Պատրիարքարանէն նոր հրատարակութիւն. «Պոլիսը՝ Հին եւ Նոր»

Քաղաքիս մա­սին գծան­կարնե­րու հա­ւաքա­ծոյ գե­ղատիպ հա­տոր մը հրա­տարա­կուե­ցաւ Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռին կող­մէ։

Ծա­նօթ արո­ւես­տա­բան, գծան­կա­րիչ եւ Երե­ւանի Պե­տական Հա­մալ­սա­րանի դա­սախօս Լե­ւոն Լա­ճիկեանի հա­րիւր գծան­կարնե­րը ի մի հա­ւաքո­ւեցան այս հա­տորին մէջ։

Մե­ծադիր հա­տորը պատ­րաստո­ւած է եռա­լեզու՝ հա­յերէն, թրքե­րէն եւ անգլե­րէն։

Շքեղ հա­տորը կը բա­ցուի Ն.Ա.Տ. Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Հօր «Քայ­լեր դէ­պի Իսթան­պուլի պատ­մա­կան գե­ղեց­կութիւննե­րը» խո­րագ­րեալ օրհնու­թեան խօս­քով։ Ապա արո­ւես­տա­գէտը պատ­մա­կան քա­ղաքին մա­սին իր զգա­ցումներն ու գիր­քի մա­սին խոր­հուրդնե­րը ըն­թերցո­ղին ու­շադրու­թեան կը յանձնէ «Իմ Պո­լիսը» գրու­թեամբ։ Ապա քա­ղաքէս եւ աշ­խարհի զա­նազան կող­մե­րէ գրող­ներ մաս­նակցու­թիւն կը բե­րեն Լա­ճիկեանի եւ իր արուես­տի մա­սին իրենց տպա­ւորու­թիւննե­րով։

Մե­ծադիր հա­տորը հրա­տարա­կու­թեան պատ­րաստեց Աթո­ռի Հրա­տարակ­չա­կան բա­ժան­մունքի տե­սուչ Հոգշ. Տ. Յո­վակիմ Վրդ. Սե­րով­բեան։ Հա­տորի գրու­թիւննե­րու թարգմա­նու­թեան գոր­ծը կա­տարեց Սա­րին Ագ­պաշ։ Անգլե­րէնի թարգմա­նու­թեան իր ներդրու­մը ու­նե­ցաւ ու անգլե­րէն բա­ժին­նե­րու սրբագ­րութիւ­նը սի­րով կա­տարեց Արաք­սի Աք­տէ­միր Պիւ­յիւքթաշ­ճեան։ Խորհրդա­տու եղաւ Իշ­խա­նաց Կղզեաց Հո­գեւոր Հո­վիւ Հոգշ. Տ. Յա­րու­թիւն Վրդ. Տա­մատեան, որ Լա­ճիկեանի Գնա­լը Կղզիին հետ ու­նե­ցած յա­տուկ բա­րոյա­կան կա­պը նկա­տի ու­նե­նալով ան­ցեալին իրեն առա­ջար­կած էր աշ­խա­տու­թիւնը ներ­կա­յաց­նել Ամե­նապա­տիւ Սրբա­զան Պատ­րիարք Հօր։ Կող­քի պատ­րաստու­թիւնն ու էջադ­րութիւ­նը կա­տարեց Արամ Ու­ռուտեան։ Իսկ սրբագ­րութեան գոր­ծը կա­տարե­ցին Հոգշ. Տ. Յո­վակիմ Վրդ. Սե­րով­բեան եւ Պատ­րիար­քա­կան Փո­խանորդ եւ Օր­մա­նեան Մա­տենա­դարա­նի Տե­սուչ Արժ. Տ. Գրի­գոր Աւ. Քհնյ. Տա­մատեան։

Հա­րիւր քսան եւ ութ էջ­նոց ու դեղ­նա­ւուն թուղթի վրայ տպագ­րո­ւած գե­ղատիպ հա­տորին մէջ Լա­ճիկեան իր արո­ւես­տի գոր­ծե­րուն որ­պէս ներշնչում կը գտնէ Իս­թանպու­լը իր զա­նազան թա­ղերով ու տե­սար­ժան վայ­րե­րով, շէն­քե­րով, պա­րիսպնե­րով, աշ­տա­րակ­նե­րով, Պատ­րիար­քա­րանով, եկե­ղեցի­ներով, մզկիթ­նե­րով, պա­լատ­նե­րով, գե­րեզ­մաննե­րով եւ ան­շուշտ ծո­վով։

Ըն­թերցո­ղը հա­տորին որ­պէս ներ­դիր պի­տի ստա­նայ նաեւ Լա­ճիկեանի երեք նկար­նե­րը՝ Ռու­մէ­լիի ամ­րո­ցի փառ­քը, Ս. Փրկիչ Ազ­գա­յին Հի­ւան­դա­նոցի մա­տու­ռը, Աք­սա­րայի Փեր­թեվնի­յալ Վա­լիտէ Սուլթան Մզկի­թը, որոնք ան­ջատ տպագ­րո­ւած կը մատուցուին գե­ղարո­ւես­տա­սէր հա­սարա­կու­թեան։

Հա­տորի վեր­ջա­ւորու­թեան կայ նաեւ Լե­ւոն Լա­ճիկեանի ըն­դարձակ կեն­սագրու­թիւնը, եւ զա­նազան­նե­րու կող­մէ գրի առ­նո­ւած յօ­դուած­ներ, որոնցմէ մէ­կը կցուած է այս լրա­տուու­թեան։

«Պո­լիսը՝ Հին եւ Նոր» ի մօ­տոյ ժո­ղովուրդին պի­տի հրամ­ցո­ւի շնոր­հանդէ­սով մը։

Պո­լիսը հին եւ նոր, Լե­ւոն
Լա­ճիկեանի վկա­յու­թեամբ

ԲԱԳ­ՐԱՏ ԷՍ­ԴՈՒԳԵԱՆ

Նկար­չութեան պատ­մութեան վե­րաբե­րեալ ցան­կա­ցած պա­տում, իրեն մեկ­նա­կէտ կ՚ու­նե­նայ քա­րայրնե­րու որ­մանկար­նե­րը։ Գի­ծերով ար­տա­յայ­տո­ւելու այդ հնա­գոյն օրի­նակ­նե­րը հա­զարա­մեակ­նե­րու ան­ցեալէն մեզ կը փո­խան­ցեն նախ­նեաց ոգե­ւորու­թիւնը, յաղ­թա­նակի մը դի­մաց։ Չէ որ այդ որ­մանկար­նե­րու մէջ ամե­նայայտնին որ­սի մը տե­սարանն է։ Եւ ապա ձեռ­քի մը պատ­կե­րը։ Մին­չեւ օրս մեզ­մէ ո՞վ երբ ճա­րէ թուղթ ու մա­տիտ, չէ փոր­ձած մատ­նե­րը բա­նալով հետ­քը թո­ղուլ թուղթի վրայ։ Ման­կա­կան որ­մանկար­նե­րու ան­բա­ժան մաս­նիկն է ներ­կին թաթ­խո­ւած ձեռ­քի հետ­քով թո­ղուած կնի­քը։ Նոյ­նիսկ շա­տեր ճամ­բուն վրայ տես­նե­լով նոր ծե­փուած ցե­մեն­տը, չեն կրնար զսպել անոր վրայ սե­փական ոտ­նա­հետ­քը թո­ղելու ցան­կութիւ­նը։ Ար­տա­յայ­տո­ւելու, «կամ, ես եմ, հոս եմ» ըսե­լու կա­րիքը բնազ­դա­յին է։ Հե­տեւա­բար մար­դուս բնազ­դին հա­մապա­տաս­խան կեր­պով կ՚ու­նե­նայ թէ գե­ղարո­ւես­տա­կան եւ թէ բար­բա­րոսա­կան բնոյթ։

Դա­րերու հո­լովոյ­թով երաժշտու­թեան, քան­դա­կագոր­ծութեան, ճար­տա­րապե­տու­թեան, գրա­կանու­թեան նման զար­գա­ցաւ նաեւ նկա­րելով ար­տա­յայ­տո­ւելու եղա­նակը, շնոր­հիւ ար­տա­յայ­տո­ւելու բնազ­դա­յին պա­հան­ջը գե­ղարո­ւես­տի ճամ­բով գոր­ծադրող­նե­րուն։

Երե­ւոյթ մը պար­զե­լու հա­մար յա­ճախ կը դի­մենք «Մար­դիկ եր­կուքի կը բաժ­նուին» կա­ղապա­րին։ Մենք ալ օգ­տո­ւինք այդ կա­ղապա­րէն եւ խօ­սինք նեղ եւ լայն տես­լա­դաշտ ու­նե­ցող­նե­րու մա­սին։ Ոմանք շուրջբո­լորը կը դի­տեն իրենց հա­սակի սահ­մա­նու­մով։ Կանցնին գե­ղակերտ շէն­քի մը առ­ջե­ւէն ու կը տես­նեն միայն մուտքի յար­կին գտնո­ւող խա­նու­թի ցու­ցա­փեղ­կը։ Կը տա­րուին հոն ցու­ցադրուած իրե­րով միայն։ Իսկ ու­րիշներ, որոնք հա­մեմա­տաբար շատ աւե­լի քիչ են, կը յանդգնին իրենց հա­յեաց­քը քիչ մը աւե­լի վեր ուղղե­լու եւ կը տես­նեն ու­րիշնե­րու ան­տե­սած գե­ղեց­կութիւ­նը։ Իսկ անոնցմէ շատ ու շատ քի­չերն են որ կը հմա­յուին այդ տե­սածով ու այդ ներշնչու­մով կ՚ու­զեն ար­ձա­գան­գել իրենց վա­յելած գե­ղեց­կութիւ­նը։

Ահա այդ շատ ու շատ քի­չերէն է նկա­րիչ Լե­ւոն Լա­ճիկեան, որ եր­կար տա­րինե­րէ ի վեր կը նկա­րէ ամէն մէ­կը ճար­տա­րապե­տական կո­թողի հան­գա­ման­քով շի­նու­թիւններ։ Շի­նու­թիւններ՝ որոնք իրենց հիանա­լի կա­ռու­ցո­ւած­քով ար­ժա­նի են քա­րակերտ բա­նաս­տեղծու­թիւն կամ հա­մանո­ւագ կո­չուե­լու։ Եւ այդ կո­չու­մին ար­ժա­նանա­լու հա­մար պայ­ման ալ չէ որ անոնք ըլ­լան ար­քա­յանիստ պա­լատ­ներ, մե­ծահա­րուստնե­րու պատ­կա­նող դղեակ­ներ կամ ապա­րանքներ։ Իրենց հա­մես­տութեան մէջ կողք կող­քի շա­րուած բնա­կարան­նե­րով պարզ փո­ղոց մը եւս կ՚ար­ժա­նանայ արո­ւես­տա­գէտի ու­շադրու­թեան, քա­նի հոն կը տես­նէ քա­ղաքի մը ոգին։

Երբ կը խօ­սինք քա­ղաքի ոգիին մա­սին, պար­տա­ւոր ենք յա­տուկ կանգ առ­նել Լա­ճիկեանի ծննդա­վայր Կու­մայրի- Լե­նինա­կան- Կիւմրիի վրայ։

Ո՛չ, մեր խօս­քը Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան երկրորդ մեծ քա­ղաքին մա­սին չէ, այլ հա­յոց արո­ւես­տի մայ­րա­քաղա­քի մա­սին։ Կ՛ըսեն թէ Արա­րիչը Կիւմրիի հո­ղը շա­ղախե­լու պա­հուն ափ ափ սրամ­տութիւն, ծի­ծաղ, խինդ ու հան­ճա­րով օժ­տած է։ Քա­ղաքը օծուած է գե­ղարո­ւես­տի շնոր­հով։ Սեւ տուֆ քա­րերով շի­նու­թիւննե­րու ճար­տա­րապե­տական իւ­րա­յատ­կութիւ­նը, նեղ­լիկ փո­ղոց­նե­րէն սլա­ցող ֆայ­տո­նը գե­ղարո­ւես­տա­կան ներշնչու­մի աղ­բիւրներ միաձու­լո­ւելով կը դառ­նան Կիւմրի։ Այդ հո­ղէն ծաղ­կե­ցաւ աշու­ղա­կան եր­գա­րուես­տի հան­ճարներ, բո­վան­դակ հան­րա­պետու­թիւնը զար­դա­րող քան­դա­կագործներ, ծի­ծաղ ու խինդ, եր­գի­ծանք։

Այժմ դի­տելով Լա­ճիկեանի գոր­ծե­րը, կը վա­յելենք ծննդա­վայ­րի շնոր­հով օժ­տուած գծան­կարչի պար­գե­ւը մեզ՝ հա­մաշ­խարհա­յին մարդկու­թեան։

Կիւմրին կամ Պո­լիսը գէթ մէկ ան­գամ տե­սած չե­ղող­նե­րու հա­մար իսկ ան­բա­ցատ­րե­լի ձգո­ղու­թիւն մը կը յայտնո­ւի Լա­ճիկեանի գի­ծերով եւ մա­նաւանդ գոյ­նե­րով։ Ան­շուշտ որ արո­ւես­տա­գէտի յա­տուկ տա­ղանդ է սեւ ու սպի­տակ գծագ­րութեան մէջ ար­տա­ցոլել գոյ­նի տպա­ւորու­թիւնը։ Լա­ճիկեան նման կա­խար­դա­կան գու­նա­զար­դումը կ՚ապա­հովէ լոյ­սի խա­ղերու շնոր­հիւ։ Գրչի հպումնե­րու ուժգնու­թեամբ ու նրբու­թեամբ յան­կարծ կը թա­լարի միագոյն գծո­ւած աքա­սիան, կամ իրենց մոխ­րա­գոյն ծան­րութեամբ քա­ղաքի հա­մայ­նա­պատ­կե­րին վրայ կը ճնշեն երկնա­քեր շի­նու­թիւննե­րը։

Պոլ­սոյ եւ պոլ­սե­ցիի հա­մար բա­րեբախ­տութիւն է Լա­ճիկեանի ներ­կա­յու­թիւնը այս քա­ղաքէն ներս։ Պո­լիս ի տար­բե­րու­թիւն Կու­մայրիի, ծա­նօթ չէ իր ծնած հան­ճարնե­րով։ Հոն աւե­լի աչ­քա­ռու է հան­ճարնե­րու թո­ղած գոր­ծը։ Սուրբ Սո­ֆիայի տա­ճարը կա­ռու­ցողներ Անթհե­միրոս եւ Իսի­տորոս Եգէակա­նի շրջան­նե­րէն եկած էին Պո­լիս։ Իրենց կքած գմբե­թը վե­րաշի­նող Տրդատ, Անիի մայր տա­ճարի ճար­տա­րապե­տը Հա­յաս­տա­նէն։ Կե­սարա­ցի Սի­նան իր ըն­տա­նեկան շնոր­հը գոր­ծի լծե­լով հրա­շակերտ կո­թող­ներ մա­տու­ցեց Պոլ­սոյ։ Նոյն աւան­դը շա­րու­նա­կեցին Պա­լեան գեր­դաստա­նի ճար­տա­րապետ­նե­րը Կա­րապետ, Նի­կողոս, Յով­հաննէս, Սար­գիս Պա­լեան­նե­րը։ Քա­ղաքի դի­մագ­ծի արեւմտայ­նացման մէջ շատ կա­րեւոր դեր ու­նե­ցած է Յով­սէփ Ազ­նա­ւուր, իր ճար­տա­րապե­տական գիւ­տե­րով։ Եւ անոնց կող­քին բազ­մա­թիւ յոյն կամ իտա­լացի ճար­տա­րապետ թող­նե­լով իրենց ծննդա­վայ­րը, Պոլ­սոյ մէջ ստեղ­ծե­ցին կո­թողա­յին շի­նու­թիւններ, որոնց շնոր­հիւ ար­քա­յանիստ քա­ղաքը փայ­լե­ցաւ իր հարստու­թեամբ։

Նախ­քան Լե­ւոն Լա­ճիկեան, Պո­լիս հանգրո­ւանած եւ ստեղ­ծա­գոր­ծած էին Յով­հաննէս Այ­վա­զովսկիի, Մար­տի­րոս Սա­րեանի, Մկրտիչ Ճի­վանեանի (այս վեր­ջի­նը բնիկ պոլ­սե­ցի) նման հսկայ անուններ, որոնց գոր­ծե­րը եւս պան­ծա­ցու­ցին քա­ղաքին շքե­ղու­թիւնը։

Ալ­պո­մի մէջ յա­տուկ բա­ժին­նե­րով կը ներ­կա­յանան Գը­նալը եւ Մեծ կղզի­ները։ Բնա­կանա­բար Լա­ճիկեան իբ­րեւ հայ նկա­րիչ յա­տուկ ու­շադրու­թիւն կը դարձնէ քա­ղաքի հայ­կա­կան դի­մագի­ծին վրայ։

Լա­ճիկեանի գծագ­րութիւննե­րու իւ­րա­յատ­կութիւննե­րէն մէկն ալ ժա­մանա­կը շրջան­ցել է։ Եթէ Վոս­փո­րի ափին նկա­րուած է նաւ, դի­տողը այդ նա­ւի պատ­կե­րին նա­յելով պի­տի դժո­ւարա­նայ ժա­մանա­կը գու­շա­կել։ Քան­զի տո­ւեալ նա­ւը այ­սօր եւ նոյ­նիսկ երեք դար առաջ կրնար նոյն տես­քը ու­նե­նալ իր առա­գաստնե­րով։ Այս երե­ւոյ­թը բո­լորո­վին կ՚ար­դա­րաց­նէ ալ­պո­մի «Հին ու Նոր Պո­լիսը» անո­ւանու­մը։

Դա­րերու հո­լովոյ­թով ահա Լա­ճիկեանի պոլ­սի օրե­րուն ար­գա­սիքը հան­դի­սացող այս հա­րիւր ստեղ­ծա­գոր­ծութիւննե­րը եւս կ՚ու­նե­նան իրենց վկա­յու­թեան բա­ժինը քա­ղաքի պատ­մութեան մէջ։

Գե­ղարո­ւես­տի ոլոր­տին մէջ ձեռքբե­րած հսկայ շնորհքը չէ կրցած դոյզն իսկ խոր­տա­կել Լե­ւոն Լա­ճիկեանի էու­թիւնը, բնազ­դը ձե­ւաւո­րող հա­մես­տութիւ­նը։ Այդ պատ­ճա­ռաւ է որ ան մե­ծագոյն յաղ­թա­նակ­նե­րը իսկ կը դի­մաւո­րէ հե­զու­թեամբ, խո­նար­հութեամբ։

Մե­զի կը մնայ իր ան­ցը եւ գոր­ծը ճանչցած ըլ­լա­լու ու­րա­խու­թիւնը, հրճո­ւան­քը։ Ներ­կայ հրա­տարա­կու­թիւնը հա­մազօր է նոր ցու­ցա­հան­դէ­սի մը ներ­կա­յաց­ման, կամ ալ աւե­լին։ Ու­րեմն շնոր­հա­ւորու­թեան կող­քին յա­ջողու­թեան լա­ւագոյն մաղ­թանքնե­րով եւ սի­րոյ ող­ջոյննե­րով կ՚աւար­տին այս տողերը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ