Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 5 Մայիս 2024, Կիրակի առաւօտ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին եւ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի 95-ամեակին։
Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական Փոխանորդ եւ դասու պատուոյ անդամներէն՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագներ, կիսասարկաւագներ եւ ուրարակիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարեցին Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի անդամները, ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։ Ներկայ էր Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Քարոզիչ եւ Դպրաց Դասի Նախագահ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, ինչպէս նաեւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Երէց Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նայիրի Պետրոսեան, քոյր դպրաց դասերէ անդամներ, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի անդամները եւ երգչախումբի համակիրները։
Յաւարտ Ս. Պատարագի՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վարդապետ կարդաց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեան գիրը, ուղղեալ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի բազմավաստակ վարիչ Յակոբ Մամիկոնեանի։ Մեր Հոգեւոր Պետը, իր խօսքերուն մէջ կ՚ողջունէր երգչախումբի 95-ամեակը եւ կը շեշտէր վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին Յակոբ Մամիկոնեանի գլխաւորութեամբ երգչախումբին յաջորդականութիւնը։
Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը կիսասարկաւագութեան կարգ շնորհեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց սպասաւորներէն Սեւան Տէյիրմէնճեան եւ Արդար Պաղճը ուրարակիր դպիրներուն, իսկ ուրար կրելու արտօնութիւն շնորհեց Վիչէն Դպիր Պիթլիսլեանին։
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Նարեկեան Սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, նախագահութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր։ Այս փուլին միացաւ նաեւ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանը։