո­րոգո­ւած էին, իսկ ոմանք հիւ­րա­նոցի վե­րածո­ւած։ Մայ­թե­րու վրայ կի­սամերկ կը շրջէին ցո­փու­հի­ներ, միասե­ռական­ներ կամ սե­ռափո­խեր եւ անոնք վա­ճառող գա­ւաթ­նե­րը։

Եթէ ոմանց հա­մար վա­խազ­դու, բայց խոս­տո­վանիմ թէ իմ եւ կնոջս հա­մար հե­տաքրքրա­կան կարճ ճա­նապարհ մըն էր այդ, որ մեզ հաս­ցուց Սուրբ Աս­տուածա­ծին Եկե­ղեցի։

Ֆիլ­հարմո­նիքի քա­ռեակի
հա­մեր­գը

Շա­բաթ օրը իս­կա­պէս ալ ծան­րա­բեռ­նո­ւած էր մեր օրա­կար­գը, քա­նի որ առա­ջին եր­կու ծանր ապ­րումնե­րով լե­ցուն մի­ջոցա­ռումնե­րէ ետք այս ան­գամ պի­տի յա­գեց­նէինք մեր սրտնե­ղու­թիւնը դա­սական երաժշտու­թեան ունկդրու­մով։

Հայ Կա­թողի­կէ առաջ­նորդա­նիստ Սուրբ Աս­տո­ւածա­ծին Եկե­ղեցին շատ գնա­հատե­լի մտայ­ղա­ցու­մով մը տա­ճարի դռնե­րը բա­ցած էր Իս­թանպու­լի Ֆլար­մո­նիկ Միու­թեան քա­ռեակին։ Տա­ճարը ամ­բողջո­վին լե­ցուն էր երաժշտա­սէր­նե­րով։ Խո­րանի փակ վա­րագոյ­րին առ­ջեւ տեղ առին ջու­թա­կահար Օլեք­սանտր Սա­մոյ­լենքօ, բ. ջու­թա­կահար Եոն­ճա Սիւ­լիւն՝ ջու­թահար Վեր­տա Կիւլ եւ թաւ ջու­թա­կահար Շա­ֆաք Էրիշ­քին։

Երաժշտա­կան առա­ջին հնչիւննե­րով իսկ գո­յացաւ կա­խար­դա­կան մթնո­լորտ մը, ուր արո­ւես­տա­գէտ­նե­րը իրա­րայա­ջորդ կեր­պով կը կա­տարէին Հայ­տը­նէ, Մաս­քակնիէ, Պրամ­սէ, Տվոր­ժա­քէ, Չայ­քոֆսքիէ, Շթրաու­սէ, Փյա­զոլ­լա­յէ, Ալ­պե­նիցէ, Մոն­թիէ եւ Կար­տե­լէ բաղ­կա­ցած յայ­տա­գիրը։

Իս­կա­պէս ալ յատ­կա­պէս Պրամ­սի հունգա­րական պա­րը Տվոր­ժա­քի սլա­վոնիք տան­սը, Փյա­զո­լա­յի լի­պերեթան­կօն եւ Մոն­թիի Չար­տա­շը իրենց պա­րային կշռոյ­թով մեծ ոգե­ւորու­թիւն գո­յացու­ցին ունկնդիր­նե­րու մօտ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ