ՆԱՐՕՏ ԵԱՆԸՔՕՂԼՈՒ ՔԸՅՄԱԶ
Աշխարհի չորս կողմը կրնանք գտնել զանազան պատմութիւններ եւ յիշատակներ։ Այս պատմութիւններէն ոմանք կրնան իրական, իսկ ոմանք ալ երեւակայական ըլլալ։ Բայց յիշատակները կրնան միայն իրական, որովհետեւ անոնք իրենց մէջ կը պարունակեն ապրումներ։ Բան մը առաջ կ՛ապրուի յետոյ յիշատակի կը վերածուի։ Ըստ իս մարդիկ ալ կը վերածուին յիշատակի, անոնք ալ կը ծնին, կը մեծնան, կը հասուննան եւ կը մեռնին։ Աշխարհի վրայ եւ իր շուրջի անձերուն միտքերուն մէջ կը ձգեն զանազան լաւ ու գէշ յիշատակներ, այսպէսով ալ իրենց անունները կը յիշուի որպէս լաւ անձ կամ թէ գէշ։ Ժողովուրդներն ալ ասանկ են, անոնք ալ դարեր շարունակ ապրելով գրեցին իրենց պատմութիւնը եւ աշխարհի վրայ ձգեցին զանազան պատմութիւններ եւ յիշատակներ եւ հետեւաբար ստացան ածականներ զիրենք բացատրող։
Փողոցներն ալ ունին իրենց պատմութիւնները եւ յիշատակները։ Փողոցները մեր հասարակած տուներն են։ Մեր տուներուն շարունակութիւններն են։ Ինչպէս ամէն ընտանիք, ամէն տուն ունին իրենց պատմութիւնը նոյնպէս ունին փողոցներն ալ։ Բնաւ խորհա՞ծ էք փողոցներու անուններու մասին, «ինչպէ՞ս անուանակոչուած են» հարցումը ծագա՞ծ է ձեր միտքը։ Ասանկ հարցում մը տարիներով չէր եկած իմ միտքս, ասանկ սովորութիւն մըն ալ չունէի, կը նայէի ու կ՛անցնէի բայց վերջերս ուշադրութիւնս գրաւելու սկսան այդ անունները, որովհետեւ աշակերտներով ծրագրի մը վրայ աշխատելու սկսանք եւ այդ ծրագիրն ալ պատճառ դարձաւ կարգ մը պատմական բաները պրպտելու։ Այդ պրպտումներու ընթացքին է որ իմ ուշադրութիւնս կեդրոնանալ սկսաւ փողոցներու անուններուն, այդ անունը կրող անձին պատմութեան եւ փողոցներու հին երեւոյթներուն վրայ։
Նախ եւ առաջ փողոցի անունները մեզի կրնան տեղեկութիւններ տալ հին երեւոյթին եւ միջավայրին մասին։ Օրինակ՝ եթէ փողոցի անուն մը իր մէջ կը պարունակէ ջրհորի եւ կամ առուակի նման բնութեան հետ կապակցութիւն ունեցող բառեր եւ այժմ հոն չկայ ջրհոր եւ առուակ, ահաւասիկ կրնաք հասկնալ որ անցեալին հոն կար ջրհոր մը եւ կամ առուակ մը։ Տարիներու ընթացքին ինչպէս ամէն բան, փոխուեցան նաեւ փողոցները, փողոցներու տարածքը, երեւոյթը եւ կարգ մը բաներն ալ ոչնչացան։
Փողոցի անունները մեզի կրնան տեղեկութիւն տալ նաեւ անձերու պատմութեան մասին։ Այդ փողոցներէն մէկն է՝ Սկիւտար թաղի, Սելամսըզ թաղամասի Էքմէքճիպաշը փողոցը, որուն վրայ կը գտնուի Սուրբ Խաչ Դպրեվանք վարժարանը։ Այս թաղը անցեալին հայաշատ թաղերէն մէկն էր։ Օսմանեան կայսրութեան շրջանին կային եկեղեցիներ, բազմաթիւ դպրոցներ որոնցմէ շատը այլեւս գոյութիւն չունին։ Թաղեցիներէն մէկն էր՝ Յարութիւն Ամիրա Նորատունքեան Էֆենտին։ Նորատունքեան էֆենտին իր ընտանիքով երկար տարիներ բնակած է այս փողոցը։ Ինք ալ երկար տարիներ վարած է պալատի պէտ հացագործի պաշտօնը եւ այս պաշտօնին պատճառաւ ալ փողոցը կոչուած է՝ Էքմէքճիպաշը փողոց։
Նման պատմութիւն մըն ալ կայ Սկիւտարի Պիւլպիւլտէրէսի թաղին մասին։ Ըստ պատմաբան Յարութիւն Մըրմըրեանի՝ Պիւլպիւլտէրէսի թաղը իր անունը կը պարտի Գրիգոր Պալեանի։ Ինք կ՚ըսէ որ Գրիգոր Պալեան շատ կը սիրեր թութակները եւ կը հոգար բազմաթիւ թութակներ։ Ազատ ժամանակներուն շատ կը սիրեր անոնք դիտել եւ մտիկ ընել եւ այդ պատճառաւ ալ թաղամասը կոչուած է՝ Պիւլպիւլտէրէսի։
Ասոնց պէս կրնաք գրել հազարաւոր օրինակներ։ Ահաւասիկ յիշատակները այսպէս բաներ են։ Անուն մը, նշան մը, շէնք մը կրնայ մեզի տանիլ պատմութեան հին էջերուն։ Պզտիկ փողոցի անուն մը անգամ կրայ փաստել թէ ժողովուրդ մը որքան ալ ջնջուելու եւ կամ անտեսուիլ ուզէ պատմութիւնը, ապրումները, աշխատանքը չ՚անտեսէր եւ այսպէս մանրամասնութիւններով կը ցոլանայ մեր աչքերուն։