Սահմանադրական Ատեանէն ուշագրաւ վճիռ

Երբ համայնքային հիւանդանոցներու վար­չութեանց ընտրու­թիւննե­րը մատ­նո­ւած են անո­րոշու­թեան, պե­տական պաշ­տօ­նաթեր­թի մէջ հրա­պարա­կուե­ցաւ Սահ­մա­նադ­րա­կան Ատեանի որո­շու­մը, ի պա­տաս­խան խումբ մը յոյն քա­ղաքա­ցինե­րու դի­մու­մին։

Այսպէս Բարձրա­գոյն Ատեանը ար­դար կը տես­նէր դի­մող­նե­րու պա­հան­ջը եւ ընտրու­թիւննե­րու հե­տաձ­գումը կը բնու­թագրէր «կազ­մա­կեր­պո­ւելու իրա­ւունքի ոտ­նա­կոխում»։

Դա­տարա­նը այս վճի­ռը փո­խան­ցած է Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան։

Բո­լորին ծա­նօթ է թէ այս ընտրու­թիւննե­րը կազ­մա­կեր­պե­լու իրա­ւասու­թիւնը կը վի­ճակի սոյն տնօ­րէնու­թեան, բայց ան ի զօ­րու չէ նոյ­նիսկ իր իրա­ւասու­թեան սահ­մաննե­րուն գտնո­ւող նիւ­թե­րու մա­սին Հան­րա­պետու­թեան Նա­խագա­հը շրջան­ցե­լով որո­շում կա­յաց­նե­լու։

Նկա­տի ու­նե­նալով վեր­ջերս Սահ­մա­նադ­րա­կան Ատեանի կարգ մը որո­շումնե­րուն ան­տե­սուե­լու երե­ւոյ­թը, հար­ցա­կան կը մնայ նաեւ այս վճի­ռի գոր­ծադրու­թիւնը։

Դա­տարա­նը դի­մու­մը քննար­կած եւ վճի­ռը ար­ձա­կած է 19 Դեկ­տեմբեր 2023 թո­ւակա­նին, եւ մէ­կական պատ­ճէ­նը ու­ղարկած դի­մող­նե­րու իրա­ւապաշտպան Ճեմ Սո­ֆուօղ­լո­ւին, Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան եւ Ար­դա­րադա­տու­թեան Նա­խարա­րու­թեան։

Որո­շու­մին պե­տական պաշ­տօ­նաթեր­թի մէջ հրա­պարա­կու­մէն յե­տոյ հե­տաքրքրու­թեամբ պի­տի սպա­սուի յա­ռաջի­կայ զար­գա­ցումնե­րը։

Ճեմ Սո­փուօղ­լո­ւի
մեկ­նա­բանու­թիւնը

Հինգ յոյն քա­ղաքա­ցինե­րու իրա­ւապաշտպան Ճեմ Սո­փուօղ­լու «Ակօս»ին յայտնեց թէ որո­շու­մը դրա­կան է իրենց հաշ­ւոյն։ Ան կա­րեւո­րեց Սահ­մա­նադ­րա­կան Ատեանի վճի­ռին մէջ ընդգծո­ւած կազ­մա­կեր­պո­ւելու իրա­ւունքի ոտ­նա­կոխու­մը։ Սո­ֆուօղ­լու նշեց թէ պաշ­տօ­նական յայ­տա­րարու­թիւնը կա­յացած է 21 Մա­յիսին եւ ինք հի­մա պի­տի դի­մէ Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան։

«Շատ դրա­կան վճիռ մըն է այս, որուն յայ­տա­րարու­թիւնը դեռ նոր հրա­պարա­կուե­ցաւ։ Այժմ մեկ­նարկած է գոր­ծընթա­ցը եւ Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թիւնը պէտք է ան­յա­պաղ կա­տարէ հի­ւան­դա­նոց­նե­րու վար­չա­կազ­մի ընտրու­թիւնը։ Ես կը յու­սամ թէ դա­տարա­նի այս վճի­ռը պի­տի արա­գաց­նէ կա­նոնագ­րութեան հրա­պարա­կու­մը։ Սա պե­տու­թեան պա­տաս­խա­նատո­ւու­թեան մաս կը կազ­մէ» կ՚ըսէ իրա­ւապաշտպան Սո­ֆուօղլու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ