Չիլիի Խորհրդարանի ստորին՝ Ներկայացուցիչներու պալատը որպէս ցեղասպանութիւն ճանչցած է 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները։ Հարաւամերիկեան երկրի խորհրդարանէն ներս ընդունուած բանաձեւին դէմ Թուրքիան հինգշաբթի օր բողոքած է՝ յայտարարելով, թէ բանաձեւը «ուժ չունի»։ «Խորհրդարանները իրաւասու չեն մեկնաբանել պատմութեան մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները եւ անոնց վերաբերեալ դատողութիւններ ընել», Անատոլու գործակալութեան փոխանցումով յայտարարած է Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը, պնդելով, թէ բանաձեւը նաեւ կը հակասէ ցեղասպանութիւններու կան-խարգիլման եւ պատժելու մասին Մ.Ա.Կ.-ի 1948-ի համաձայնագիրը։ Ըստ Թուրքիոյ Ա.Գ.Ն. մեկնաբանութեան՝ ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կարելի է դիտարկել միայն համապատասխան դատարանի կողմէ։