20Մայիս երկուշաբթի յետմիջօրէին համաշխարհային լրատուամիջոցները ողողուեցան խիստ ցնցիչ լրատուութիւնով։ Իրանի Նախագահը, Արտ. Գործ. Նախարարը եւ այլ բարձրաստիճան պետական անձիք փոխադրող ինքնաթիռը պարտադիր վայրէջք կատարած էր Իրան Ատրպէյճան սահմանի մօտակայ լեռնային վայրի մը մէջ։ Լրահոսքը կը շարունակուէր այլ մանրամասնութիւններով։
Նախագահ Ռայիսի իր ազերի պաշտօնակից Ալիեւի հետ սահմանամերձ տարածքի վրայ կառուցած ջրամբարի մը պաշտօնական բացումը կատարած էին։ Հանդէսի աւարտին Իրանական պատուիրակութիւնը փոխադրող երեք ուղղաթիռներ մեկնած էին դէպի Թաւրիզ, որոնցմէ մէկը անյայտ կորած էր։ Երկար ժամեր տեւող որոնումէ ետք, երբ փրկարար ջոկատները դէպքի վայրը հասան, պարզուեցաւ որ ուղղաթիռի ճամբորդներու բոլորը մահացած են։ Այդ պահուն դարձեալ համաշխարհային գետնի վրայ ծայր առաւ դաւադրական բազմաբնոյթ տեսութիւններ։ Շատեր կասկած ունէին ինքնաթիռի եղանակի պայմաններով բեկանման մասին։ Անոնք իսկոյն կը մտաբերէին մօտ անցեալին Իրան-Իսրայէլ լարուածութիւնը ու կը պնդէին թէ Ռայիսի մահափորձի մկ զոհը եղած է։
Այդ կարծիքներու մէկ մասը նոյնիսկ կը հասնէին Ատրպէյճանը այդ մահափորձի մասնակից դարձնող պնդումներու։ Այս վերջիններն ալ դիտել կու տային Ատրպէյճան եւ Իսրայէլի հետզհետէ զինուորային դաշնակցութեան տպաւորութիւն գոյացնող մերձեցման։ Չորեքշաբթի օր Իրանի Նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի, Արտ. Գործ. Նախարար Հիւսէյին Ապտուլլահիյան եւ այլ պաշտօնեաներու համար մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ յուղարկաւորութեան արարողութիւն կազմակերպուեցաւ, որուն մասնակցեցան բազմաթիւ քաղաքացիներ։
Յուղարկաւորութեան կարգը մեկնարկեց Իրանի հոգեւոր առաջնորդ Այեթուլլահ Համանէի Թահրանի Համալսարանի մէջ կիրարկած նամազի աղօթքով։
Ապա պարսկական դրօշակի փաթաթուած դագաղները ուսամբարձ կերպով փոխադրուեցան մայրաքաղաքի կեդրոնական «Ազատի» հրապարակը։
Աւելի վերջ Ռայիսիի մարմինը փոխադրուեցաւ Հարաւային Հորասան եւ ան հողին կը յանձնուի իր ծննդավայր Մեշհետի մէջ։
Յուղարկաւորութեան մասնակցեցան օտար երկրացի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։ Թուրքիան կը ներկայացնէին Նախագահի օգնական Ճեւտետ Եըլմազ եւ Արտ. Գործ. Նախարար Հաճան Ֆիտան։ ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փաքիստանի, Ըրաքի, Ատրպէյճանի վարչապետները, Չինաստանի փոխ վարչապետը, Համասի եւ Թալիպանի գլխաւոր վարիչները։
63 ամեայ Ռայիսի իբրեւ նախագահ ծանօթ էր իր կրօնամէտ կարծր կեցուածքով։ Նախագահութեան շրջանին իրագործուած էին բազմաթիւ մահապատիժներ։ Այժմ նախագահի պաշտօնը ժամանակաւորապէս ստանձնած է Մուհամմէտ Մուհպիր, որ նախապէս կը տանէր նախագահի օգնականի պաշտօնը։
Տեղական մամուլը կը յայտարարէ թէ 28 Յունիսին պիտի կայանայ նոր նախագահի ընտրութիւնը։