ՄԵՐԻ ԹԵՔ ՏԵՄԻՐ
Արա Կիւլերին համար, իր լուսանկարները պատմութեան արձանագրութիւններ էին։ Կիւլերի ստեղծագործած տեսողական պատմութեան շարքին, ամէնէն շատ իր հետ նոյնացող նկարները Պոլսոյ սեւ-ճերմակ տեսարաններն էին։ Արա Կիւլեր կ՚ըսէ, որ ինչ որ այսօր կը տեսնենք իբրեւ «հին իսթանպուլ» խորքին մէջ հին իսթանպուլը չէ, իսկ ինք կարողացած է քաղաքին հին վիճակը լուսանկարել անոր բոլոր անկիւններէն։ Տարիներու ընթացքին Կիւլերի ոսպնեակով քաշուած Պոլսոյ տեսարանները մեզի կ՚արտօնեն յայտնաբերել մոռցուած, նոյնպէս ալ՝ նոր պատմութիւնները։ Ի վերջոյ, եթէ լուսանկարչութիւնը տուեալ պահի մը անմահացումն է, լուսանկարչին աչքով անմահացած պահը նոր իմաստներ կը ստանայ իւրաքանչիւր դիտողի տեսանկիւնէն։ Ձկնորսներու աշխարհի հայ կիները, որոնց հանդիպեցայ 7 Մայիս 2024-ին Արա Կիւլեր Թանգարանի «Գումգաբուի ձկնորսները» ցուցահանդէսին ընթացքին, վերաիմաստաւորել տուին ինծի կանանց աշխատանքն ու գոյութիւնը՝ Բարռեսիա Գոլէքթիվի տեսանկիւնէն։
Արա Կիւլերի Պոլիս առնուած լուսանկարներուն ընդհանուր թեման ծովն ու ձկնորսներն են։ «Գումգաբուի ձկնորսները» խորագիրը այս ցուցահանդէսին, որ Գումգաբուի ձկնորսներու թաղամասի լուսանկարներու քաղածոյ մըն է, 1952 թուականին «Ժամանակ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած երիտասարդ ֆօթօլրագրող Կիւլերի «Քումքափուի հայ ձկնորսներու հետ» յօդուածաշարքի վերնագրէն ներշնչուած էր։ Արա Կիւլեր բազմաթիւ նկարներ լուսանկարած է այս թաղամասին առօրեայ եւ աշխատանքային կեանքէն, որուն յաճախ կ՚այցելէր նախքան ծովեզերեայ ճանապարհաշինութեան համար քանդուիլը։ Այս ցուցահանդէսին մէջ, ուր առիթ ունինք տեսնելու Կիւլերի լուսանկարչական նօթերը եւ «Ժամանակ» օրաթերթի օրերէն հասած նոյնանման արձանագրութիւններ, կան նաեւ իր ստորագրութիւնը հանդիսացած հռչակաւոր լուսանկարներ, ինչպէս նաեւ՝ նուազ ծանօթ եւ նոյնիսկ բոլորովին առաջին անգամ ըլլալով հանրութեան ներկայացուող նկարներ։ Հոն կը տեսնենք իր ստորագրութիւնը դարձած ձկնորսներն ու մերամեթճիները (ուռկան հիւսողները)՝ խմբային կամ առանձին. Կը տեսնենք նաեւ կիներ՝ որոնք շուտով մեր ուշադրութիւնը կը գրաւեն, առաւելաբար՝ Մերամեթճի Սաթեն Հանըմը։
Սաթեն Հանըմ կարծես շնորհալի կին մը ըլլար, որուն դիմանկարը դարեր առաջ,— ոչ թէ 1950-ականներուն, այլ դարեր առաջ, գծած ըլլար վարպետ գծագրիչ մը։ Սակայն ան նկարուելու համար չէ կանգնած։ Ան աշխատող կին մըն էր, ինչպէս լուսանկարին վերնագիրը կը նշէ՝ ան մերամեթճի է, այսինքն ուռկաններու նորոգող։ Կինը գողտրիկ ժպիտով մը հեռուն կը նայի, յոգնած կ՚աշխատի, իսկ դէմքը կ՚արտացոլայ տարիներու կուտակուած իմաստութեամբ մը։ Կարկտան ընելն ու ասեղնագործութիւնը յաճախ կնոջ տնային աշխատանքներէն սեպուած են քան թէ՝ արուեստ։ Դարեր շարունակ, տղամարդոց տիրապետութեան գտնուող արուեստի պատմութիւնը նախընտրած է կինը տեսնել որպէս կրաւորական կերպար, որ կը գծուի, քան թէ տեսնէ զայն որպէս արուեստ արտադրող գործօն։ Թէեւ կիներ կ՚արտադրեն տեսողական արուեստի ոլորտին մէջ, սակայն անոնք սահմանափակ եղած են քանի մը ժանրերով, եւ այս խնդիրը աւելի տեսանելի դարձաւ արուեստի պատմութեան մեկնաբանութիւնը ֆեմինիստական դիտանկիւնէն կատարելու շնորհիւ։
Սաթեն Հանըմի լուսանկարին մէջ տեսնուող ձեռագործները ինծի ձեւով մը յիշեցուցին աւանդապահօրէն կնոջ վերագրուած տան պարտականութիւնները՝ մտածել տալով տեսողական արուեստին մէջ կնոջ անտեսուած ըլլալու խնդիրը։ Զգացի, որ Սաթեն Հանըմ ոչ միայն ձեռագործ աշխատանքի լծուած էր, այլ նաեւ՝ արուեստի։ Բայց ասոնցմէ ոչ մէկը փոխեցին այն իրողութիւնը, որ, հակառակ տարիքին, Սաթեն Հանըմ ձկնորսներու թաղամասին մէջ աշխատող կին մըն էր տղամարդոց վերագրուած ասպարէզի մէջ։ Կ՚ըսուի, որ Արա Կիւլեր յաճախ ժամեր, նոյնիսկ օրեր, կը համբերէր, որպէսզի ճիշդ լուսաւորումն ու ճիշդ պահը բռնէր։ Կ՚ուզէի իմանալ, եթէ ան նոյնպէս սպասեց, որ Սաթեն Հանըմին ճիշդ շրջանակին մէջ զետեղէ եւ ինչը՞ զինք ներշնչեց այս նկարը քաշելու։ Արդեօք ա՞ն ալ ինծի նման Տիկին Սաթենին ձեռագործը արուեստի գործ նկատեց, արդեօք տպաւորուած էր անոր կեցուածքով եւ տարիքո՞վ, թէ՞ պարզապէս կ՚ուզէր անոր ասպարէզը արձանագրել։ Սաթեն Հանեմ, այս նկարին մէջ երեւացող իր ամբողջ վայելչութեամբ, նաեւ մասնագիտութեամբ մը կը զբաղէր։ Ան իր գեղեցկութեան համար չէր դիտուած, այլ՝ իր յոգնած ու մաշած դէմքին համար, ու իր գործը արուեստագէտի շնորհքով կը կատարէր։ Մերամեթճի Հայկանոյշ Մայրիկը, որ կը յայտնուի 1960-ականներու սկիզբը քաշուած նկարի մը մէջ, Սաթեն Հանըմին նման աշխատող կին մըն է. նկարին մէջ կ՚արտացոլայ նոյնանման նրբագեղութիւն մը անոր կատարած գործին մէջ։ Այլ լուսանկարի մը մէջ դարձեալ մերամեթճի կիներ կը տեսնենք, սակայն անոնց անունները անյայտ են։
Ձկնորսներու աշխարհին մէջ, ինչպէս կեանքի շատ մը այլ ոլորտներուն մէջ, անտեսանելի դարձած են կանանց ինքնութիւնն ու աշխատանքը։ Նկատի ունենալով, որ ձկնորսութիւնը կը յառաջացնէ տղամարդու գերիշխող կարգ, շատ բնական կը թուի ըլլալ «Գումգաբուի ձկնորսները» ցուցահանդէս այցելուներուն մտքերուն մէջ այդ թաղամասի կանանց հետաքրքրութեան եւ ժամանակին ու ջանքին առաջնահերթութիւն չտրուիլը։ Այնուամենայնիւ, վաղուց անհետացած թաղամասի բնակիչներ՝ Սաթեն Հանըմը եւ Հայկանոյշ Մայրիկը այցելուներուն մտածել կու տան այդ կիներուն մասին, իսկ հակառակ տարիքին անոնց կատարած աշխատանքը այսօր նոր իմաստներ կը ստեղծէ: Ինչպէս սկիզբը ըսի, լուսանկարելու պահն ու այլոց հետ հանդիպումը նոր իմաստներ եւ պատմութիւններ կ՚աւելցնէ լուսանկարին վրայ։ Թերեւս այս կիները պէտք էր աշխատէին, եւ անոնց աշխատանքը աներեւոյթ ու անծանօթ էր այդ ժամանակ։ Այսօր, Արա Կիւլերի արձանագրած պատմութեան մէջ, անոնք կը ներկայանան այդ ժամանակաշրջանին եւ աշխարհին իբրեւ աշխատող կիներու ներկայացուցիչներ։
Թարգմանեց՝ Արազ Գոճայեան