Ուխտագնացութիւն՝ Պիւյիւքատայի Այա Եորկի Եկեղեցւոյ

ՊԵՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ

Այս տա­րի չոր­րորդ ան­գամ ներ­կայ եղայ Պիւ­յիւքա­տա, Այա Եոր­կի Եկե­ղեց­ւոյ տա­րեկան ուխտագ­նա­ցու­թեան։

Ամէն ան­գա­մուայ պէս հե­տաքրքրու­թիւնս նկա­րել էր։ Բա­ւական խան­դա­վառ եւ յոգ­նե­ցու­ցիչ օր մըն է խոր­քին։ Պիւ­յիւքա­տայի նա­ւահան­գիստէն մին­չեւ եկե­ղեց­ւոյ զա­ռիվեր բարձրա­նալը գրե­թէ մէկ ժամ­նոց քա­լելու ճամ­բայ մըն է։ Ամէն տա­րուայ պէս բա­ւական մեծ խճո­ղում կար։ Հա­րիւ­րա­ւոր տե­ղացի եւ օտա­րական զբօ­սաշրջիկ­ներ եկած էին իրենց իղ­ձե­րու պա­ղատան­քին՝ ըլ­լայ բե­րանա­ցի կամ պզտիկ թուղթե­րու վրայ գրե­լով։

Աւան­դութեան հա­մեմատ ուխտա­ւոր­նե­րը վա­րէն սկսե­լով մին­չեւ եկե­ղեց­ւոյ մուտքը հե­տեր­նին բե­րած դեր­ձաննե­րը ճամ­բու եզեր­քի բազ­մա­թիւ ծա­ռերը մէկս միւ­սին կա­պելով կը քա­լեն։ Այս ճամ­բան գիտ­ցո­ւած է իբր Տան­ջանքի ճամ­բայ։ Նոյ­նիսկ կը վկա­յեն թէ ան­ցեալին եղած են այդ եր­կար ճա­նապար­հը ծունկե­րուն վրայ քա­լելով բարձրա­ցող­ներ։ Եկե­ղեցիին մուտքին մոմ կը վա­ռեն եւ ներ­սը պզտիկ թղթիկ­նե­րու վրայ իրենց իղ­ձե­րը գրե­լէ վերջ թղթիկ­նե­րը նա­խապէս պատ­րաստո­ւած տու­փի մը մէջ կը նե­տեն։

Եկե­ղեցիի մուտքը խճո­ղուած կ՚ըլ­լայ եւ սպա­սելը եր­կար։ Իղ­ձե­րը յայտնե­լէ ետք ուխտա­ւոր­նե­րը եկե­ղեցիի ետե­ւի պար­տէ­զը կ՚ել­լեն, ուր կայ հրա­շալի տե­սարան մը։ Ուխտագ­նա­ցու­թե­նէն ետք շա­տերը եկե­ղեց­ւոյ շրջա­կայ­քը կը զբօս­նին, տե­սարա­նը կը վա­յելեն ու մաս մըն ալ փիք­նիկ կ՚ընեն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ