Մահ՝ դպրապետ Նշան Չալկճեանի

Թերթս տպա­րան ղրկե­լու կը պատ­րաստո­ւէին, երբ գրայ հա­սաւ ցա­ւալի գոյ­ճը։ Ոչ եւս է Պէ­յօղ­լո­ւի Սուրբ Եր­րորդու­թիւն Եկե­ղեց­ւոյ բազ­մա­մեայ դպրա­պետ Նշան Չալկճեան։ Ան կը պատ­կա­նի հայ հո­գեւոր երաժշտու­թեան աւան­դա­կան եր­գե­ցողու­թիւնը շա­րու­նա­կող եւ հետզհե­տէ նո­ւազ ոճի մը մե­րօրեայ վեր­ջին ներ­կա­յացու­ցիչնե­րու փա­ղան­գին։ Այդ երաժշտա­կան ոճը թէեւ որոշ շե­ղում ապ­րած էր պատ­մա­կան եւ հնա­գոյն եղա­նակա­ւորու­մէն, բայց իր հեր­թին կը ներ­կա­յաց­նէր յա­տուկ ար­ժա­նիք։ Այս առու­մով Նշան Չալկճեան ու­նե­ցաւ նաեւ ու­սուցի­չի հան­գա­մանք, քա­նի որ իբ­րեւ դպրա­պետ ու­ղե­ցոյց եղաւ բազ­մա­թիւ դպիր­նե­րու։

Այ­սօր երբ կը ցա­ւինք իր մա­հին, միւս կող­մէ կը մխի­թարո­ւինք խոր­հե­լով թէ կան այդ աւան­դը շա­րու­նա­կելու ատակ երի­տասարդ յա­ջոր­դողներ։

Նշան Չալկճեանի յու­ղարկա­ւորու­թիւնը պի­տի կատարուի 4 Մայիս շաբաթ օր, Գատըգիւղի Սուրբ Թագաւոր Եկեղեցւոյ մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ