Մահ լրագրող Ճելալ Պաշլանկըչի

ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Թրքա­­կան մե­­տիայի վաս­­տա­­­կաւոր լրագ­­­րողնե­­­րէն Ճե­­­լալ Պաշ­­­լանկըչ մա­­­հացաւ Գեր­­­մա­­­­­­­նիոյ Քէօլն քա­­­ղաքը, ուր եր­­­կար տա­­­րինե­­­րէ ի վեր պար­­­տա­­­­­­­դիր բնա­­­կու­­­թիւն հաս­­­տա­­­­­­­տած էր։

68-ամեայ լրագ­­­րո­­­­­­­ղը աւար­­­տած էր Եգէական Հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի լրագ­­­րո­­­­­­­ղու­­­թեան բա­­­ժինը եւ աշ­­­խա­­­­­­­տակ­­­ցած էր բազ­­­մա­­­­­­­թիւ լրա­­­տուա­­­միջոց­­­նե­­­­­­­րու։ Հիմ­­­նա­­­­­­­դիր­­­նե­­­­­­­րէն եղած էր «Ար­­­թը ԹՎ» եւ «Ար­­­թը Կեր­­­չէք» կայ­­­քե­­­­­­­րուն։

3 Մա­­­յիսին մա­­­հացող Ճե­­­լալ Պաշլլան­­­կը­­­­­­­չի թա­­­ղու­­­մը տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­ցաւ 10 Մա­­­յիսին Քէօլնի մէջ։ Նախ­­­քան թաղ­­­ման կար­­­գը ոգե­­­կոչ­­­ման յա­­­տուկ մի­­­ջոցա­­­ռում մը կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պո­­­­­­­ւեցաւ, որուն մաս­­­նակցե­­­ցաւ Ճե­­­լալ Պաշ­­­լանկը­­­չի այ­­­րին՝ ինք եւս լրագ­­­րող Այ­­­շէ Եըլ­­­տը­­­­­­­րըմ, Հա­­­սան Ճե­­­մալ, Ճան Տիւնտար, Էրք Աճա­­­րէր, Ռա­­­կըպ Տու­­­րան, Քե­­­մալ Կէօք­­­թաշ, Կիւ­­­նայ Աս­­­լան, Պա­­­նու Կիւ­­­վեն, Հայ­­­քօ Պաղ­­­տատ, Արիս Նալ­­­ճըի նման հան­­­րա­­­­­­­ծանօթ լրագ­­­րողներ եւ ՏԵՄ կու­­­սակցու­­­թեան նախ­­­կին եւ ներ­­­կայ պատ­­­գա­­­­­­­մաւոր­­­ներ Էր­­­թուղրուլ Քիւրքչիւ, Սա­­­րու­­­հան Օլուչ եւ երա­­­ժիշտ Ֆեր­­­հատ Թունչ։

Ոգե­­­կոչ­­­ման հան­­­դէ­­­­­­­սին «Ճումհու­­­րի­­­­­­­յէթ» թեր­­­թի նախ­­­կին խմբագ­­­րա­­­­­­­պետ Հա­­­սան Ճե­­­մալ ելոյթ մը ու­­­նե­­­­­­­նալով դրո­­­ւատեց Պաշ­­­լանկը­­­չի լրագ­­­րո­­­­­­­ղական առանձնա­­­յատ­­­կութիւննե­­­րը։ Ան յի­­­շեցուց ան­­­ցեալին քրտաբ­­­նակ գիւ­­­ղի մը մէջ զի­­­նուոր­­­նե­­­­­­­րու ձե­­­ռամբ գիւ­­­ղա­­­­­­­ցինե­­­րուն կղկղանք կերցնե­­­լու դէպ­­­քը, որ մեծ ար­­­ձա­­­­­­­գանգ եւ ընդվզում յա­­­ռաջա­­­ցու­­­ցած էր ու ապա­­­գային ալ պատ­­­ճառ դար­­­ձած, որ Թուրքիա դա­­­տապար­­­տո­­­­­­­ւի ԵՄԻԱ-ի դա­­­տական վճի­­­ռով։

Այս ու նման լու­­­րե­­­­­­­րու պատ­­­ճա­­­­­­­ռաւ Ճե­­­լալ Պաշ­­­լանկըչ են­­­թարկո­­­ւեցաւ կա­­­ռավա­­­րու­­­թիւննե­­­րու հա­­­լածան­­­քին եւ 2017-էն սկսեալ ստի­­­պուե­­­ցաւ բնա­­­կու­­­թիւն հաս­­­տա­­­­­­­տել Գեր­­­մա­­­­­­­նիոյ մէջ, հոն եւս ծա­­­ւալե­­­լով լրագ­­­րո­­­­­­­ղական բե­­­ղուն աշ­խատանք։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ