ԲԱԳՐԱՏ ԷՈԴՈՒԳԵԱՆ
Հայեր բաղձանքով կը նշեն թէ աշխարհի վրայ քրիստոնէութիւնը, իբրեւ պետական կրօն ընդունած առաջին ազգն են։ Իր բացատրութեան մէջ որոշ արդարացում ունենալով հանդերձ հայոց այս յատկութիւնը յաճախ տեղի կու տայ ասորիներու հակաճառութեան։ Անոնք կը պնդեն թէ Յիսուս Քրիստոսի հետ նոյն լեզուով խօսող ժողովուրդ իբրեւ իրենք են առաջին քրիստոնեաները։ Արդար ընդվզում մըն է այս, քանի որ բոլորս գիտենք թէ նախքան հայոց այբուբենի գիւտը եւ թարգմանիչ վարդապետներուն մեծ արշաւը հայեր քրիստոնէական պաշտամունքը կը կատարէին կամ ասորերէն, կամ ալ յունարէն լեզուներով։
Արդարեւ քրիստոնէութիւնը ասորիներու մօտ շատ աւելի կանուխ տարածում եւ ընդունելութիւն գտած էր։
Գալով պետականութեան նոյն ասորիները շատ աւելի կանուխ կորսնցուցած էին ուրոյն թագաւորութիւնը, քան հայերս։ Ուրեմն այս բոլորը կարելի է դիտել սնամէջ նախանձի կամ մրցակցութեան անիմաստ հետեւանք մը ըլլալով։ Բայց անդին կայ պատմամշակութային, կրօնական հսկայ աւանդ մը, որու հետեւանքով թէ հայեր եւ թէ ասորիներ յաղթահարած են պատմութեան անցեալ էջերուն մէջ անհետանալու վտանգը եւ հասած են մեր օրերուն։
Ինչպէս հայերու օրինակին մէջ կը տեսնենք նմանը պատահած է ասորիներու պատմութեան մէջ եւ անոնք ալ դարերու ընթացքին իրենց աւանդական մայր եկեղեցւոյ կողքին ունեցած են կաթողիկէ եւ բողոքական շերտաւորումներ։ Այսպէս ասորի ուղղափառները յիշուած են «Սիւրյանի քատիմ» եւ մնացեալները «Սիւրյանի քաթոլիք»։
Կաթողիկէ Ասորեցւոց պատմութիւնը այժմ հաւաքուած է գեղատիպ հատորի մը մէջ։ «Ասորի Կաթողիկէ եկեղեցին Թուրքիոյ մէջ» խորագրեալ հատորը կը կրէ Պատրիարքի Փոխանորդ Եուսուֆ Արք. Սաղի անունը։
Հատորի մուտքին տեղ տրուած է Հռոմի Պենետիկտուս ԺԵ. Պապի հրովարտակին։ Այդ հրովարտակով ասորիներու Սուրբ Եփրեմը կը հռչակուի, իբրեւ եկեղեցւոյ տոքթոր։ Յաջորդաբար տրուած է Անտիոքի Ասորի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Պատրիարք Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. Յունանի այս հրատարակութեան առթիւ ուղերձը։
Ապա Արք. Եպիսկոպոս Եուսուֆ Սաղ համառօտ կը նկարագրէ համայնքի Իսթանպուլի մէջ յայտնութեան պատմականը։
Յաջորդին տեղ գտած է Թուրքիոյ Ասորի Կաթողիկէ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Օրհան Արք. Չանլըի ներածական ու շնորհակալութեան գրութիւնը։
Այս մուտքի յօդուածներէն ետք հատորի առաջին ուսումնասիրութիւնը կը կրէ «Ակօս»ի արժէքաւոր գրողներէն պատմաբան եւ հետազօտող Հանրիէթ Պասողլու Թոփուզեանի ստորագրութիւնը։ Մեր աշխատակիցը իր յօդուածին կը սկսի «Ո՞վ են ասորիները» հարցումով, որուն կը յաջորդեն ասորի կոչումի ծագումը եւ այդ ցեղախումբի արմատներու որոնումը։ Լրացուցիչ տեղեկութիւններ կը փոխանցուին Ասորի եկեղեցւոյ, գրականութեան եւ պատմագրութեան մասին։
Ապա հեղինակը կ՚անդրադառնայ մահմետականութեան, Օսմանեան Կայսրութեան եւ հանրապետական շրջանի անցուդարձներուն։
Երկրորդ յօդուածի հեղինակն է Եուսուֆ Արք. Սաղ։ Ան ալ իր կարգին կը նկարագրէ համայնքի հոգեւորականները եւ նոր ժամանակներու կարեւոր անցուդարձները։
Լուսանկարներով հարուստ այս հատորի մէջ տեղ գտած են նաեւ աշխարհիկ վարչայիններ, որոնք ստանձնած են համայնքի կենսունակութեան համար անհրաժեշտ պայմանները։
Իբրեւ եզրակացութիւն կարելի է ըսել թէ ասորի ամբողջութեան մէջ փոքրամասնութիւն կազմող կաթողիկէ համայնքի ամբողջական նկարագրականն է այս հատորը, որ իր տեսակին մէջ աննախադէպ է եւ ծաւալուն տեղեկութիւն կը պարունակէ Թուրքիոյ Ասորի Կաթողիկէ համայնքը ուսումնասիրող հետազօտիչներու համար։