ԱՂԱՒՆԻ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆ
21 Մայիս Երեքշաբթի օր Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցուոյ մէջ կայացաւ վաստակաւոր կրթական մշակ Պարոյր Էրսարաչի յուղարկաւորութեան կարգը։
Ան երկար տարիներ իբրեւ ուսուցիչ ծառայելէ ետք պաշտօնավարած էր նաեւ իբրեւ քննիչ, մաս կազմելով երկրի Կրթութեան Նախարարութեան անձնակազմին։
Երբ տարիքի բերմամբ թոշակառու դարձաւ, Պարոյր Էրսարաչ որոշեց մասնագիտական փորձառութեամբ նպաստել իր համայնքին։
Գործի լծուեցաւ նախ ուսումնասիրելով Պոլսոյ հայ վարժարաններու առանձնայատկութիւնները։ Նկատեց թէ գաղութի 16 դպրոցները, ոմանք քանի մը տասնեակ, իսկ ոմանք ալ քանի մը հարիւր աշակերտներով կը փորձեն նոյն ուսման ծրագիրը իրականացնելու նպատակով։
Բժշկագիտութիւնը եւ մանկավարժներ վաղուց յայտնաբերած էին իրողութիւն մը։ Մարդկանց ուղեղը ունէր ընկալման տարբեր յատկութիւններ։ Ոմանք ունակ էին թուաբանական եւ բնագիտական գիտելիքներու, ոմանք գրական, ոմանք ալ լեզուական ուսուցման մէջ։ Նաեւ այս տարբերակներուն վրայ աւելցուցին մարմնամարզական, գեղարուեստի կամ առհասարակ արհեստներու հանդէպ հակումները։
Ընկալման այս տարբերութիւնները նկատի ունենալով, երկրի տարածքին յայտնուած էին բնագիտական, ընկերային գիտութիւններու կամ գեղարուեստի թեքումով վարժարաններ։ Իսկ մեր մօտ կարգ մը վարժարաններ, լոկ տնտեսական խնայողութեան մտահոգութեամբ կը թերանային նոյնիսկ երկրորդական վարժարանի աշակերտներուն համար բնագիտականի կողքին գրական ճիւղի դասարաններ բանալէ։
Պարոյր Էրսարաչ նկատելով սոյն բացթողումը, տեղեկագիր մը պատրաստեց համայնքային վարժարաններուն բնագիտութեան, գրականութեան եւ արհեստներու հիման վրայ տարբեր յատկութիւններ վերագրելով։
Ան նաեւ նկատեց մանկապարտէզի նախորդող մանկամսուրներու բացակայութիւնը։ Աշխատող ծնողներու համար խիստ կարեւոր հաստատութիւն մը, որ իր դռները պիտի բանար աւելի փոքր տարիքի երախաներու դիմաց։
Կար նոյնքան կարեւոր պակաս մը։ Ունենալով հանդերձ մարմնական ու մտային թերութիւններ ունեցող երեխաներ ու պատանիներ, զուրկ էինք անոնց խնամքը ստանցնելու նուիրումով գործող կրթական հաստատութենէ։
Ճիշդ ու տեղին ախտաճանաչումի մը օրինակ էր Էրսարաչի պատրաստած տեղեկագիրը։ Սակայն ան փորձանքի մը վերածուեցաւ երբ հեղինակը առաջարկեց լուծման եղանակն ալ, մատնացոյց ընելով կարգ մը հաստատութիւնները։
Մանկավարժական գիտելիքէ եւ գիտակցութենէ զուրկ խնամակալներ եւ թաղականներ այդքան ալ պատրաստ չէին ժամանակաւոր շրջանի մը համար իրենց վարչութեան յանձնուած հաստատութենէ ներս հիմնական փոփոխութիւններ կատարելու։
Աւելին՝ ծագեցան բազում բանավէճեր, որոնք հասան նոյնիսկ դատ-դատաստանի անբաղձալի հանգրուանին։
Իսկ ի՞նչ մնաց այդ մասնագիտական բնոյթով տեղեկագիրէն։ Նախ մեր վարժարաններէն ոմանք աւելի կանուխ տարիքի աշակերտներ ընդունել սկսան։ Կարելի չեղաւ բառին բուն իմաստով մանկամսուրներ գոյացնել գոնէ հայաշատ քանի մը թաղերու մէջ։
Պահանջներու պարտադրութեամբ կազմակերպուեցաւ մարմնական ու մտային թերութիւններ ունեցողներու համար բազմաբնոյթ ծառայութիւններ մատուցող հաստատութիւն մը։ Իմաստին թրքերէն արտայայտութենէն կրճատուելով կոչուեցաւ ԶԻՊԷՉ։
Շնորհիւ նախաձեռնողներուն, ան շուտով ընդունելութիւն գտաւ ամբողջ համայնքի կողմէ։ ԶԻՊԷՉ-ի ընդձեռած ուսման ծրագիրէն օգտուողներու թիւը կը գերազանցէր նոյնիսկ գաղափարը յղացող Պարոյր Էրսարաչի կանխատեսումները։
Ծրագիրը կեանքի կոչողները դարձեալ իրաւացի ու տրամաբանական որոշումով մը իրենց հաստատութիւնը կցեցին Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցին։ Սակայն այս առաջին հերթին տրամաբանական թուացող որոշումը դժբախտաբար ունեցաւ ծանր հետեւանքներ, որու պատճառաւ ալ այդքան կարեւոր հաստատութիւնը, որ գործել սկսած էր մեծ ոգեւորութիւնով, անձայն անշշուկ դադրեցուց իր ծառայութիւնը։
Իբրեւ կազմակերպչական աւանդական յատկութիւնները անհատներու կիրքերուն թողած համայնք, անգամ մը եւս յայտնուեցանք անճարակութեան մէջ։
Պարոյր Էրսարաճի մահով ակամայ մտաբերեցինք այս բոլորը, քանի որ նոյնքան անպարկեշտ գտնուած էինք, նոյն ինքն իր հանդէպ։
Կարելի է ըսել թէ պարտական մնացինք իր նուիրումին պատճառաւ եւ հիմա կը բաւարարուինք իր հոգւոյն արդարութեան համար աղաչելով ու աղօթելով։