Թերթիս նախորդ թիւերուն մէջ անդրադարձած էինք Անգարայի Համալսարանի դասախօսներէն Անի Սարուհանեանի աշխատանքէ հեռացուելու մասին լուրերուն։
Վերջերս համալսարանը նիւթի մասին գրաւոր բացատրութիւն մը ուղարկած է թերթիս խմբագրութեան։ Այստեղ կը նշուի թէ Անի Սարուհանեան 1 Սեպտեմբեր 2018-էն այս կողմ համալսարանի մէջ կ՚աշխատէր որպէս օտարահպատակ դասախօս։ Այս տեսակի դասախօսները համալսարանի մէջ կը գործեն 1 տարուայ պայմանագրով եւ այդ պայմանագիրը իւրաքանչիւր տարի կը վերանորոգուի դասախօսի ցանկութեան պայմանաւ։ Անի Սարուհեանեան այս տարի պայմանագիր կնքելու համար դիմում չէ կատարած։ Բացի այդ 2022-2023 ուսման տարեշրջանի ընթացքին բացակայելու արտօնութիւն ուզած է Ռոմանիոյ մէջ կազմակերպուած թարգմանչական ծրագիրի մը մասնակցելու համար։ Համալսարանի վարչութիւնը նկատի ունենալով գարնանային քննութիւններու թուականը, մերժած է այս դիմումը։ «Արդարեւ ճիշդ չէր համալսարանի վարչութեան Անի Սարուհանեանը պաշտօնէ հեռացնելու մասին պնդումը, քանի որ վերջինս նոր պայմանագրի համար առաջարկ չէ ներկայացուցած» ըսուած է համալսարանի ուղարկած լուսաբանութեան մէջ։