Էրտողանի կառավարութեան դժկամութեան պատճառաւ լուրջ անորոշութեան մը մատնուած է փոքրամասնութիւններու պատկանող հիւանդանոցներու վարչութեանց ընտրութիւնները։ Եթէ նկատի ունենանք հայոց Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցը, գործող հոգաբարձութիւնը արդէն բոլորած եղաւ 15 տարուայ պաշտօնավարման շրջան մը։
Համայնքային բոլոր հաստատութիւններու ընտրութիւններուն կատարուելէն ետք տրամաբանական ոչ մէկ պատճառ կայ հիւանդանոցները զատ դասելու առումով։
Ի դէմ կառավարութեան կամայական այս դիրքորոշումին, համայնքէ ներս կը ծաւալին այլընտրանքային նոր հոգաբարձուներու խորհուրդի մը որոնումները։
Այժմու հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու նախապէս յայտարարած էր թէ ապագայ ընտրութիւններու ընթացքին ինք թեկնածու պիտի չըլլայ։ Ապա յաջորդող նոր յայտարարութիւնով մը դրժեց իր այդ խոստումը, ըսելով թէ եթէ դատարկ քսակով մէկը թեկնածութիւնը առաջադրէ ինք պիտի չյօժարի հիւանդանոցի ղեկը յանձնելու։ Յայտնի է, որ կառավարութեան կողքին հոգաբարձութեան ատենապետն ալ որդեգրած է կամայական աշխատաձեւը։
Այս զարգացումներու զուգահեռ նախ Գարակէօզեանի խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմեզկիլ եւ ապա Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի խնամակալութեան նախկին ատենապետ փրոֆ. Թորոս Ալճան առաջադրեցին իրենց թեկնածութիւնը։
Արդարեւ փրոֆ. Ալճան նախորդ շաբթուայ վերջ նախ իր պատրաստած ցանկի կարգ մը անդամներով այցելեց Պատրիարքարան եւ պաշտօնապէս հրապարակեց իր թեկնածութիւնը։ Ապա երկուշաբթի երեկոյ մամլոյ յատուկ ժողովի մը միջոցաւ Թորոս Ալճան իր պատրաստած ցանկը ծանօթացուց պոլսահայ մամուլին։ Ցանկի մէջ տեղ տրուած էր համայնքէ ներս որոշ ծանօթութեան արժանացած անուններու, որոնց մեծամասնութիւնը իրենց մասնագիտութեամբ կ՚արդարացնէին հիւանդանոցի մը հոգաբարձու դառնալու համար պիտանի յատկանիշները։
Այս պահուն պարտինք հարցնել թէ մինչեւ ե՞րբ պէտք է սպասել կառավարութեան քմահաճոյքը, քանի որ անորոշութիւնը իր կարգին մաշեցնող է ազգային բոլոր հաստատութիւններու համար։
Մնաց որ ինչպէս վերեւ ալ նշած էինք նման անորոշութեան բացատրութիւնն ալ միշտ զլացին հայ հասարակութենէն։
Այս պահուն դարձեալ կ՚արժէ հարցնել թէ ի՞նչ է Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան մօտ փոքրամասնութիւններու լիազօրուած ներկայացուցիչի առաքելութիւնը, եթէ ոչ այս հարցումներու համար գոհացուցիչ պատասխան պահանջել։