Իբրեւ անջատ վայելքներ թաղն ու գեղարուեստը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Շաբաթա­վեր­ջի ան­ցուդարձնե­րուն մէջ իւ­րա­յատուկ էր Էր­հան Արը­քի լու­սանկար­չա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սը, թէ իր էու­թեան եւ թէ մա­նաւանդ ընտրո­ւած վայ­րի եզա­կիու­թեան պատճառաւ է։

Պոլ­սոյ պատ­մա­կան Պա­լաթ թա­ղի բար­ձունքին յու­նա­կան ապա­րանք մըն էր, որ վեր­ջերս գնո­ւած էր իտա­լացի ճար­տա­րապե­տի մը կող­մէ։ Նոր սե­փակա­նատէ­րը շէն­քը նո­րոգած էր հա­ւատա­րիմ մնա­լով անոր ան­ցեալի ոճին։ Հրա­ւիրեալ­նե­րու մե­ծամաս­նութիւ­նը օտա­րազ­գի­ներ էին եւ նախ բարձրա­ցան շէն­քի չորս յար­կե­րը, տես­նե­լու հա­մար իւ­րա­քան­չիւրին տե­ղադ­րո­ւած լու­սանկար­նե­րը։ Երբ բո­լոր ներ­կա­ները աւար­տե­ցին շէն­քի շրջա­գայու­թիւնը այս ան­գամ բո­լորը մէկ­տե­ղուե­ցան առա­ջին յար­կի վրայ եւ հե­տաքրքրու­թեամբ լսե­ցին նախ վայ­րի մա­սին փո­խան­ցո­ւած տե­ղեկու­թիւննե­րը եւ ապա ցու­ցա­հան­դէ­սի միտ­քը։

Ամէն ինչ սկսած էր իտա­լացի ճար­տա­րապե­տին գրա­վաճա­ռի մը մօտ Էր­հան Արը­քի «Արաս» հրա­տարակ­չա­տան կող­մէ հրա­տարա­կուած «Կա­յան» անուն լու­սանկար­չա­կան ալ­պո­մին հան­դի­պելով։ «Ակօս»ի նախ­կին թի­ւերուն մէջ մենք ար­դէն անդրա­դար­ձած ենք ան­ցեալին «Կա­յան» նա­խագ­ծի մա­սին։ Այդ նա­խագի­ծով Էր­հան Արըք շրջած էր Մի­ջին Արե­ւել­քի զա­նազան հայ­կա­կան գա­ղութնե­րը եւ նկա­րած այդ տե­ղերու հայ­կա­կան ապ­րումնե­րը։

Ան եղած էր Լի­բանան, Իս­րա­յէլ, Յոր­դա­նան, Իրաք եւ հան­դի­պած այդ քա­ղաք­նե­րու հա­յերուն։ Այս աշ­խա­տու­թեան իբր ար­դիւնք գո­յացած էր հե­տաքրքրա­կան հա­ւաքա­ծոյ մը, որ վկա­յու­թիւն մըն է նաեւ ժա­­մանա­­կի հա­­մար։

Ան­­տե­­­սուած չէր նաեւ հայ­­կա­­­կան խո­­հանո­­ցը եւ Թա­­գու­­հի Թով­­մա­­­սեան հան­­գա­­­մանօ­­րէն նկա­­րագ­­րեց այդ խո­­հանո­­ցի առանձնա­­յատ­­կութիւննե­­րը եւ ապա ներ­­կա­­­ները հրա­­ւիրեց իր պատ­­րաստած ճա­­շատե­­սակ­­նե­­­րը համ­­տե­­­սելու։

Այսպէս մար­­դիկ փոր­­ձե­­­ցին հայ­­կա­­­կան տոլ­­ման, թո­­փիքը եւ այլ ու­­տեստներ, որոնք քա­­ղաքի մշա­կոյ­թին մէջ յատ­կա­պէս կը վե­րագ­րո­ւին հա­յոց։

Տի­կին Թով­մա­սեան այստեղ եւս կան­խեց տա­րածուն դիւ­րի­մացու­թիւնը, նշե­լով որ այդքան ալ տե­ղին չէ կե­րակ­րա­տեսակ­նե­րուն ազ­գա­յին մե­նաշ­նորհ պար­գե­ւելը, քա­նի որ այդ բո­լորը ու­նին տա­րածաշրջա­նային յատ­կութիւն եւ շատ ալ տե­ղին չէ այս կամ այն ազ­գութեան վե­րագ­րել։

Պա­լաթ թա­ղը ինքնին քա­ղաքի ամ­բողջու­թեան մէջ պատ­մութիւն բու­րող նշա­նակու­թիւն ու­նի եւ ար­դէն այդտեղ կա­յացած ամէն մի­ջոցա­ռում յա­տուկ հմայ­քով մը կը մեկ­նարկէ։ Նոյ­նը պա­տահե­ցաւ Էր­հան Արը­քի ցու­ցա­հան­դէ­սով եւ մար­դիկ կար­ծես նոր յայտնո­ւած գիւտ մը ըմ­բոշխնե­լով է որ կը բաժ­նո­ւէին այս պատ­մա­կան վայ­րէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ