Շարունակութիւնը գալ տարի

Թուրքիոյ ներ­­կայ քա­­ղաքա­­կան մի­­ջավայ­­րի մէջ «հա­­սարա­­կու­­թեան անվտան­­գութիւ­­նը» պատ­­ճա­­­ռաբա­­նու­­թեամբ կ՚ար­­գի­­­լուին հա­­սարա­­կական բնոյ­­թի բո­­լոր պա­­հանջնե­­րը։ Այս ծի­­րէն ներս 29 Ապ­­րիլ եր­­կուշաբ­­թի առա­­ւօտ Ներ­­քին գոր­­ծոց նա­­խարար Ալի Եէր­­լի­­­քայա մամ­­լոյ ժո­­ղով մը գու­­մա­­­րելով յայ­­տա­­­րարեց թէ բա­­ցար­­ձա­­­կապէս պի­­տի չար­­տօ­­­նուի արհմիու­­թիւննե­­րու Թաք­­սի­­­մի հրա­­պարա­­կին վրայ կազ­­մա­­­կեր­­պե­­­լիք Մա­­յիս 1-եան տօ­­նակա­­տարու­­թիւննե­­րը։ Իր ելոյ­­թին մէջ զգու­­շա­­­բար ընտրո­­ւած բա­­ռերով փոր­­ձեց հան­­րա­­­հաւա­­քի մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րու ահա­­բեկիչ ըլ­­լա­­­լու մա­­սին տպա­­ւորու­­թիւն գո­­յաց­­նել։

Միւս կող­­մէ գլխա­­ւորու­­թեամբ ՏԻՍՔ-ի զա­­նազան արհմիու­­թիւններ որո­­շած են ան­­տե­­­սել յա­­րու­­ցո­­­ւած այս ար­­գելքը եւ տօ­­նակա­­տարու­­թիւնը գոր­­ծադրել Թաք­­սի­­­մի հրա­­պարա­­կին վրայ։

Այս կո­­չին ձայ­­նակցած է նաեւ Ժո­­ղովրդա­­հան­­րա­­­պետա­­կան Կու­­սակցու­­թեան Իս­­թանպու­­լի նա­­հան­­գա­­­պետը եւ կու­­սակցա­­կան շար­­քե­­­րը հրա­­ւիրած ժա­­մը 10.00-ին Սա­­րաչ­­հա­­­նէ մէկ­­տե­­­ղուիլ, դէ­­պի Թաք­­սիմ երթ կա­­տարե­­լու հա­­մար։

Նման կո­­չեր ըրած են զա­­նազան ձա­­խակող­­մեան կու­­սակցու­­թիւննե­­րու կար­­գին Թուրքիոյ փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րու, ճար­­տա­­­րապետ եւ ճար­­տա­­­րագէտ­­նե­­­րու կա­­ճառ­­նե­­­րը։

ՏԵՄ կու­­սակցու­­թիւնը եւս կ՚առար­­կէ նա­­խարարի ար­­գելքին եւ կը յայ­­տա­­­րարէ թէ իրենք ալ Պե­­շիք­­թա­­­շի մէջ մէկ­­տե­­­ղուե­­լով Բժիշկնե­­րու Կա­­ճառի եւ Հա­­սարա­­կական Ծա­­ռայող­­նե­­­րու Արհմիու­­թեան նման պի­­տի ուղղո­­ւին դէ­­պի Թաք­­սիմ։

Իբ­­րեւ կան­­խա­­­միջոց Թաք­­սի­­­մի հրա­­պարա­­կը 29 Ապ­­րի­­­լէն սկսեալ շրջա­­փակո­­ւած է եր­­կա­­­թեայ ար­­գե­­­լակ­­նե­­­րով։ Իսկ 1 Մա­­յիսի հա­­մար դէ­­պի Թաք­­սիմ տա­­նող բո­­լոր ճամ­­բա­­­ները փակ են փո­­խադ­­րա­­­միջոց­­նե­­­րու։ Իս­­թանպու­­լի մեթ­­րօ­­­փոլի­­թանը նոյնպէս զանց կ՚առ­­նէ Թաք­­սի­­­մի նա­­խոր­­դող եւ յա­­ջոր­­դող քա­­նի մը կա­­յարան­­նե­­­րը, ժո­­ղովուրդին հրա­­պարակ հաս­­նի­­­լը խա­­փանե­­լու մի­­տու­­մով։

Ինչ հե­­տաքրքրա­­կան է, որ Ներ­­քին Գոր­­ծոց Նա­­խարաու­­թիւնը Թաք­­սի­­­մի հրա­­պարա­­կը հան­­րա­­­հաւա­­քի կ՚ար­­գիլէ պատ­­ճա­­­ռաբա­­նելով թէ ան եր­­թե­­­ւեկու­­թեան ամե­­նակա­­րեւոր խաչ­­մե­­­րուկն է եւ կը խան­­գա­­­րուի ժո­­ղովուրդի ճամ­­բորդե­­լու իրա­­ւունքը։

1 Մա­­յիսի առա­­ւօտուն քա­­ղաքը այնպէս շրջա­­փակած էին թէ, նոյ­­նիսկ ան­­կա­­­րելի կը դառ­­նար տան դռնէն դուրս գա­­լը ան­­գամ։

Այս պայ­­մաննե­­րու մէջ քիչ թի­­ւով ցու­­ցա­­­րար­­ներ հա­­զիւ թէ յա­­ջողե­­ցան նա­­խապէս յայ­­տա­­­րարո­­ւած հա­­ւաք­­ման վայ­­րը հաս­­նիլ։ Այստեղ անոնք եւս պա­­շարո­­ւեցան ահ­­րե­­­լի թի­­ւով ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րու կող­­մէ եւ այդ պա­­շարու­­մը ճեղ­­քել փոր­­ձողներէն 210 անձ իս­­կոյն բեր­­ման են­­թարկո­­ւեցան ձեռ­­նա­­­կապուած ձե­­ւով։

Անվտան­­գութեան ծա­­ռայու­­թիւննե­­րը այսպէ­­սով յա­­ջողե­­ցան իրենց վստա­­հուած պաշ­­տօ­­­նին մէջ հսկայ քա­­ղաքը ար­­գե­­­լանոցի մը վե­­րածե­­լու գնով։

Նա­­խապէս յայ­­տա­­­րարո­­ւած էր եր­­կու հա­­ւաք­­ման կէտ՝ Սա­­րաչ­­հա­­­նէ քա­­ղաքա­­պետա­­րանի շէն­­քը եւ Պէ­­շիք­­թաշ։ Զգա­­լիօրէն քիչ էին այդ կէ­­տերը հաս­­նողնե­­րը, որոնք մանր դի­­մադ­­րութիւննե­­րով ետ մղո­­ւեցան ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րու կող­­մէ։ Ժո­­ղովրդա­­հան­­րա­­­պետա­­կան կու­­սակցու­­թեան նա­­խագա­­հը, որ նա­­խապէս վճռա­­կամօ­­րէն կը խօ­­սէր Թաք­­սիմ մտնե­­լու մա­­սին, հրա­­ժարե­­ցաւ այդ կամ­­քէն եւ հե­­ռացաւ հա­­ւաք­­ման կէ­­տէն։

Նոյնպէս ՏԻՍՔ յայ­­տա­­­րարեց թէ կը հրա­­ժարին Թաք­­սիմ մտնե­­լու կամ­­քէն եւ արհմիու­­թեան ան­­դամներն ալ հետզհե­­տէ նա­­հան­­ջե­­­ցին ոս­­տի­­­կանա­­կան պատ­­նէ­­­շի դի­­մաց։

Այսպէս Էր­­տո­­­ղանի կա­­ռավա­­րու­­թիւնը ան­­գամ մը եւս պար­­տադրած եղաւ իր կամ­­քը Թաք­­սի­­­մի հրա­­պարա­­կը Մա­­յիսի 1-եան տօ­­նախմբու­­թիւննե­­րու հա­­մար ար­­գի­­­լելու որո­­շու­­մով։

Ըստ երե­­ւոյ­­թի այս տա­­րի ալ յա­­ջորդ տա­­րի կրկին շա­­րու­­նա­­­կելու յոյ­­սով անա­­ւարտ մնա­­ցած է Մա­­յիս 1-եան տօ­­նակա­­տարու­­թիւննե­­րը Պոլ­­սոյ մէջ։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ