Պոլսահայ երաժշտական կեանքի աստղերէն Մարալ Այվազ կը պատրաստուի նոր հեղինակային համերգի մը, որ պիտի կայանայ 28 Մայիս երեքշաբթի, ժամը 20.30-ին, Շիշլի Ճեմիլ Ճանտաշ Մշակոյթի Կեդրոնին մէջ։
Համերգի նախապատրաստութեան բեղուն շրջան մը բոլորած երգչուհին «Ակօս» այցելեց, խմբագրութիւնս իր մօտակայ համերգին հրաւիրելու համար։
Այս առթիւ ան հակիրճ տեղեկութիւններ տալով յայտնեց թէ բեմին վրայ իրեն պիտի ընկերակցին «Առագաստ» նուագախումբի անդամները, որոնց հետ անցեալին ալ ունեցած էր շատ փայլուն ու ներդաշնակ գործակցութիւն։
Մարալ Այվազին հետ խօսեցանք մշակութային, գեղարուեստական ու գրական ոլորտի դիմագրաւած բազմաբնոյթ դժուարութիւններու մասին, որոնց յաղթահարումը կարելի կ՚ըլլայ արուեստագէտի, արուեստի մշակի անձնական զոհողութիւններով։
«Մենք հետզհետէ բնական կը համարենք այս զոհողութիւնները, քանի որ որդեգրած ենք մշակոյթին ծառայելու առաքելութիւնը»։
Մեզի կը մնայ հաստատել երախտապարտութիւն այն նուիրեալներուն, որոնք կը գիտակցին իրենց կատարած գործի կարեւորութեան եւ չեն վարանիր բոլոր զոհողութիւնները յանձն առնել ի գին ազգային մշակոյթի սատարելու։