Լիլիթ Պիպոյեանի հետ դէպի հայ երաժշտութեան ակունքները

ՀԻԼԱԼ ՍԵՒԵՆ

Վիշտի եւ խղճի զգայ­նա­կան ար­տա­յայ­տութիւ­նով շա­ղախո­ւած հայ երաժշտու­թիւնը մո­րացո­ւած արո­ւես­տա­գէտ­նե­րու ժա­մանա­կը գե­րազան­ցող մե­ղեդի­ներով կը շա­րու­նա­կէ հնչել։ Բազ­մա­դարեան այդ աւան­դութեան իր կի­թառով ու դաշ­նա­մու­րով նոր շունչ պար­գե­ւող արո­ւես­տա­գէտ մըն է Լի­լիթ Պի­պոյեանը, որու հետ «Ակօս»ի ըն­թերցող­նե­րուն հա­մար զրու­ցե­ցինք եւ տպա­ւորո­ւեցանք անոր նրբու­թե­նէն եւ գերզգայ­նութե­նէն։

Հ.Ս.- Սկսինք ձեր երաժշտա­կան ճա­նապար­հով։ Երաժշտու­թեան հան­դէպ ու­շադրու­թիւնը, ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս ծա­գեցաւ։

Լ.Պ.- Հայրս նկա­րիչ էր, իսկ մայրս տնտե­սագէտ։ Ան երաժշտու­թեան մեծ հա­կում ու­նէր եւ տա­ղանդ։ Ըն­տա­նեօք եր­գել կը սի­րէինք, բայց ոչ մէկս ար­հեստա­վարժ երա­ժիշտ էինք։

Խորհրդա­յին տա­րինե­րուն յատ­կա­պէս Հա­յաս­տա­նի մէջ ծնող­ներ կը կա­րեւո­րէին իրենց զա­ւակ­նե­րուն երաժշտա­կան կրթու­թիւնը։ Ինչպէս բո­լոր այլ ըն­տա­նիք­ներ, իմ ծնող­ներս ալ զիս ու­ղարկե­ցին երաժշտա­կան դպրոց մը, ուր դաշ­նա­մուր նո­ւագե­լու կող­քին ու­սա­նեցայ երաժշտա­կան տե­սու­թեան եւ պատ­մութեան նիւ­թե­րով։

Հ.Ս.- Ձեր առա­ջին ալ­պո­մի մէջ ընդհան­րա­պէս կի­թառն էր գե­րակշռո­ղը։ Հետզհե­տէ լա­րային­նե­րը եւ ելեկտրո­նիկ նո­ւագա­րան­նե­րը աւե­լի ծան­րակշիռ եղան։ Ինչպէ՞ս կը բա­ցատ­րէք այս փո­փոխու­թիւնը։

Լ.Պ.- Ճիշդ է, սկիզ­բը կի­թառն ու դաշ­նա­մու­րը գե­րակշռող էին։ Ժա­մանա­կի ըն­թացքին այլ լա­րային գոր­ծիքներ եւս աւել­ցան։ Յա­րատեւ ըլ­լա­լով նոր ձայ­ներ եւ ոճե­րու գիւ­տը կ՚ընեմ եւ այսպէ­սով ալ իբ­րեւ երա­ժիշտ աւե­լի կը զար­գա­նամ։ Միայն կի­թառ ու դաշ­նա­մուր նո­ւագե­լով նո­ւազա­պաշտ մեր­ձե­ցում մը կը ստեղ­ծէք։ Սա­կայն միշտ ու­զած եմ արա­րողա­կար­գի բնոյթ ու­նե­ցող հա­մահունչ ըն­կա­լում մը գո­յաց­նել։

Որոշ ալ­պոմնե­րու մէջ լա­րային­նե­րու քա­ռեակ, փո­ղային նո­ւագա­րան­ներ եւ թե­թեւ հա­րուա­ծային գոր­ծիքնե­րէ օգ­տուեցայ։ Հե­տաքրքրա­կանը այն է, թէ վեր­ջին գոր­ծե­րուս մէջ կի­թառն ու դաշ­նա­մու­րը բո­լորո­վին թո­ղած եմ։

Հ.Ս.- Լսող­նե­րու մօտ հիացում պատ­ճա­ռող այսքան քաղցր եր­գե­րը ինչպէ՞ս կը գրէք։

Լ.Պ.- Սկիզ­բը երգ չէի գրեր։ Կ՚եր­գէի ու­րիշնե­րուն գրած­նե­րը կամ ալ ժո­ղովրդա­կան եր­գե­րը կը մեկ­նա­բանէի գոր­ծի­քաւոր­ման ու­րոյն յատ­կա­նիշ­ներ աւե­լաց­նե­լով։ Պար­զա­պէս կա­տարող մըն էի եւ որ­դեգրած էի նոր կամ մո­րացո­ւած եր­գե­րը նա­խընտրել, անոնք վե­րակեն­դա­նաց­նել։

Մէկ-մէկ ինքնա­բուխ տո­ղեր կը գրէի որոնք անար­ժէք կը հա­մարէի։ Հետզհե­տէ քա­նի մը փոք­րիկ տետ­րակ կու­տա­կուե­ցաւ։ Քա­նի մը տա­րի առաջ էր այդ տետ­րակնե­րը վերստին աչ­քէ ան­ցուցի եւ լա­ւագոյն քա­նի մը ոտա­նաւո­րին հա­մար երաժշտու­թիւն յօ­րինե­ցի։

Հ.Ս.- Որ­քան որ գի­տեմ «Կու­լօ» ձեր ամե­նաշատ սի­րուած երգն է։ Ի՞նչ է անոր պատ­մա­ծը։

Լ.Պ.- «Կու­լօ» տղա­մար­դու մը կող­մէ ար­տա­սանո­ւած երգ մըն է։ Իմ եր­գե­րուս մե­ծամաս­նութիւ­նը այդպէս են։ Սի­րոյ եր­գե­րը առ­հա­սարակ տղա­մար­դոց կող­մէ կ՚եր­գո­ւին։ Չհա­մար­ձա­կեցայ բա­ռերը փո­խելու։ Այս եր­գի մէջ ալ տղան կը դժգո­հի «Ին­չո՞ւ զիս կ՚ան­տե­սես, ին­չո՞ւ կը խա­ղաս ինձ հետ։ Մեղ­միկ կը մօ­տենաս, կը ձայ­նեմ, ձեռ­քով նշմար կ՚ընես, բայց երբ մօ­տենամ զիս չես ճանչնար։ Երա­նի քեզ ճանչցած չըլ­լա­յի, տե­սած չըլ­լա­յի»։

Այս տե­սակ եր­գե­րը յատ­կա­պէս ալ «Կու­լօ»ն հա­յերէն­ներ ընդհա­նուր անուանու­մով 10-րդ դա­րէն ԺԸ դար կա­տարուած եր­գե­րուն ակ­նարկու­թիւններ կ՚ընէ։ ԺԶ դա­րու եր­գիչ Նա­հապետ Քու­չա­կը ամե­նայայտնի հա­յերէ­նի հե­ղինակ­նե­րէն է։ Բայց կան նաեւ ու­րիշներ, հրա­շալի սի­րոյ եր­գեր յօ­րինած են, որոնց միայն բա­ռերը հա­սած է մե­զի, իսկ եղա­նակ­նե­րը կամ կոր­սո­ւած, կամ ալ ֆոք­լո­րի պա­շարի մէջ ընդլու­ծո­ւած են։

Հ.Ս.- Կ՚ու­զեմ հարցնել «Ես սա­րէն կու գա­յի» եր­գը, որ դար­ձեալ չեմ յա­գենար լսե­լէ։

Լ.Պ.- Ան ալ ու­նի նման պատ­մութիւն մը։ Մեծ երաժշտա­գէտ եւ եր­գա­հան Կո­միտաս Վար­դա­պետի Թուրքիոյ հայ գիւ­ղե­րը շրջած պա­հուն գրա­ռած եր­գե­րէն է։ Ափ­սոս որ այդ եր­գե­րէն ալ շա­տը այ­սօր չկան այ­լեւս։

Հ.Ս.- Հա­մոզո­ւած եմ որ, հա­յերէն երաժշտու­թիւնը եւ բա­նաս­տեղծու­թիւնը ազ­դած են այլ ժո­ղովրդա­կան աւան­դութիւննե­րու վրայ։ Դուք ալ կը բաժ­նէ՞ք այս հաս­տա­տու­մը։

Լ.Պ.- Այս պա­տաս­խա­նը առնչո­ւած է ժա­մանա­կահա­տուա­ծի մը հետ։ Եթէ կը խօ­սինք ԺԸ. եւ ԺԹ. դա­րերու մա­սին Հա­րաւա­յին Կով­կա­սի մէջ Արե­ւել­քի եւ մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի ազ­դե­ցու­թիւննե­րը նե­րառող կա­րեւոր մշա­կու­թա­յին փո­խազ­դե­ցու­թիւն եղաւ։ 19-րդ դա­րէն մին­չեւ 20-րդ դա­րու սկիզբնե­րը Թիֆ­լիս եւ Կիւմրիի մէջ բազ­մա­թիւ աշուղ նո­ւագա­խումբեր երաժշտա­կան հրա­շալի մի­ջավայր մը գո­յացու­ցին։ Մեծ աշուղ Սա­յաթ Նո­վան իր եր­գե­րը հա­յերէն, վրա­ցերէն եւ թրքե­րէն լե­զու­նե­րով կը կա­տարէր։

Այդ տա­րինե­րուն յա­տուկ տար­բեր բա­ղադ­րիչնե­րով երաժշտա­կան մի­ջավայր մը կար։ Հա­յերը այդ խառ­նա­րանէն յա­ջողու­թեամբ դուրս բե­րին իրենց ու­րոյն նմոյշնե­րը։

Հ.Ս.- Ձեզ ներշնչող երա­ժիշտնե­րը որո՞նք են։

Լ.Պ.- 20 տա­րիէ ի վեր Երե­ւանի Պե­տական Հա­մալ­սա­րանի մէջ Հայ ճար­տա­րապե­տու­թեան պատ­մութիւն կը դա­սաւան­դեմ։ Կը դա­սաւան­դեմ նաեւ դա­սական յու­նա-հռո­մէական արո­ւես­տի պատ­մութիւ­նը։ Ամե­նաշատ կը ծան­րա­նամ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի ամե­նափայ­լուն շրջան­նե­րուն միջ­նա­դարուն Թ. դա­րէն մին­չեւ ԺԴ. դա­րեր։ Կի­լիկիոյ հա­յոց թա­գաւո­րու­թիւնը շատ զար­գա­ցած մշա­կոյ­թի մը տէր էր, ուր ծաղ­կե­ցան երաժշտու­թիւնը, ման­րանկար­չութիւ­նը եւ ճար­տա­րապե­տու­թիւնը։

Նոյնպէս Բագ­րա­տու­նի­ներու Իշ­խա­նու­թեան մայ­րա­քաղաք Անին, իր գե­ղակերտ շի­նու­թիւննե­րով մին­չեւ օրս կան­գուն է։ Երի­տասար­դութե­նէս այս կողմ ցան­կա­ցած եմ այդ ժա­մանա­կահա­տուա­ծի արուես­տի եւ երաժշտու­թեան յայտնա­բերու­մը։ Մե­ծագոյն ցան­կութիւնս եղած է միջ­նա­դարեան հայ հո­գեւոր երաժշտու­թիւնը։ Եւ անոր կող­քին ան­շուշտ ժո­ղովրդա­կան երաժշտու­թիւնը։ Յա­ւելել կ՚ու­զեմ թէ դա­սական երաժշտու­թեան ու­սում ստա­ցած եմ։ Այս ալ կ՚ազ­դէ դա­սական Եւ­րո­պայի եւ հայ­կա­կան երաժշտու­թեան են­թա­հողի վրայ հայ­կա­կան աւան­դութիւննե­րու ըն­կա­լու­միս։

Հ.Ս.- Բաղ­դատմամբ նա­խորդ եր­գե­րու աւե­լի յու­սա­լի, ու­րախ ու եռան­դոտ եր­գեր կը լսենք ձեզ­մէ։ Ինչպէ՞ս եղաւ այս փո­փոխու­թիւնը։

Լ.Պ.- Երի­տասար­դութեան տա­րինե­րուս փո­խադարձ, թէ ան­փո­խադարձ սի­րոյ բո­լոր զգա­ցումնե­րը կ՚ապ­րէի։ Աւե­լի մե­լամաղ­ձոտ էի, քան հի­մա։ Օրի­նակի հա­մար այդ ժա­մանակ ռաք երաժշտու­թե­նէ չէի ախոր­ժեր, բայց հի­մա անոր պար­գե­ւած աշ­խոյժու­թիւնը հա­ճելի կը թո­ւի։ Իմ երաժշտա­կան ճա­շակը բա­ւական ըն­դարձակ է։ կը սի­րեմ բազ­մամշա­կոյթ երանգներ ու­նե­ցող երաժշտու­թիւնը։ Այստեղ կը բա­ցառեմ Հե­ռաւոր Արե­ւել­քը։ Սա­յաթ Նո­վայի անո­ւան երաժշտա­կան դպրո­ցի մը մէջ հա­մեր­գի մը ներ­կայ եղայ։ Քրտա­կան խումբի մը ելոյ­թը լսե­ցի։ Հա­ճելի էր իրենց երաժշտու­թիւնը։ Գա­լով եւ­րո­պական եւ ամե­րիկեան երաժշտու­թեան դա­սական եւ ժա­մանա­կակից եր­կու ոճերն ալ լսե­լէ հա­ճոյք կը ստա­նամ։

Հ.Ս- Թուրքիայէն հե­տեւած երա­ժիշտ մը ու­նի՞ք։

Լ.Պ.- Ան­գամ մը ծա­նօթա­ցայ «Քար­տէշ Թիւրքիւ­լեր» խումբի հետ, որոնք շատ հաւ­նած եմ։

Հ.Ս.- Այս հար­ցազրոյ­ցը պի­տի հրա­տարա­կուի հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շատակ­ման շա­բաթին։ Այս առու­մով Թուրքիոյ մէջ հայ մշա­կոյ­թի եւ երաժշտու­թեան տե­սանե­լիու­թիւնը ինչպէ՞ս կը գնա­հատէք։

Լ.Պ.- Գի­տեմ որ Թուրքիոյ մէջ հա­յերէն եր­գեր կա­տարող երա­ժիշտներ եւ խումբեր կան։ Ինչ մեղք որ անոնց անուննե­րը չեմ յի­շեր։ Նաեւ գի­տեմ թէ համ­շէնցի­ներ կը պա­հեն իրենց մշա­կոյ­թը, լե­զուն ու երաժշտու­թիւնը։ Խոս­տո­վանիմ որ այս մա­սին շատ տե­ղեկու­թիւն չու­նիմ, բայց կը կար­ծեմ թէ Թուրքիոյ մէջ հայ երաժշտու­թեան ուղղո­ւած երաժշտա­կան խումբե­րը շատ չեն։

Հ.Ս.- Ի՞նչ կ՚ու­զէք յա­ւելել։

Լ.Պ.- Այս հար­ցազրոյ­ցի հա­մար շնոր­հա­կալ եմ։ Զի­րար ճանչնա­լը հարստաց­նող է։ Իրա­րու կեան­քը, արո­ւես­տը եւ երաժշտա­կան ըն­կա­լումնե­րը հասկնա­լով ալ աւե­լի կը հարստա­նանք։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ