Մեռնողին ետեւէն չեն խօսիր... եղեր

ԱՐԱՄ ՔԵՐՈՎԲԵԱՆ*

Այսպէս սոր­վե­ցու­ցած էին մե­զի։ Բայց կան մար­դիկ, որոնց «ետե­ւէն» ըսե­լիք շատ բան կայ, եւ պէ՛տք է ըսել։ Երաժշտա­պետ Նշան Չալ­կը­ճեանը այդ տե­սակ ան­ձե­րէն էր։

Պա­տահա­բար Պո­լիս կը գտնո­ւէի իր յու­ղարկա­ւորու­թեան օրը։ Պատ­րիարք Հօր, Արամ արք.ի եւ քա­հանա­ներու ներ­կա­յու­թիւնը, Յա­րու­թիւն վար­դա­պետի դամ­բա­նակա­նը, գրե­թէ ազ­գա­յին յու­ղարկա­ւորու­թեան վե­րածե­ցին արա­րողու­թիւնը։ Բայց եւ այնպէս, ո՛րքան կ՚ու­զէի դա­գաղին շուրջ տես­նել՝ իր աշա­կերտնե­րէն եւ բա­րեկամ­նե­րէն զատ, գո­նէ քա­նի մը երաժշտա­պետ ալ, զինք յու­ղարկա­ւորե­լու հա­մար նո՛յն աւան­դա­կան եր­գե­ցողու­թեամբ, որ պի­տի ըլ­լար ոչ միայն դպրաց դա­սերու յար­գանքի տուրքը, այլ նաեւ ցոյց պի­տի տար թէ պի­տի շա­րու­նա­կուի իր աւան­դը։ Յար­գանքի տուրքը եկաւ բազ­մա­ձայն երգչա­խումբի նրբին եր­գե­ցողու­թե­նէն։ Իսկ գե­րեզ­մա­նին շուրջ կա­տարո­ւած մտեր­միկ եր­գե­ցողու­թիւնը քիչ մը սփո­փեց սիրտս. դեռ կա­րելի էր դպրաց դաս ապ­րեցնել, հե­տեւա­բար՝ երաժշտա­պետ պատ­րաստել։

Ի պա­տիւ իրեն, իր վաս­տա­կին պատ­րաստո­ւող գրքոյ­կին հա­մար աս­կէ ճի՛շդ ութ տա­րի առաջ ըսե­լիքս ըսած էի ար­դէն։ Վե­րադար­ձայ այդ գրու­թեան. թէ՛ ժա­մանա­կավ­րէպ էր ան, եւ թէ ու­նէր յոյ­սի նշոյլ մը որ չէ շի­ջանած տա­կաւին։

Ու­զենք չու­զենք պէտք է ըն­դունինք, թէ Նշան աղ­բա­րիկը վեր­ջինն էր այն աւան­դա­կան երաժշտա­պետե­րուն, որոնք չտա­րուե­ցած ար­դի եւ ժա­մանա­կակից հո­սանքնե­րէն, մնա­ցին ձայ­նե­ղանակ­նե­րու աշ­խարհին մէջ, ամ­բողջ կեանք մը ապ­րե­ցան անոր հրա­պոյ­րը, եւ ջա­նացին փո­խան­ցել զայն։

Ութ տա­րի առաջ էր ու­րեմն, կ՚ըսէի՝

«Բնա­կան է, աւան­դութիւննե­րը կը փո­խուին ժա­մանա­կի ըն­թացքին. կը մեռ­նին ալ։ Ընդհան­րա­պէս կա­րելի չէ ար­գելք ըլ­լալ ասոր։ Բայց կա­րելի՛ է իմա­նալ անոր խոր­քը, ոգին, իմաս­տը։ Կա­րելի՛ է գի­տակ­ցիլ անոր կո­րիզին մէջ դա­րերու ըն­թացքին կու­տա­կուած գան­ձին, եւ փո­խան­ցել զայն»։

Եւ կը վեր­ջացնէի ըսե­լով՝

«Կը մնայ մաղ­թել, որ տա­կաւին եր­կար տա­րիներ վա­յելենք զինք. եւ յու­սալ, որ իր աշա­կերտնե­րը, “երաժշտա­կան գի­տելիք”նե­րէն ան­դին անցնե­լով, հետզհե­տէ աւե­լի՛ գի­տակ­ցին իրենց փո­խան­ցո­ւած գան­ձին։ Կ՚ար­ժէ՛. նո՛յնիսկ եթէ օր մը առան­ձին մնան այդ գի­տակ­ցութեան մէջ»։

«Այս խօս­քէն ութ տա­րի վերջ, կը մնայ միայն յոյ­սը, զոր պա­հելու հա­մա՛ր ալ պէտք է ջանք թա­փել մեր օրե­րու պայ­մաննե­րուն մէջ։ Յու­սալ, թէ գէթ քա­նի մը հո­գիի սրտին մէջ վա­ռի այս գան­ձին լոյ­սը, եւ անոնք լու­սա­ւորեն մեր հո­գինե­րը»։

Աս­տո­ւած հո­գին լու­սա­ւորէ Նշան աղ­բա­րիկին։

* Արամ Քե­րով­բեան՝ Նախ­կին երաժշտա­պետ Փա­րիզի Սբ. Յով­հաննէս Մկրտիչ եկե­ղեց­ւոյն։ Երաժշտա­գիտու­թեան տոքթոր։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ