24Ապրիլ չորեքշաբթի օր, Շիշլիի գերեզմանատան շիրիմին վրայ յիշատակուեցաւ հայր եւ որդի Կարպիս եւ Սեւակ Պալըքչը։ Տէր Կորիւն Աւագ Քահանայ Ֆեներճեանի մատուցած հոգեհանգստեան կարգի աւարտին Նոր Զարթօնք հարթակի անունով Ճան Էրզուրումլուօղլու ալ ընթերցեց հարթակի մամլոյ յայտարարութիւնը, աւարտին շեշտելով «Սեւակ քեզ պիտի չմոռնանք» կարգախօսը։ Տարելիցի այս հանդէսին բացի ընտանիքի պարագաներէ եւ Նոր Զարթօնք շարժումի անդամներէ, ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Բանուորներու Կուսակցութեան պատգամաւոր Ահմետ Շըք։
Ինչպէս յայտնի է Սեւակ Պալըքչը 2011-ի, 24 Ապրիլ թուականին զինուորական պարտադիր ծառայութիւնը կատարած պահուն սպանուած էր մի այլ շարքային զինծառայող Քըվանչ Աղաօղլուի կրակոցով։
Իսկ Կարպիս Պալըքչը 11 տարի այդ սուգով ապրելէ վերջ հրաշքի համազօր զուգադիպութեամբ ինք եւս մահացաւ որդւոյն հետ նոյն օրը։