Կրնա՞նք լուսաւորել մեր մութ ապագան

ԱՅԼԻՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ

«23,5 Հրանդ Տինք յի­շողու­թեան վայր»-ը 20-27 Ապ­րի­լին իր դռնե­րը բա­ցաւ Ապ­րիլ 24-ը տար­բեր ձեռ­նարկնե­րու ճամ­բով ոգե­կոչել փա­փաքող­նե­րու դի­մաց։ Այս ծի­րին մէջ առիթ ու­նե­ցայ վա­րելու «24 Ապ­րիլ 1915. Իս­թանպուլ, Չան­ղը­րը, Այաշ, Ան­գա­րա» գիր­քի հե­ղինակ Նե­սիմ Օվա­տիա Իզ­րայիլի նիս­տը։ Նիս­տի աւար­տին, հե­ղինա­կին գլխա­ւորու­թեամբ յի­շողու­թեան շրջա­գայում մը ու­նե­ցանք Պոլ­սոյ թա­ղերուն մէջ եւ այ­ցե­լեցինք վեց մտա­ւորա­կան­նե­րու տու­նե­րը, ուրկէ ձեր­բա­կալո­ւած էին՝ Այաշ կամ Չան­ղը­րը աք­սո­րուե­լու, 24 Ապ­րիլ 1915-ին։ Այս վեց մտա­ւորա­կան­նե­րէն ոմանք վե­րապ­րե­ցան, ու­րիշներ ալ մա­հուան են­թարկո­ւեցան։ Նիս­տին յա­ջոր­դող յի­շողու­թեան լռիկ շրջա­գայում մը կա­տարե­լու գա­ղափա­րը թե­րեւս մէջ­տեղ եկաւ ծի­սական տա­րածք մը ստեղ­ծե­լու եւ հա­ւանա­բար մար­տահրա­ւէր­նե­րով լե­ցուն այս աշ­խարհին մէջ մեր կա­րողու­թիւնը ընդլայ­նե­լու հա­մար։

Յի­շողու­թեան շրջա­գայու­թիւննե­րը, որոնց կա­րելի է բնո­րոշել իբ­րեւ տե­սակ մը վեր­յուշու­թիւն, դան­դա­ղիլ եւ վայ­րին ռիթ­մին հետ ներ­դաշնա­կիլ կը պա­հան­ջեն։ Քա­լելը եր­բեմն առիթ կը ստեղ­ծէ թե­լադ­րո­ւած ժա­մանա­կէն դուրս ել­լե­լու։ Երբ վայրկեանի մը հա­մար ժա­մանա­կէն եւ վայ­րէն դուրս կու գանք, կը դիւ­րա­նայ պատ­մութիւններ բո­վան­դա­կող վայ­րե­րուն պա­տումնե­րը լսե­լը. պատ­մութիւններ, որոնց չեն անդրա­դառ­նար մեր առօ­րեային մէջ։ Ան­ցեալէն բռնու­թիւննե­րու հետ­քեր պա­րու­նա­կող քա­ղաքի մը մէջ քա­լելով յի­շելը եւ ներ­կա­յին մէջ անցնի­լը տա­րածք կը բա­նայ զգա­լու եւ լսե­լու այն պատ­մութիւննե­րը, որոնք դուրս մնա­ցած են հան­րա­յին տա­րած­քին գե­րիշ­խող եւ բռնու­թիւնը ծած­կող պա­տումնե­րուն կող­մէն։ Ուալ­թըր Բե­նիամին իր «Պե­ղումներ եւ Յի­շողու­թիւն» կարճ գրու­թեան մէջ յի­շողու­թեան արո­ւես­տի կի­րառու­մը կը նմանցնէ հնա­գիտու­թեան պե­ղումնե­րու։ Ան կը նկա­րագ­րէ աշ­խա­տան­քի ըն­թացքին հնա­գէտի բծախնդու­թիւնը, տրա­մադ­րած ժա­մանակն ու նո­ւիրու­մը եւ պե­ղավայր բազ­միցս այ­ցե­լու­թիւննե­րը՝ իբ­րեւ օրի­նակ յի­շողու­թեան արո­ւես­տի հե­տաքրքրո­ւող­նե­րու։ Ան­ցեալին հետ հան­դի­պու­մը լոկ պե­ղածո­ները տես­նելն ու ցու­ցասրահ փո­խադ­րե­լը չէ. այլ՝ պե­ղածո­ներուն գտնո­ւած տա­րած­քին հետ յա­րաբե­րու­թիւնն է, որ մե­զի դէմ յան­դի­ման կը դնէ իս­կա­կան ան­ցեալին հետ եւ կը ծա­ռայէ պատ­մութիւ­նը աւե­լի լաւ հասկնա­լուն։ Չո­րեք­շաբթի, 24 Ապ­րի­լին, Նե­սիմ Օվա­տիա Իզ­րայիլի հետ շուրջ քսան մաս­նա­կից­նե­րով յի­շողու­թեան մեր պտոյ­տը մե­զի առաջ­նորդեց դէ­պի յի­շողու­թեան տա­րածք այն հայ մտա­ւորա­կան­նե­րուն, որոնց պատ­մութիւննե­րը կար­դա­ցած էինք գիր­քե­րուն մէջ եւ պատ­կերնե­րը տե­սած ոգե­կոչ­ման ձեռ­նարկնե­րու ըն­թացքին։ Ինչպէս մաս­նա­կից­նե­րէն մին ար­տա­յայ­տո­ւեցաւ՝ «ի տար­բե­րու­թիւն պաշ­տօ­նական պատ­մութեան, պա­տահա­ծը շատ աւե­լի իրա­կան երե­ւաց մե­զի»։

24 Ապ­րիլ 1915-ին կա­լանա­ւորուած գրող­նե­րու, մտա­ւորա­կան­նե­րու, արո­ւես­տա­գէտ­նե­րու տու­նե­րուն առ­ջեւ խմբո­վին գտնո­ւիլն ու անոնց պատ­մութիւննե­րը լսե­լը հե­ղինա­կէ մը, որ անոնց մա­սին ու­սումնա­սիրած եւ հրա­տարա­կած է, ո՛չ միայն կը պատ­ռէ անոնց զո­հի զգես­տը, այ­լեւ մե­զի կը յի­շեց­նէ, որ անոնք տուն, հաս­տա­տուած իրա­վիճակ, գիր­քե­րով, կեանք ու­նե­ցող ան­հատներ էին, ու­նէին ամու­սին եւ ըն­տա­նիք։ Շրջա­գայող­նե­րուն տար­բեր կեր­պով ազ­դեց եր­կու թան­կա­գին հայ մտա­ւորա­կան­նե­րու տու­նե­րուն քով-քո­վի ըլ­լա­լը։ Տես­նել Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի երկյար­կա­նի տու­նը, որ տա­կաւին կը կանգնի քա­ղաքին կո­պիտ ճար­տա­րապե­տու­թեան մէջ, եւ Ռու­բէն Սե­ւակի կարճ ատե­նուան մը հա­մար ապ­րած տու­նը, որ ներ­կա­յիս մեծ եւ տա­րածուն յար­կա­բաժի­նի մը վե­րածո­ւած է, մե­զի մտա­ծել տո­ւաւ, թէ ինչպի­սի՛ յա­րաբե­րու­թիւն մը ու­նե­ցած կրնա­յին ըլ­լալ այս եր­կու բա­նաս­տեղծնե­րը։ Անոնց իրա­րու այ­ցե­լու­թիւննե­րուն եւ խօ­սակ­ցութիւննե­րուն բե­կան­ման պա­հը պատ­կե­րաց­նե­լը ա՛լ աւե­լի խո­րացուց մեր ցա­ւը։ Մարդ կրնայ պատ­կե­րաց­նել, թէ այս մայր փո­ղոց­նե­րուն թէ՛ նեղ թա­ղերուն վրայ, ուր մեր ժա­մանա­կին մեծ մա­սը կ՚անցնը­նենք, գտնուող այս տու­նե­րուն ամե­նօրեայ կեան­քը ան­ցեալին կեան­քով լե­ցուն էր.— եւ ան­շուշտ կրնանք պատ­կե­րաց­նել այն պա­հը, երբ դադ­րե­ցաւ ամէն բան…

Օր մը առաջ նոյն թա­ղամա­սէն այլ գոր­ծով ան­ցած պա­հուս աչ­քիս զար­կած էր պա­տերու վրայ ար­ձա­նագ­րութիւն մը՝ կրա­ֆիթի մը, որ յի­շողու­թեան շրջա­գայու­թեան ժա­մանակ հետս էր իբ­րեւ ու­ժեղ ար­տա­յայ­տութիւն. կրա­ֆիթին կ՚ըսէր՝ «կրնա՛նք լու­սա­ւորել մեր մութ ապա­գան»։ Ինչպէս հո­գեխո­ցի մաս­նա­գէտ Կա­պոր Մա­թէ կը նշէ, ապա­գայի նկատ­մամբ մեր վա­խը կը բխի այն մտա­հոգու­թե­նէն, որ ան­ցեալի բռնու­թեան մղձա­ւանջնե­րը կրնան իրենց ազ­դե­ցու­թիւնը ու­նե­նալ ապա­գային մէջ։ Պզտիկ խումբով այս յի­շողու­թեան շրջա­գայու­թեան թե­րեւս փոքր բայց ազ­դե­ցիկ լոյս մը ձգեց մեր մութ ապա­գային վրայ։ Շնոր­հա­կալ ենք Նե­սիմ Օվա­տիա Իզ­րայիլին թէ՛ քննար­կումին եւ թէ մեր հո­գինե­րուն լա­բիւ­րինթոսին մէջ մե­զի առաջ­նորդե­լուն հա­մար։

Թարգմա­նեց՝ Արազ Գո­ճայեան

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ