Ռուս Սահմանապահները Պիտի Շարունակեն Մնալ Հայաստանի Մէջ

Ռու­սիոյ ապա­հովու­թեան դաշ­նակցա­յին ծա­ռայու­թեան տնօ­րէնի թեկ­նա­ծու Ալեք­սանտր Պորթնի­քով Երեք­շաբթի օր յայ­տա­րարեց, որ ռուս սահ­մա­նապահ­նե­րը պի­տի պահ­պա­նեն իրենց ներ­կա­յու­թիւնը Հա­յաս­տա­նի մէջ։

Դաշ­նակցա­յին խոր­հուրդին մէջ իր թեկ­նա­ծու­թեան շուրջ քննար­կումնե­րուն ըն­թացքին, ան վե­րահաս­տա­տեց, որ ռուս սահ­մա­նապահ­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կեն իրենց ծա­ռայու­թիւնը հայ-թրքա­կան եւ հայ-իրա­նական սահ­մաննե­րուն վրայ։

«Թասս» լրա­տու գոր­ծա­կալու­թեան հա­մաձայն՝ Պորթնի­քով յի­շեցուց, որ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րը պաշ­տօ­նապէս դի­մեցին Մոս­կո­ւային՝ ռու­սա­կան զօր­քը շփման գի­ծէն դուրս բե­րելու խնդրան­քով, եւ հայ­կա­կան կող­մին խնդրան­քով պի­տի փա­կուի նաեւ Երե­ւանի «Զո­ւարթնոց» օդա­կայա­նի սահ­մա­նային ան­ցա­կէտը։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ