Յարգելի նախագահ

ՔՈՒՐԹՈՒԼՈՒՇ ՊԱՇԹԸՄԱՐ

Այս շա­բաթ ձե­զի հետ կը կի­սեմ Հա­րաւա­­յին Ամե­­րիկա­­յի եր­­կիրնե­­րու մէջ մեծ ար­­ձա­­­գան­­գի ար­­ժա­­­նացած եւ հետզհե­­տէ հա­­մաշ­­խարհա­­յին գրա­­կանու­­թեան մէջ տեղ գտած վտան­­գա­­­ւոր վէ­­պերու հե­­ղինա­­կի մը եւ անոր իր բա­­ցատ­­րութեամբ ամե­­նավ­­տանգա­­ւոր հա­­մարած վէ­­պը։

Խօս­­քը կը վե­­րաբե­­րի Ան­­ճըլ Աս­­թուրեասի եւ անոր «Յար­­գե­­­լի Նա­­խագահ» անուն վէ­­պին։ Այս աս­­տի­­­ճանի քննա­­դատա­­կան գրա­­կանու­­թիւն մը՝ կը կա­­րօտէր եր­­կու են­­թա­­­հողի՝ աք­­սոր եւ քա­­ջու­­թիւն։ Ար­­դա­­­րեւ «Յար­­գե­­­լի Նա­­խագահ»ը միաժա­­մանակ դի­­ւանա­­գէտի կո­­չում ալ ու­­նե­­­ցող Աս­­թուրեասի աք­­սո­­­րավայր Ֆրան­­սա­­­յի մէջ գրի առած եւ հա­­րազատ երկրի բռնա­­տէրե­­րը քննա­­դատող գործ մըն է։

Վէ­­պը կ՚ըն­­դա­­­նայ աւա­­զակ­­նե­­­րու հար­­ցաքննու­­թեան մի­­ջոցաւ։ Իրա­­կանու­­թեան մէջ շատ հա­­սարակ մե­­ղադ­­րանք մըն է։ Եկե­­ղեցիի պաշ­­տօ­­­նեայ մը երկրի նա­­խագա­­հին մօր ծննդեան օրը նշա­­նակող որ­­մազդը վար կ՚առ­­նէ , որ կպցո­­ւած էր եկե­­ղեց­­ւոյ պա­­տին։

Երկրէ մը ներս բռնա­­տիրու­­թեան խոր ար­­մատներ ար­­ձա­­­կելով ժո­­ղովուրդը շնչա­­հեղձ կ՚ըլ­­լայ։ Դա­­տական հա­­մակար­­գը ցո­­փու­­հին կը դառ­­նայ բռնա­­տէրե­­րուն։ Ահ­­ռե­­­լի գու­­մարներ կը ծախ­­սո­­­ւի քա­­րոզար­­շա­­­ւի հա­­մար։ Վեր­­ջա­­­պէս հա­­մակար­­գի ընդձե­­ռած բա­­րիք­­նե­­­րէն օգ­­տո­­­ւող­­նե­­­րը այդ վար­­չա­­­կար­­գին Աս­­տո­­­ւածա­­յին շնորհք վե­­րագ­­րել կը սկսին։ Իրա­­ւական կշի­­ռը կը կշռէ ոչ թէ յան­­ցա­­­գոր­­ծի ու ար­­դա­­­րի մի­­ջեւ, այլ նա­­խագա­­հի ձեռնտու ըլ­­լա­­­լու կամ չըլ­­լա­­­լու ստուգման հա­­մաձայն։

Բռնա­­տիրու­­թիւնը կ՚օգ­­տո­­­ւի ու­­նայնաց­­նե­­­լէ։ Գլուխնե­­րուն, ար­­ժա­­­նիք­­նե­­­րուն, գի­­տու­­թեան, կրթու­­թեան եւ առ­­հա­­­սարակ կեան­­քին ու­­նայնա­­ցու­­մէն օգուտ կը քա­­ղէ։

Հայ­­րե­­­նասէր­­նե­­­րը, հայ­­րե­­­նիքի ծաղկման հա­­մար աշ­­խա­­­տող­­նե­­­րը եթէ կրկնեն ընդդի­­մադիր գա­­ղափար­­ներ, սպառ­­նա­­­լիք կը դառ­­նան նա­­խագա­­հին հա­­մար։

Մենք ալ դի­­տելով Եըլ­­մազ Կիւ­­նէյ, Ճեմ Գա­­րաճա, Նա­­զըմ Հիք­­մեթ կամ Ահ­­մետ Քա­­յայի նման ար­­ժէքնե­­րը, կը հաս­­տա­­­տենք Աս­­թուրեասի հա­­մոզումնե­­րը։

«Յար­­գե­­­լի Նա­­խագահ»ի երկրին մէջ ալ բա­­ւական ծանր են պայ­­մաննե­­րը։ «Քու­­նը չի թար­­մացներ մարդկանց, ջու­­րը չի յա­­գեց­­ներ։ Որո­­տումներ կը լսո­­ւին բարձրե­­րէն։ Ար­­գե­­­լանոց­­նե­­­րու բա­­կերէ ներս ոճ­­րա­­­գործնե­­րու գնդակ­­նե­­­րը կը ջախ­­ջա­­­խէն մտա­­ծող լու­­սա­­­ւոր գլուխներ։ Պա­­լատի մար­­մա­­­րեայ սա­­լերը ան­­մեղնե­­րու արիւ­­նով թրջո­­ւած է։ Ո՞ւր որո­­նել ազա­­տու­­թիւնը»։

Ճնշման չա­­փացոյց մըն է Աս­­թուրեասի վէ­­պերը, երբ որ յե­­ղափո­­խու­­թեան ոտ­­նա­­­ձայ­­նե­­­րը կը լսո­­ւին, իս­­կոյն անող վէ­­պերը կը հա­­ւաքո­­ւին գրա­­խանութնե­­րէն։

Ըն­­թերցող­­ներս գի­­տեն՝ ո՛չ թէ նոր հրա­­տարա­­կու­­թիւննե­­րը, այլ իմ նոր ծա­­նօթա­­ցած­­ներս են որ կը կի­­սեմ «Ակօս»ի ըն­­թերցող­­նե­­­րուս հետ։ Ու­­րեմն Աս­­թուրեասի մա­­սին այս գրա­­ռումն ալ աւար­­տեմ Լի­­վանէ­­լիի «Սե­­րենատ» անու­­նով վէ­­պէն մէջ­­բե­­­րու­­մով մը։ «Բո­­լոր իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը կը սպան­­նեն, ոմանք աւե­­լի շատ, ոմանք աւե­­լի նո­ւազ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ